ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հարիւր տարիներ առաջ, 1918ին, հոյլ մը հայորդիներ, գիտակից հայ ժողովուրդի յետ-Եղեռնեան անմորմոք ցաւին եւ կսկիծին ու անսալով Աւետարանի սրբազան պատգամին՝ ծնունդ տուին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան:
Քսանեօթը տարիներ առաջ, 1991ին, անսալով ցեղի ձայնին եւ հայրենի հողի կանչին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ոտք դրաւ ինքնավար եւ ինքնիշխան, նորանկախ Հայաստանի եւ Արցախի բազմա-հազարամեայ հողին վրայ:
Մնացեալը պատմութեան կը պատկանի եւ անոր վկայութիւնն է: Յետ-Եղեռնեան Միջին Արեւելքի անապատներուն մէջ կեանքի բարակ թելին նախախնամական հրաշքով փաթթուող զանգուածներու, գաղթականական հոսանքներու բերումով աշխարհասփիւռ տարածուող հայութեան եւ յետ-անկախութեան հայրենիքի խարսխեալ հզօրութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հոգեւոր, իմացական եւ ֆիզիքական բարօրութիւնը նպատակ ունենալով, Աւետարանչականը լուռ եւ անտրտունջ ծառայեց հայ ժողովուրդին:
Սկսելով պատմական հայրենիքի շրջապատին մէջ զինք գրկաբաց ընդունող արաբական ասպնջական երկիրներէն մինչեւ Եւրոպան եւ Ամերիկաները կայք հաստատող եւ վերջապէս Հայաստանի ու Արցախի հեռաւոր սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդին՝ Աւետարանչականը մատուցեց իր բազմաշերտ ծառայութիւնները:
Անխարդախ սիրով եւ համապարփակ ոգիով Աւետարանչականը իր հոգածութեան հովանին տարածեց այրիացած մօր, որբացած որդւոյն, անտէր մանուկին, հիւանդ պատանիին, անղեկ երիտասարդին, անխարիսխ չափահասին, կրթութիւն եւ գիտութիւն տենչացող ուսանողին, տարեցին եւ թոշակառուին վրայ: Անոր ուշադրութեան առարկայ դառձաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայրենակորուստ զանգուածներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի աղէտահար հայութիւնը, անկախ հայրենիքի քաղաքացին, սահմանամերձ հայ գիւղը եւ գիւղացին, բանակն ու զինծառայողը, վիրաւորն ու հիւանդանոցը, նահատակ հերոսի ծնողն ու զաւակները, բոլորին առողջութիւնն ու կենսամակարդակը, ուսումն ու զարգացումը:
Աւետարանչականը, դարաւոր Մայր եկեղեցիի սրբազան առաքելութեան կողքին, խիզախօրէն տարածեց Աստուծոյ խօսքը, բաժնեց Քրիստոսի բարի լուրը եւ հաւատքի ակունքներուն առաջնորդեց հայ անհատը:
Ակնարկելով Աւետարանչականի հիմնադրութեան անհրաժեշտութեան՝ ընկերակցութեան առաջին գործադիր քարտուղար վեր. Գալայճեան կը բացատրէ. «Մենք հիմնեցինք Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը այն պատճառով, որ մենք մեր ամբողջ հոգիով կը հաւատայինք, թէ մարտիրոսացեալ հայ ազգը պիտի ապրէր իբրեւ ազգ …ծառայելու որպէս ջահակիր քրիստոնէական բարձր քաղաքակրթութեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն մէջ: Ուրեմն, հարկ եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով սատարել մեր ազգային հոգեւոր վերաշինութեան գործին: Համոզուած էինք, թէ հայկական հարազատ ոգիով տոգորուած Աւետարանական եկեղեցին, իբրեւ հոգեւոր եւ բարոյական զօրաւոր ազդակ, կարեւոր ու կենսական դեր ունի կատարելիք ազգապահպանման եւ ազգային վերաշինութեան մեծ գործին մէջ»:
Ա՛հա Աւետարանչականը՝ երէկ, այսօր եւ վաղը:
Այսօ՛ր, աւելի քան երբեք, նորոգուած խինդով եւ լարուած հաւատքով կը դիմաւորենք ապագան, բեռնաւորուած անխախտ յանձնառութեամբ եւ պինդ կամքով շարունակելու աւելի փայլուն գալիքի մը տենչացող մեր առաքելութիւնը:
Եւ կ՛ուխտենք՝
Ա. Աստուծոյ
Իբրեւ ազգ՝ մենք տեսած ենք Աստուծոյ շնորհքը յարութեան մէջ մեր ժողովուրդի, որ անցած է մահուան շուքի ձորով:
Որպէս կազմակերպութիւն՝ մենք վայելած ենք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը եւ օրհնութիւնը Աւետարանչականի առաքելութեան եւ մէկ դարեայ կեանքին մէջ:
Ուստի կ՛ուխտենք շարունակել մեր առաքելութիւնը նուիրուած եռանդով եւ խանդավարութեամբ՝ անսասան կերպով տարածելով Աստուծոյ Խօսքը եւ Աւետարանի բարի լուրը մեր ազգակիցներուն եւ այլոց հետեւելով Մեծ Առաջադրանքին (The Great Commission) «Գացէք բոլոր աշխարհը ու Աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն» (Մարկոս 16:15)։
Բ. Մեզ վստահողներուն եւ մեր անդամներուն՝
Կ՛ուխտենք շարունակել ծառայել եւ գործել հիմնուած այն սկզբունքներուն վրայ, որոնք առաջնորդած են մեր գործունէութեան ուղին անցեալին, այսօր եւ վաղը: Ուղղամտութեան, հաշուետուութեան, թափանցիկութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքներուն վրայ:
Գ. Նոր Սերունդին՝
Մենք օրհնուած ենք հիանալի եւ խոստմնալից երիտասարդ սերունդով մը, որ կը գտնուի Աւետարանչականի (եւ ազգին) ղեկավարութիւնը ստանձնելու հրամայականին առջեւ: (վկայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յաղթանակ կերտող Մայիսեան սերունդը:)
Կ՛ուխտենք լաւագոյնս կառավարել եւ տնտեսել մեր նախնիներու ձեռքբերումները եւ տքնիլ իրականացնել մեր հարիւրամեայ դրամահաւաքի արշաւի նպատակները:
Նաեւ կ՛ուխտենք ստեղծել անհրաժեշտ աղբիւրները ապագայի կարիքները յաղթահարելու համար:
Եւ վերջապէս մեր ուխտը՝
Դ. Մեր Ժողովուրդին.
Ո՛չ կայսրութիւններ եւ ո՛չ կառոյցներ: Մեր ուշադրութեան առարկան հայ անհատն է:
Մենք կ՛ուխտենք բարեփոխել անհատին կեանքը: Մեր հաւաքական գործունէութիւնը կարելի է ամփոփել այն հասկացողութեամբ, թէ մենք ինչպէս կրնանք ազդել մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական բարեկեցութեան վրայ՝ Սուրիոյ թէ Արցախի, Միջին Արեւելքի թէ Եւրոպայի, հայրենիքի թէ Ամերիկաներու մէջ:
Աւետարանչականը, «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան եւ Ընդգրկելով Ապագան» (Faithful to Our Legacy and Embracing the Future)՝ կ՛ուղղուի յառաջ:
Եկէ՛ք քալենք միասին:
Փա՛ռք Աստուծոյ եւ յաւերժութիւն հայոց աշխարհին: