Ռոզէթ Ալեմեան Մահսերեճեան
Էշրեֆիէի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի ծննդոցն ու հարիւրամեայ երթը սերտօրէն առնչուած են լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման, տարիներու ելեւէջներուն եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն, հասնելով մինչեւ 2022 թուականը:
Ներկայիս, Էշրեֆիէի բարձրունքին վրայ , Հայ Աւետարանական եկեղեցիի կողքին կը գործէ հարիւրամեայ պատմութիւն կերտած Հայ Աւետ. Կեդրոնական վարժարանը տնօրէնութեամբ Տիկ. Մարալ Տէյիրմենճեանի (2007-էն սկսեալ): Վարժարանը մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական 12րդ բաժին կը պարփակէ 316 աշակերտներ եւ 59 ուսուցիչ-պաշտօնեաներ: Դժբախտաբար, Օգոստոս 4-ի չարաբաստիկ պայթումը մեծ վնասներ պատճառեց դպրոցաշէնքին եւ եկեղեցիին, սակայն շնորհիւ Ամերիկայի Աւետարանչական Ընկերակցութեան, վարժարանի շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու ճիգերուն, հիմնապէս վերանորոգման ենթարկուեցաւ:
Այսօր, հակառակ Լիբանանեան ճգնաժամի պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր վիճակին, վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը մեծ զոհողութիւններու գնով գերագոյն ճիգ կը թափեն որ հայ աշակերտը դպրոցազուրկ չմնայ եւ հայ ուսուցիչը արժանապատիւ կեանք ունենայ:
Հայ Աւետարանական Վարժարանի առաքելութիւնը միշտ ալ եղած է գիտութիւն, ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբել արդի գիտական, դաստիարակչական եւ մանկավարժական մեթոտներով , շեշտը դնելով Հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան վրայ: Այդ մասին կը վկայեն վարժարանի հարիւրաւոր շրջանաւարտները, որոնք իրենց նուաճած բարձունքներով լաւագոյնս կը ծառայեն հայկական տարբեր գաղութներէն ներս, որպէս կառավարական պաշտօնեաներ, վաճառականներ, բժիշկներ, երաժիշտներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, հոգեւոր հովիւներ, ճարտարապետներ: Նաեւ որպէս Լիբանանցիներ, տեղական լեզուին,գրականութեան եւ մշակոյթին տիրանալով կը սատարեն երկրի վերելքին:
Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ինքնանպատակ ուսում չեն ստանար, կը մասնակցին գաղութի մէջ կազմակերպուած զանազան մարզական, մշակութային գործունէութիւններու եւ մրցանքներու, յաճախ ապահովելով պատուաբեր դիրքեր:
Ի՞նչպէս հիմնուեցաւ եւ կառուցուեցաւ Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը:
Արդարեւ, Մեծ Եղեռնէն, բռնագաղթէն ու մանաւանդ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Միջերկրական արեւելեան ափերը ապաստանած հայութիւնը՝ անմիջապէս կը լծուի օտար հողի վրայ Հայ կեանք վերականգնելու անյետաձգելի աշխատանքին: Այս սրբազան գործին առաջին առաքեալներէն մէկը կ’ըլլայ Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան, որ զգալով աւետարանական կրթարանի մը անհրաժեշտութիւնը, գործնական քայլերու կը դիմէ, հիմը դնելով նախակրթարանի մը, նպատակ հետապնդելով հայեցի տոհմիկ, աւետարանական կրթութիւն տալ ու գիտական օգտակար գիտելիքներով եւ սկզբունքներով օժտուած հայ նոր սերունդներ թրծել:
16 Մայիս, 1922 թուականին այս վարժարանին առաջին ճիւղը Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի նախաձեռնութեամբ , կը հիմնուիՊէյրութի Ատանա ապաստարանի բնակարանին մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Սէն Միշել եւ Նոր Հաճըն շրջաններուն միջեւ։ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն գաղթած խլեակներու զաւակներ կը հաւաքուին անշուք կրթավայրին գիրկը, կազմելով մօտաւորապէս 120 աշակերտներ: Դպրոցը թիթեղաշէն կառոյց մըն էր՝ քանի մը սենեակներէ բաղկացած եւ շրջապատուած մէկ մեթր բարձրութեամբ կտաւէ ցանկապատով մը:
Դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենային շատ խեղճ պայմաններու տակ. ձմեռը անձրեւն ու հովը ազատ մուտք ունէին թիթեղաշէն պատերուն ճեղքերէն: Միւս կողմէ՝ տարբեր դասարաններու դասաւանդութիւններու ձայները զիրար կը խանգարէին: Իսկ գարնան ու ամրան՝ տաքն ու փոշին առաւել կը դժուարացնէին ուսումնական գործը:
Կարճ ժամանակ մը ետք, նոյն թուականին (Հոկտեմբեր, 1922) հիմնուեցաւ երկրորդ աւետարանական դպրոց մը Իսկենտերուն ապաստարանի բնակարանին մէջ, շուրջ 200 աշակերտներ ունենալով:
1924-ին այս երկու դպրոցները միանալով, միասին կազմեցին վարժարանը մը որուն անունը եղաւ՝ «Հայ Աւետարանական Երկսեռ Վարժարան»: Այս դպրոցին պաշտօնական արտօնագիրը կը ստորագրուի 12 Օգոստոս, 1925 թուականին, Զօր. Սարայի կողմէ իբրեւ լրիւ նախակրթարան: 1927-ին կ’ունենայ մանկապարտէզի բաժին:
Իսկ 10 տարիներ ետք, դպրոցը կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Էշրեֆիէ շրջանը: Վարժարանը կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն հին կրթական հաստատութիւններէն մէկը: Վերապատուելի Հենրի Պարնըմ Րիկզի նուիրատութեամբ՝ Էշրեֆիէի հայահոծ շրջանին մէջ, դպրոցի եւ եկեղեցիի նոր շէնք մը կը կառուցուի ի յիշատակ նուիրատուին կնոջ եւ դստեր, որոնք զոհուէր էին Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայութեան ծառայութեան ատեն:
Այս կերպով, 20 Մարտ, 1932-ին, հիւղաւանի խեղճուկ պայմաններէն դուրս կու գայ դպրոցը եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական ծառայութիւնը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, մինչեւ 1938: 1939-1940, դպրոցը կ’օժտուի Է. եւ Ը. Դասարաններով: 1945 թուականէն սկսեալ, դպրոցը կը կոչուի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան: 1945-ին կու տայ իր առաջին հունձքը Երկրորդական բաժինէն: Կը վերանուանի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան:
1946-ին տնօրէն կը նշանակուի Մանասէ Շնորհօքեանը: Բացումը կը կատարուի դպրոցին ճոխ գրադարանին: Իսկ 1947-ին Կը նշուի դպրոցին հիմնադրութեան քսանհինգամեակը: 1948-ին կ’օժտուի ԺԱ. դասարանով մը, որով կ’ամբողջանայ նախակրթարան-միջնակարգ-երկրորդական կառոյցը:
Տնօրէն կը նշանակուի Պետրոս Յակոբեան (1956): Աւարտական երկու դասարանները կը բաժնուին Գիտական եւ Արուեստից ճիւղերու: Աւարտական աշակերտներ կը մասնակցին Լոնտոնի Առեւտրական Գրասենեակի քննութիւններուն: Ամերիկեան Համալսարանը կ’առանձնաշնորհէ դպրոցը ազատ մուտք տալով շրջանաւարտ սաներուն:
Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի նոր շէնքին բացումը կը կատարուի 1969-ին:
1975-ին վարժարանի (1945-1975) երեսնամեայ շրջանին հունձքը կ’ըլլայ 633 շրջանաւարտներ: Եւ տնօրէն կը նշանակուի Արամ Պուլղուրճեանը:
Արդարեւ, 1975-ին, Լիբանան կը մխրճուի տասընհինգամեայ երկարատեւ, ճգնաժամային տագնապալի ճախճախուտի մը մէջ: Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմը իր տխուր, շատ ծանր հետեւանքներն ու անդրադարձը կ’ունենայ բոլորին վրայ:Ապահովութիւնը պատճառ կը դառնայ որ Լիբանանի կրթական ցանցը փակէ իր դպրոցները, ակամայ կորսնցնելով 1975-1976 կրթական տարեշրջանը: 1977-ին Երկրորդական բաժինը կ’ունենայ իր երրորդ դասարանը՝ 12-րդ Լիբանանեան պետական Բ. Պաքալորէայի Ուսողութեան եւ Փորձառական Գիտութիւններու բաժիններով:
1 Հոկտեմբեր, 1980-ին Լիբանանահայ կրթական վերին մարմիններու որոշման համընթաց, Կ. Բ. Վ.ը կը վերահաստատէ նիւթական թերացումի կամ անկարելիութեան պատճառով հայ աշակերտը ուսումէ չզրկելու իր անգիր օրէնքը:
1990-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը հիմնուի Կ. Բ. Վ.ի Շրջանաւարտներու Միութիւնը: Իսկ 1992-ին կը հիմնուի անձեռնմխելի հիմնադրամ: Վարժարանը իր 70-րդ ամեակը կը տօնէ 1992 թուականին, հրատարակելով դպրոցին յուշամատեան ալպոմը:
1975-1990 մէկուկէս տասնամեակը Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ պատերազմի շրջան, իսկ վարժարանին պատմութեան մէջ՝ իբրեւ պատերազմի փորձաքարին տոկացող եւ գոյատեւումի հանգրուան մը:
Այսօր եւս, կը հաւատանք թէ բազում դժուարութիւններ դիմակալած Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը Տէրոջ յոյսին ապաւինելով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ նորահաս սերունդին մօտ անմառ պահէ հաւատքի եւ գիտութեան ջահը, պատրաստելով քրիստոնեայ եւ գիտակից առաջնորդներ, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն՝ մանաւանդ եկեղեցական, կրթական եւ ազգային մարզերու համար: