Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ գտնուող լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ երկրին մէջ կայ քաղաքական ուժ մը, որ պատասխանատու է այս կառավարութեան: «Եթէ այդ պատասխանատու կողմը որոշած է լքել այս կառավարութիւնը, ապա այդ իմաստով մենք ոչ մէկ կապ ունինք», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ ոչ ոք իրեն հետ քննարկած է վարչապետի պաշտօնին վերադառնալու կարելիութիւնը:
Բայց եւ այնպէս ան նշեց, թէ վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու պարագային ինք իր նախապայմանները յստակօրէն ճշդած է:
Դէպի Արեւելք ուղղուելու առումով, Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանը չէ ունեցած կառավարութիւն մը, որ Արեւելքին հետ խնդիր ունեցած է, ընդհակառակն` Լիբանանի կառավարութիւնները միշտ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած են ե՛ւ Արեւելքին ե՛ւ Արեւմուտքին հետ, «սակայն ոմանք կը կարծեն, թէ Չինաստան Լիբանանը պիտի ֆինանսաւորէ եւ ներդրումներ պիտի կատարէ, առանց բարեկարգումներ շօշափելու», աւելցուց Հարիրի:
Ան զգուշացուց երկրին իշխանութիւնը կամ կառավարութիւնը` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկելէ` խոստանալով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը այս իմաստով շատ խիստ կեցուածք պիտի դրսեւորէ:
Ան զարմանք յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ երկրին մէջ տիրող տագնապը մնայուն կերպով կը ներկայացնէ իբրեւ դաւադրութիւն: «Ան կ՛անտեսէ ելեկտրականութեան, հաղորդակցութիւններուն կամ մազութին մասին բարեկարգումներու մասին խօսիլը, ընդհակառակն թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը այն երկրին, որմէ Լիբանան նիւթական օժանդակութիւն կը պահանջէ», ըսաւ Հարիրի` ընդգծելով, որ բարեկարգումն է այն գաղտնաբառը, որ կրնայ փրկել Լիբանանը:
Երեկոյեան Հարիրի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ապա այցելուները դարձան Հարիրիի ընթրիքի հիւրերը:
Նշենք, որ Հարիրի կէսօրին ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ երկրին մէջ դրական ոչինչ մնացած է` աւելցնելով, թէ պէտք է աշխատիլ Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները համախմբելու իմաստով աշխատանք պէտք է տարուի` ընդծելով, թէ այս իմաստով Հարիրի հիմնական անձնաւորութիւն է:
«Այս բնակարանը համախոհութեան օրրան է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկիրը փրկել եւ բոլոր մակարդակներու վրայ պայմաններու վատթարացումը կանխարգիլել:
«Անձնական համոզումս այն է, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը վերակազմաւորման կարիք ունի: Կոչ կ՛ուղղեմ վարչապետ Հասսան Տիապի, որ այլ կառավարութիւն մը կազմելու ուղղութեամբ գործէ», հաստատեց Ֆըրզլի: