Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մը մէջ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան իմաստով ցարդ արձանագրուած զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: