Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ, 12 յունիս 2021-ին, կէսօրին այցելեց Տար Ֆաթուա` մասնակցելու համար Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին:
Հարիրի դիմաւորուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Նախքան խորհուրդի նիստին գումարումը, Հարիրի եւ միւֆթի Տըրիան ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:
Ապա Հարիրի մասնակցեցաւ Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին, որմէ ետք Տար Ֆաթուայէն յայտարարեց, որ ինք խորհուրդին եւ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուցած է նախորդ եօթը ամիսներուն ընթացքին իր դիմագրաւած դժուարութիւնները` կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն շրջագիծին մէջ:
«Նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ շինիչ եւ կարեւոր քննարկում: Երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ քաղաքական հետզհետէ վատթարացող վիճակ: Ես յանձնառու կը մնամ հայրենիքին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ խորհուրդին նկատմամբ, իսկ ի վերջոյ մեզի համար կարեւորը հայրենիքն է: Քննարկումները այս շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան, եւ աւելի ուշ կարելի է խօսիլ այս մասին», ըսաւ Հարիրի մեկնումի պահուն:
Իր կարգին, Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը պիտի չարտօնէ, որ նշանակեալ վարչապետին իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններ կատարուին` աւելցնելով, որ խորհուրդը կը զօրակցի վարչապետին իրաւասութիւններուն` սահմանադրութեան հիման վրայ:
Նշենք, որ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի, Թամմամ Սալամի եւ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ բոլոր ընտրանքները առկայ են, սակայն ինք այդ ընտրանքներէն մէկը առանձինն պիտի չընտրէ, այլ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդին եւ նախկին վարչապետներուն հետ համադրելով:
Հարիրի ընդգծեց, որ ինք կառչած կը մնայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա ուղղակիօրէն ազդուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ծրագրած փրկութեան նախաձեռնութենէն, որ երկիրը կրնայ փրկութեան հասցնել:
Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան անդրադառնալով` Հարիրի ըսաւ, որ Սաատ Հարիրի կը նշանակէ Նեպիհ Պըրրի եւ Նեպիհ Պըրրի կը նշանակէ Սաատ Հարիրի` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը կը կեդրոնանայ անոր վրայ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յապաղեցնող արգելքներ կը զետեղէ:
Հարիրի հաստատեց, որ Պըրրի միակ անձնաւորութիւնն է, որ զինք չէ լքած, այլ միշտ զօրակցած է իրեն: Ան շեշտեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է Պըրրիի հետ եւ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահին: