Երէկ կէսօրէ առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան ապահովական խախտումներ, երբ Հըզպալլա հակադարձեց օր մը առաջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած ռմբակոծումներուն:
Այս գործողութեամբ Հըզպալլա ամրագրեց եւ վերահաստատեց 2006-ին հաստատած իր այն մարտավարութիւնը, որ «ի՛նչ որ ռմբակոծէք, մենք համահաւասար հակազարկով կ՛անդրադառնանք»: «Բացատնե՞ր կը ռմբակոծէք, բացատներ կը ռմբակոծենք»:
Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախման ոճի սկզբունքները պարզուեցան եւ հաստատուեցան, սակայն ներքին լիբանանեան առումով անոնք մտահոգութեան եւ վտանգի այլ դուռ մը բացին` Խալտէի եւ Ժըմմէյզէի մէջ բացուած վտանգի դռները փակելէ ետք:
Ներքին լիբանանեան սադրանքի եւ քաղաքացիական ընդհարումի հաւանականութեան առումով բացուած դուռը Շուայայի մէջ էր, որ հասաւ մինչեւ Տէյր Միմաս եւ Սաուֆարի մայրուղի:
Շուայայի մէջ քաղաքացիներ բացայայտեցին այն փոխադրակառքը, որուն մէջ կը գտնուէր Իսրայէլը ռմբակոծած բազմափող հրթիռային համակարգը, եւ կասեցուցին զայն` արգելակելով անոր ճամբան եւ հաստատելով, որ իրենք կը մերժեն Հըզպալլայի կատարածը:
Աւելի ուշ Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա բնակելի վայրերէ չէ որ հրթիռակոծած է Իսրայէլը, այլ պարտէզներէ:
Հասպայայի մէջ պատահածին պատճառով Սայտայի մէջ տիւրզի հողագործներու դէմ արշաւներ սկսան, իսկ աւելի ուշ, Սաուֆարի եւ Ալէյի մայրուղիին վրայ տիւրզի բնակիչներ յարձակեցան Պեքաա ուղղուող մինի վաներուն վրայ եւ խոշտանգեցին փոխադրուողները:
Լիբանանեան բանակը փութաց շրջան եւ հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեցին վերջ տալու լարուածութեան, խոհեմ վարուելու եւ միասնականութեամբ դիմագրաւելու Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար փուլը:
Նշենք, որ Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ուրբաթ, 6 օգոստոս 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին, Դիմադրութեան նահատակներ «Ալի Քամել Մուհսեն»-ի եւ «Մոհամետ Քասեմ Թահհան»-ի անուան խմբաւորումները ռմբակոծած են Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան դիրքեր` իբրեւ պատասխան օր մը առաջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան հողերուն վրայ գործուած ռմբակոծումներուն:
Իսրայէլեան Երկաթեայ գմբէթը հակակշռած էր դէպի Գալիլիա արձակուած հրթիռները: Գալիլիոյ եւ Կոլանի մէջ հնչեցին նաեւ ահազանգներ` զգուշացնելու համար շրջանի բնակիչները:
Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին լիբանանեան տարածքներ, յատկապէս Քֆարշուպայի բարձունքները:
Իսրայէլեան ուժերը նաեւ թնդանօթով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջանները:
Իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ իրենք թիրախ կը դարձնեն այն վայրերը, ուրկէ կատարուած է հրթիռակոծումը:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա երեկոյեան յայտարարեց, որ թշնամի Իսրայէլ ոչ մէկ ռմբակոծում գործած է եւ ոչ ալ հրթիռարձակումի թիրախ դարձուցած է առաւօտեան Իսրայէլը հարուածող հրթիռներուն վայրերը:
Դիմադրութիւնը հերքեց թշնամի Իսրայէլին տարածած լուրերը` շեշտելով, որ սիոնական ուժերը ոչ մէկ ռմբակոծումի ենթարկած են այդ շրջանները եւ ոչ ալ հրթիռակոծած են զանոնք:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն` կասեցնելու հրթիռարձակումը:
Նշենք, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը յայտնեց, որ ինք չի փափաքիր զինուորական գործողութիւնները աւելի եւս զարգացնել եւ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծել:
Հակառակ այս յայտարարութեան, իսրայէլեան ուժերը սահմանին վրայ կազմ ու պատրաստ վիճակով կանգնեցան, իսկ իսրայէլեան օդուժը մինչեւ ուշ երեկոյ հարաւային Լիբանանի, Շեպաայի, Արքուպի եւ Քեսրուանի վերեւ թռիչքներ գործեց:
Աւելի ուշ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց զգուշացուց Հըզպալլան, լիբանանեան բանակն ու Լիբանանի կառավարութիւնը Իսրայէլի համբերութիւնը չփորձելու:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ ահռելի կացութիւն` հաստատելով, որ իրենք կրնան այդ կացութիւնը շատ աւելի ծանր դարձնել` աւելցնելով, որ հանդարտութիւնը պիտի ընդունին հանդարտութեամբ: «Լիբանանի մէջ ոչ մէկ շահ ունինք», ըսաւ Կանց:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին լիբանանեան հողերը` պատճառ դառնալով, որ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ բացատներ հրկիզուին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ Շուայայի մէջ բանակը ձերբակալեց չորս անհատներ, որոնք հրթիռարձակում կատարած էին, եւ անոնց մօտ գտնուող բազմափողային հրթիռային համակարգը գրաւեց:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ լիբանանեան բանակի ջոկատները գետնի վրայ կը գործակցին ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հետ եւ կ՛որդեգրեն պէտք եղած ապահովական միջոցառումները` վերականգնելու համար շրջանին խաղաղութիւնը:
Շուայայի մէջ ձերբակալուած չորս անհատները աւելի ուշ ազատ արձակուեցան համապատասխան դատական ատեանին որոշումով:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական զարգացումներուն եւ բանակի հրամանատարութենէն ստացաւ համապատասխան տեղեկագիրներ, որոնք կ՛անդրադառնային բանակին որդեգրած քայլերուն, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ անոր գործակցութեան:
Նախագահ Աուն ցուցմունքներ տուաւ օժանդակելու ռմբակոծուած գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն, որոնք ստիպուած եղած էին լքել իրենց բնակարանները` յաւելեալ զարգացումներէ իբրեւ նախազգուշութիւն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ եթէ դատապարտումի հաղորդագրութիւնները իսրայէլեան գոյացութեան վայրագութեան վրայ ազդեցութիւն ունենային, ապա Պաղեստինը ազատագրուած կ՛ըլլար, եւ Իսրայէլ չէր համարձակեր Կանայի, Մանսուրիի եւ այլ շրջաններու մէջ սպանդներ գործադրել:
«Եթէ դատապարտումը բաւարար ըլլար, ապա Իսրայէլ միշտ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ չէր գործեր, ինչպէս նաեւ Լիբանան չէր ներխուժեր 1978-ին, 1982-ին, 1993-ին, 1996-ին եւ 2006-ին:
Պըրրիի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները չեն սարսափիր դատապարտումի խօսքերէն, այլ անոնք միայն մէկ լեզու կը հասկնան` «միասնականութիւնն ու Դիմադրութիւնը»:
Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային պատասխանը պէտք է ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելով` հեռու մնալով անձնական եւ համայնքային շահերէն:
Ան աւելցուց, որ գործադիր իշխանութեան պարագային Լիբանանի մէջ արձանագրուած բացթողումը Լիբանանի դէմ նոր յարձակումներ եւ բռնարարքներ գործելու Իսրայէլի ախորժակները պիտի գրգռէ` հարց տալով, որ արդեօք կարելի՞ է լրջանալ եւ գործի սկսիլ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ կատարեց շարք մը խորհրդակցութիւններ` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական զարգացումները զսպելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան յանձնառու մնալու շրջագիծին մէջ:
Տիապ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կասեցնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ օր մը առաջ իսրայէլեան ուժերուն եւ օդուժին ռմբակոծումները` Լիբանանի դէմ, թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան յստակ խախտումներ էին:
Տիապ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ եւ ստիպելու անոր` կասեցնելու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները եւ յարգելու թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հաստատեց, որ ինք մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական իր հաղորդակցութիւնները կատարած է պատկան մարմիններուն հետ` լարուածութիւնը հանդարտեցնելու նպատակով:
Վրոնեցքա կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ յանձնառու մնալու թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` պաշտպանելու համար սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանը իբրեւ մարտկոց օգտագործելը` շրջանային տագնապներու իբրեւ արդիւնք, կը նշանակէ Լիբանանը զետեղել այլոց պատերազմներու դարպասին դիմաց:
Հարիրի ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ Լիբանան մաս չի կազմեր իրանեան-իսրայէլեան բախումներուն եւ տագնապին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխանեց իսրայէլեան ռմբակոծումներուն եւ բռնարարքներուն, որոնք ամբողջ աշխարհին ծանօթ են:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Իսրայէլ պէտք է իմանայ, որ Լիբանանը բաց հրապարակ մը չէ` իր հաշիւները մաքրելու համար:
«Իսրայէլ պէտք է ըմբռնէ, որ ինք զսպուած պէտք է մնայ, այլապէս` մենք պատրաստ ենք պատասխանելու», շեշտեց ան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ մտահոգիչ է նաեւ շրջանին մէջ արձանագրուած իրարանցումը:
Ան հաստատեց, որ այսքան տառապանք շատ է լիբանանցիին համար` ընդգծելով, որ կրակով խաղալու պարգային լիբանանցիներու դէմքին փչող հուրը կրնայ ամբողջ ժողովուրդը այրել:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ Հըզպալլայի արարքները, որոնք կը ծառայեն շրջանային օրակարգերու եւ գաղափարաբանութեանց:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ իրենք կը պայքարին պետութեան մը համար, որուն մօտ կ՛ըլլայ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը, եւ պետութեան մը համար, ուր զէնքը միայն օրինական բանակին ձեռքին կը գտնուի:
Համաս ողջունեց Դիմադրութեան գործողութիւնը` դրուատելով իսրայէլեան թիրախներու ռմբակոծումը:
Համասի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ճակատամարտը պէտք է բաց մնայ բոլոր ճակատներուն վրայ: