«Մենք Գործենք, Որպէսզի Լիբանանահայութիւնը Չկորսնցնէ Իր Ուժականութիւնը»
Մարդկութեան ապրած վերջին տագնապին՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, լիբանանահայութեան՝ առանց յուսահատելու անոր դէմ դնելու արժէքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նաեւ՝ գաղութին զօրակցելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ներկայացուցիչ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան «Ասպարէզ»ի հետ ունեցած հետեւեալ հարցազրոյցին ընթացքին.
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Վերապատուելի՛, այսօր ամբողջ աշխարհը կը դիմագրաւէ «Քորոնա» ժահրին համաճարակը, որուն դէմ յանդիման կանգնած է համայն մարդկութիւնը, նաեւ ու բնականաբար՝ հայութիւնը։ Այս մարտահրաւէրը մեծ, վտանգաւոր եւ աննախընթաց է, ինչ որ տուն կու տայ վախի, յուսալքումի եւ անորոշութեան։ Այս առիթով ի՞նչ է ձեր յորդորն ու խորհուրդը համայն հայութեան։
ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ.- Յաճախ չէ, որ համայն մարդկութիւնը ինքզինք բացայայտ կերպով կը գտնէ դէմ յանդիման սպառնալիքի մը, որ չի ճանչնար տարբերութիւն զարգացումի, տնտեսութեան, աշխարհագրութեան, կրօնի կամ անձնական մակարդակի: Եթէ կը գտնուին տարբերութիւններ, թերեւս անոնք կը վերաբերին նախազգուշութեան աստիճանի, անհատական, ընկերային, բարոյական եւ պետական իմաստութեան ու տոկունութեան, եւ կամ՝ ժողովուրդներու գիտակցութեան աստիճանի ու կենցաղավարութեան:
Պետութիւններ աւելի պատրաստութիւն կը տեսնեն երեւելի եւ երեւակայելի ուժերու դէմ, որոնք լուրջ սպառնալիք կը սեպուին, քան աւելի աւերիչ սեպուող ապագայի անորոշութիւններուն դէմ, որոնք կը պահանջեն բարձր բարոյականութիւն, մարդկային արդարութիւն, դիմակայելու կամք, առողջապահական պատրաստուածութիւն, եւ զօրակցութիւն ու ընկերահոգեբանական կայունութիւն:
Որպէս հայեր, ամէն կողմ, անգամ մը եւս ունինք առիթը վերագտնելու մեր հոգեկան դիմադրողականութիւնը, որ քանդակուած է մեր մէջ դարեր շարունակ, երկրորդ, ունինք կարիքը զարգացնելու համահայկական ազդու եւ բարձրորակ գործակցութեան մշակոյթի մը, որով մենք միշտ պիտի վայելենք փոթորիկներու դէմ դնելու տոկունութիւն, իսկ անծանօթ սպառնալիքներու հետ վարուելու ճկունութիւն միաժամանակ: Հայը այսօր եւ ամէն ժամանակ պարտի հաւասարակշռել բոլորին ծանօթ եռեակ մը՝ հաւատք, յոյս եւ սէր: Հաւատք մնալու կեանքի պատնէշին վրայ ամրութեամբ եւ տեսնելու այնպիսի հորիզոն մը, որ կը հասնի յաւիտենականութեան սրտին. յոյս տեսնելու ամէն դժուար օրուան վաղն ու բարին. եւ սէր մնալու մտքով ու հոգիով խոնարհ եւ բաց գործակցութեան, նուիրաբերման եւ ծառայութեան: «Քորոնա»ի ստեղծած իրավիճակը պէտք է ըլլայ սթափեցնող եւ չափանիշներ շրջող: Որքան դիպուկ է Սրբազան Առաքեալի մէկ խօսքը այսօր. « Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը»։ Ա. Կորնթացիս 1.20
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Տարբեր դժուարութիւններու կողքին, այս ժահրը նաեւ տնտեսական տագնապի պատճառ դարձաւ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ յառաջիկայ փուլին ալ։ Այս տագնապէն ծանրօրէն ազդուած է յատկապէս լիբանանահայութիւնը, որ նախորդ տարուընէ արդէն ժողովրդային շարժումին բերումով, իսկ անկէ առաջ ալ, լիբանանեան կեանքին մէջ առկայ փտածութեան պատճառով կը դիմագրաւէր ընկերային-տնտեսական շատ մեծ տագնապներ։ Խնդրեմ նախ անդրադառնաք հայութեան կեանքին մէջ լիբանանահայութեան արժէքին եւ դերակատարութեան։
ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ.- Ամբողջ դար մը շարունակ լիբանանահայութիւնը կատարած է դարբնոցի ազդու գործ: Նիւթը կը վերաբերի հայկական ազգայինին, եկեղեցական կազմակերպչականին, լեզուամշակութային ստեղծագործականին, կրթական մասնագիտականին, տնտեսաքաղաքական արդիւնաւէտականին, եւ աւելին: Այսօր Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը չեն ներկայացներ փառքի եւ ինքնաբաւութեան պատկեր մը, այլ կը գտնուին դիւրաբեկ դառնալու սպառնալիքին ներքոյ: Քիչեր կը յիշեն, սակայն, թէ ինկած բեկորներ կրնան նաեւ ստանալ նոր եւ ներշնչող հոգի, եթէ օղակէն ներս ու դուրսը գտնուողներ պահեն ամէնէն կարեւորը. այսինքն գոյութեան, ինքնութեան, ազատութեան, փրկութեան, զոհաբերութեան եւ բազմիմաստ փոխադարձ աջակցութեան առաջնորդող իրենց կոչումը: Կան ժամանակներ վերլուծութեան, նոյնիսկ ժամանակներ անկեղծ բեւեռացումներու, բայց հիմա ժամանակն է անմիջական զօրակցութեան:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այսօր լիբանանահայութիւնը այս տագնապէն դուրս գալու համար կարիք ունի տարբեր գաղութներու օժանդակութեան։ Ձեր կոչն ու պատգամը։
ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ.- Լիբանանահայութեան մօտ ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք ընկերային ու տնտեսական անկումներու եւ հաստատութիւններու ստացած ցնցումներու եւ նոյնիսկ փակման: Միաժամանակ, դրականօրէն ականատես ենք ու պիտի ըլլանք նաեւ որոշ մակարդակի կազմակերպուած աշխատանքի, որ պէտք է աւելի թափ ու նիւթ ստանայ, որպէսզի գաղութը, կառոյցներով, ընտանիքներով եւ անհատներով, մնայ հաւասարակշռուած: Որքան ալ ծանր ըլլան պայմանները, Աստուծոյ շնորհքով ու մարդոց աշխատանքով լիբանանահայը կը պահէ ու պիտի պահպանէ իր ուժականութիւնը: Կը մնայ, որ համբերութեամբ, արդարութեամբ, տեսիլքով ու անհաշիւ նուիրումով պահենք լիբանանահայուն հարազատ շունչը, սպառնալիքի ենթարկուած անոր մարմինին մէջ: Կրնայ թափած ըլլալ ուժը, բայց մենք գործենք, որ լիբանանահայութիւնը չկորսնցնէ իր ուժականութիւնը: Ըլլանք առաքեալները մեր ժամանակներուն եւ գործնական քայլերով ու աննկուն կամքով դիմագրաւենք այսօրուան փոթորիկը: