Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Լիբանանի ծովային սահմանագծումին առումով:
Այս շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ, որ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն, ընդառաջելով լիբանանեան կոչին, յառաջիկայ շաբաթավերջին կամ շաբաթասկիզբին պիտի հասնի Պէյրութ եւ պիտի փորձէ բանակցութիւնները արագ աւարտել:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ տեղեկագիրներ ստացաւ` լիբանանեան ծովային սահմանները հասած «Էնըրճիյըն փաուըր» նաւուն շարժումներուն մասին:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ շարունակեց քննարկել հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին վերաբերող դիւանագիտական հաղորդակցութիւններուն արդիւնքներն ու ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնէն ակնկալութիւնները:
Միքաթի վերահաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը հետեւի գերիշխանական այս թղթածրարին բոլոր տուեալներուն եւ մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դրական արդիւնքներով դուրս գալու համար:
Միքաթի հաստատեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները պիտի շարունակուին անուղղակի կերպով:
Միքաթի ընդգծեց այս թղթածրարը ներքին քաղաքական հաշիւներէն եւ բանավէճերէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի բոլոր լիբանանցիներուն եւ կը պահպանէ Լիբանանի իրաւունքը` տէր կանգնելու իր բնական հարստութեան եւ ապահովական կայունութեան:
«Ահըտ» կայքին համաձայն, Լիբանանի նաւթային հարստութիւնը երեւակայական է եւ միլիառաւոր տոլարներ կ՛արժէ, եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի իշխանութեան օրով Լիբանան իր ջուրերուն մէջ գտնուող տնտեսական շրջանին մէկ կարեւոր բաժինը կորսնցուցած է:
«Շրջան մը, որ մեծ քանակով նաւթ եւ բնական կազ կը պարունակէր: Իսկ անցեալ կիրակի օր յունական «Էնըրճիյըն փաուըր» նաւը մուտք գործած է այն շրջանը, ուր գոյութիւն ունի Քարիշի նաւթահորը, որպէսզի շարունակէ գողնալ լիբանանցիներուն պատկանող բնական հարստութիւնը, որ երկրին հարցերը կրնար լուծել` զարգացնելով անոր ենթակառոյցները եւ վերահաստատելով դասակարգային հակակշիռը», կը նշուի կայքին մէջ:
Նոյն կայքին համաձայն, լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթային ու կազային հարստութիւնը 370 միլիառէն 1700 միլիառ տոլարի միջեւ կը տարուբերի:
Այս առումով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է գործնական քայլերու դիմելու, ինչպէս նաեւ ուժ կիրարկելու լիբանանեան կազը գողցող սիոնական պեղումներուն դէմ` այն ատեն, երբ Լիբանանի կառավարութիւնը կը յայտարարէ, թէ թշնամի Իսրայէլ ոտնձգութիւն գործած է Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ:
«Երբ լիբանանեան պետութիւնը կը յայտարարէ, թէ իսրայէլացիները կը յարձակին լիբանանեան ջուրերուն եւ նաւթային հարստութեան վրայ, ապա մենք պատրաստ ենք մեր ներդրումը ունենալու եւ իսրայէլացիները հեռացնելու լիբանանեան ջուրերէն: Մենք կրնանք օգտագործել զանազան միջոցներ, որոնց շարքին նաեւ ուժ` արգիլելու համար Իսրայէլը` լիբանանեան ջուրերուն եւ նաւթին մօտենալէ», հաստատեց Քասեմ:
Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան ժամկէտ չէ որ կը ճշդէ, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը կը գերադասէ բոլորը եւ իբրեւ այդպիսին ինքն է, որ կը ճշդէ իր ընթացքն ու տալիք որոշումները: «Սակայն մենք կը քաջալերենք, որ լիբանանեան պետութիւնը աւելի արագ տայ այդ որոշումները` ճշդելով, թէ ծովային այդ շրջանները վիճելի՞ են, թէ՞ ոչ», հաստատեց ան:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին կոչ ուղղեց վերսկսելու ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն` առանց զիջումներու եւ յաւելաբանութիւններու ամրագրելու համար Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանները:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի իրաւունքներուն պահպանումը գերիշխանական պարտականութիւն է, որ կարելի չէ սակարկութեան ենթարկել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումին առումով իրենք կը զօրակցին որեւէ ջանքի, որ կ՛օժանդակէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան տիւ Ժարիք հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն զօրակցելու:
«Կը քաջալերենք Լիբանանն ու Իսրայէլը իրենց միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով», նշեց ան:
Լիբանանեան ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցող բանակի թեքնիք պատուիրակութեան պետ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եասին «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 28 դեկտեմբեր 2021-ին լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ՄԱԿ-ին յղուած նամակին մէջ նշուած է, թէ Քարիշի նաւթահորը կը գտնուի ծովային վիճելի շրջանի մէջ:
Ան հաստատեց, որ Իսրայէլ ներկայիս չէ որ պեղում կը կատարէ, այլ այդ աշխատանքին սկսած է 2013-էն ի վեր, «սակայն ներկայիս այդ նաւը Քարիշ բերելով կը միտի կազի արտահանում կատարել, եւ ասիկա լուրջ ու մեծ հարց է», հաստատեց Եասին:
Ան դարձեալ շեշտեց, որ Լիբանանին կը սպասեն դժուար օրեր ճնշումներ եւ ծանր պայմաններ, որոնք երկրին դիմաց բոլոր ընտրանքները բաց կը ձգեն:
Հըզպալլայի միջամուխ դառնալու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Եասին վերահաստատեց, որ Լիբանանի դիմաց բոլոր ընտրանքները բաց են` աւելցնելով, որ Լիբանանի նկատմամբ յանձնառու գտնուող իւրաքանչիւր անհատ պէտք է պատրաստ ըլլայ պաշտպանելու Լիբանանը: «Իսկ Դիմադրութեան զէնքը այն զէնքերէն է, որ Լիբանան կ՛օգտագործէ պաշտպանելու համար իր հողն ու իրաւունքները», ընդգծեց Եասին: