Զրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Դուք ծնած էք Մոսկուա, տեղափոխուած էք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, իսկ ձե՞ր ծնողքը
Հայրս ծնած է Սիւնիքի Կապան քաղաքը, մայրս՝ Արցախի Մարտակերտի շրջանին Թալիշ գիւղը։ Ծնողքս հանդիպած եւ պսակուած են Երեւանի մէջ եւ 1976 թուականին տեղափոխուած են Մոսկուա։ Ես ծնած եմ Մոսկովա 1980 թուականին: 19 տարեկանին տեղափոխուած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 28 տարեկանին վերադարձած եմ Մոսկուա:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելու հիմնական նպատակը եղած է համալսարանական կրթութիւն ու մասնագիտութիւն տիրանալու ցանկութիւնը, իսկ ձե՞ր մասնագիտութիւնը, խնդրեմ
2002 թուականին ընդունուած եմ եւ 2002 թուականին աւարտած եմ Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիայի համալսարանը՝ ուսանելով «Ծրագրաւորում» մասնագիտութիւնը։ Երկրորդ բարձրագոյն կրթութիւնս Ռուսիա ստացած եմ 2003 թուականին՝ աւարտելով Մոսկուայի տնտեսական համալսարանին «Միջազգային դրամաֆինանսական գործարքներ» մասնագիտութիւնը: 2005 շարունակած եմ ուսումս Հարվըտի համալսարանին մէջ՝ «MBA/General management» ուղղութիւնով, ուր 2007 թուականին ստացած եմ մագիստրոսի կոչումը:
Ձեր գործունէութեան առաջին քայլերը եղած են մասնագիտական IT ծրագրաւորում ոլորտի մէջ, ո՞ր երկրի եւ ընկերութիւններու մէջ, խնդրեմ
Առաջին մասնագիտական քայլերս եղած են IT (ծրագրաւորում) ոլորտին մէջ։ 2002 թուականին դասաւանդած եմ Ծրագրաւորում Ֆիլատելֆիայի համալսարանին մէջ, յետոյ 2002-2005 թուականներուն աշխատած եմ որպէս ծրագիրներու նախագիծող միջազգային «Քսերոքս» ընկերութեան մէջ։
Շուկայագիտութեան մասնագէտի որոկաւորում ստանալէ ետք 2006-2008 թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ճոնսոն եւ Ճոնսոն» ընկերութեան մէջ զբաղած եմ բժշկական սարքաւորումներու համար շուկայագիտութեան ռազմավարութիւններուն մշակումով, յետոյ՝ Ռուսիոյ մէջ GPS համակարգերու մշակումով:
2008-2010 թուականներուն աշխատած եմ որպէս մասնաւոր ընկերութեան պիզնես խորհդատու՝ կեդրոնանալով Ռուսիոյ եւ յետխորհրդային երկիրներու կրթական հաստատութիւններու զարգացումով:
2010 թուականին կազմած եմ իմ անձնական համալսարանս, որ հիմնուած էր ժամանակակից հեռահար կամ հեռավար առցանց արուեստագիտութեան Technology վրայ: Հեռավար Համալսարանիս մէջ կ՛ուսանէր աւելի քան 1000 աշակերտ:
2012 թուականէն ի վեր ես Ռուսիոյ մէջ գործող մասնաւոր խորհրդատուական ընկերութեան գործընկերներէն մէկն եմ: Կը զբաղիմ ոչ արդիւնաւէտ աշխատող ընկերութիւններու վերազինումով, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսաւորումներու նախագիծերով:
Հետաքրքրական է եւ ողջունելի գիտնալ ձեր արուեստագիտութեան հեռավար Համալսարան հիմնադրումի մասին:
Ձեր տիրապետած գրաւոր եւ բանաւոր լեզուներն են՝ ռուսերէն , անգլերէն եւ հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն շնորհիւ ձեր ծննդավայր Մոսկուայի, ապա ուսման բերումով Միացեալ Նահանգներ, որմէ ետք ձեր ասպարէզը միջազգային ընկերութիւններու մէջ , իսկ այս բոլորէն ետք ազգային պատկանելիութեան եւ սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան մասին ի՞նչ է ձեր տեսակէտը :
Ինչ կը վերաբերի ազգային պատկանելիութեանս, ապա մինչ 25 տարեկանս ես ինքզինքս ռուս կը համարէի եւ Հայաստանի մասին քիչ բան գիտէի: Երբեմն կ’այցելէի Հայաստան, սակայն հայերէնով չէի խօսեր: Միայն անունով ու արտաքինով էի հայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրիլը ու տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներիու հետ ծանօթութիւնը քաջալերած են զիս հետաքրքրուելու արմատներովս:
33 տարեկանին ես սկսած եմ հիմնաւոր ուսումնասիրելու արեւելեան ու արեւմտեան հայերէնները եւ մինակս տարբեր աղբիւրներով սորված եմ հայոց լեզուն:
Ես ունիմ յստակ ու չկրկնուող դիրքորոշում մը, քանի որ կը գնահատեմ հայեցիութեան բոլոր կողմերը: Որպէս մարդ, ով եկած է արտասահմանէն, ով հաւասար բարձր կը գնահատէ մեր մշակոյթին արեւելեան ու արեւմտեան ուղղուածութիւնները եւ ով անաչառօրէն կրնայ գնահատել հայերուն ուժեղ ու թոյլ կողմերը՝ առանց նախապաշարմունքներու ու տոկմաներու:
Իսկ այժմ խօսինք ձեր երաժշտական կրթութեան մասին, ե՞րբ սկսած էք երաժշտութեան հանդէպ ձեր հետաքրքրութիւնն ու սէրը , ի՞նչ է երաժշտութիւնը ձեզ համար
Փոքր տարիներէս ես ունեցեր եմ սէր երաժշտութեան հանդէպ: Ընդունուած եմ Մոսկուայի երաժշտական դպրոցը, սակայն միայն երեք տարի սորված եմ հոն: Դասերը ինծի բոլորովին անհետաքրքրական կը թուէին: Տարիներ անց ես հասկացայ, որ ռուսական, ընդհանուր առմամբ նաեւ հայկական դասական երաժշտական դպրոցը, ոչ թէ երեխաները կը սորվեցնէ ստեղծագործել, այլ աւելի շատ մարդամեքենաներ կը դաստիարակէ: Այնպիսի մարդամեքենաներ, որոնք միայն ունակ են կրկնօրինակել տիպօրինակ ստեղծագործութիւններ:
20 տարեկանին ես գտայ ճազային գիծով դաշնամուրի, երգեցողութեան ու ձայնամարզութեան սոլֆեժոյի ուսուցիչներ, որոնք զիս ծանօթացուցին բոլորովին այլ երաժշտութեան: Իրենք այնպէս կը դասաւանդէին, որ ես այլեւս չէի փորձեր կրկնօրինակել մէկու մը կատարումը, այլ կը ներդնէի իմ ոճս:
Երաժշտութիւնը ինծի համար հնարաւորութիւն է արտայայտուելու մէկ այլ լեզուով: Անիկա ինծի համար ոլորտ է, ուր չկա օրէնք ու պարտականութիւն:
Հիանալի է այս բոլորի մասին գիտնալ: Իսկ ի՞նչ լեզուներով երգած էք կամ արդեօ՞ք կան ձայնագրութիւններ
Ձայնագրած եմ երգեր հայերէնով, անգլերէնով, ռուսերէնով, իտալերէնով, ինչպէս նաեւ հարաւաֆրիկեան քոսա լեզուով:
Հայերէնով ձայնագրածս երգերուն ցանկը կ’ընդգրկէ հետեւեալ երաժշտական գործերս.
- ժողովրդական երգերը acapella ոճով՝ «Չինար ես» (հեղինակ՝ Կոմիտաս) եւ «Թամամ աշխարհ» (հեղինակ՝ Սայեաթ-Նովա),
- Ռոբերտ Ամիրխանեանի հեղինակութեամբ երգերը՝ «Քո աչքերի խաւարում» եւ «Կարմիր Ծաղիկ մը գարունի» (թէ՛ acapella ոճով, թէ՛ աւանդական գործիքաւորումով),
- Առնո Բաբաջանեանի հեղինակութեամբ «Չքնաղ երազ» երաժշտական գործը,
- Էլուինա Մակարեանի հեղինակութեամբ ճազային «Սէր Աստծոյ» երգը,
- Մոցարթի յայտնի դասական գործին հիման վրայ գրուած «Ռեքուիեմ» երգը:
Իսկ ձեր նշեալ երգացանկի ձայնագրութիւնները բնականաբար կատարուած են արհեստավարժ, մասնագիտական ձայնագրութեան արուեստանոցի մէջ , խնդրեմ մանրամասնութիւնները
Այստեղ նշեմ, որ այժմ ես նա՛եւ Մոսկոայի մէջ գտնուող ձայնագրման արուեստանոցի մը համասեփականատէրն եմ: Ձայնագրման արուեստանոցիս միւս համասեփականատէրը Ալեքսէյ Ռոստով է, ով Ռուսիոյ ամենատաղանդաւոր երաժիշտներէն, երգեցողութեան ուսուցիչներէն, գործիքաւորողներէն ու երգահաններէն մէկն է:
Մեր արուեստանոցէն ներս կը ձայնագրուին վառ ու տաղանդաւոր գործիքաւորողներ ու երգիչներ ինչպէս Ռուսիայէն, այնպէս ալ արտերկիրէն:
Մասնագիտական IT ծրագրաւորում, Շուկայագիտութեան ռազմավարութիւններու մասնագէտ, Արուեստագիտութեան հեռավար Համալսարան հիմնադիր, Լեզուներու տիրապետում յատկապէս գրաւոր ու բանաւոր արեւմտահայերէնին, Երաժշտական տարբեր լեզուներով երգեր, Ձայնագրման արուեստանոցի մը համասեփականատէր եւ այս բոլոր շնորհակալ գործունէութեան կողքին, կարելի է զարմանալ ու տակաւին հարց տալ թէ արդեօ՞ք կայ կամ ունիք այլ հետաքրքրութիւն եւ կամ սէր մշակութային ոլորտի մէջ:
Ես համոզուած եմ, որ երաժիշտը, ինչպէս նաեւ մշակոյթի ոլորտի ցանկացած ներկայացուցիչ պէտք է ինքզինք չսահմանափակէ միայն մէկ ուղղութիւնով եւ պէտք է սորվի ստեղծագործել տարբեր ոլորտներու մէջ:
Երաժշտութենէն զատ երկրորդ տարերքս գրականութիւնն է: Ես շատ կը սիրեմ կարդալը, յատկապէս՝ հայ գրականութիւնը: Կենսագրութեանս հիման վրայ պատմուածքներ եւ ինքնակենսագրական յուշեր կը գրեմ եւ կը հրապարակեմ թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ արեւելահայերէն:
Արեւմտահայերէնով գրուած պատմուածքներէս մէկը՝ «Հրեշտակի մը թեւերը» 2019 թուականին արժանացած է առաջին մրցանակին՝ Մոսկուայ տեղի ունեցող եւ գրականութեան վերաբերող մրցոյթի մը մէջ:
Իսկ ձեր գրական գործերու մասին
Հիմնական գրական գործերուս ցանկը կ’ընդգրկէ հետեւեալ ինքնակենսագրական նոթերս.
- Երկկողմանի նախանձը (2015)
- Խաշկերոյթ (2015)
- Փառասիրութեան ցաւալի դասը (2015)
- Գայեանէն (2015)
- Աստծոյ նուէրները (2015)
- Հարսանեկան կարաոկէն (2015)
- Հիասթափութիւն (2015)
- Թանգարանային գիշերը (2015)
- «Մամա». մի երգի պատմութիւն (2015)
- Երկու համերգ, երկու երգիչ (2015)
- Ռուսական հովտաշուշանը (2015)
- Հիւանդանոցում (2015)
- Մի հանդիպում օդանաւակայանում (2015)
- Անիծուած բնակարանը (2015)
- Ամենակարեւոր որոշումը (2015)
- Հայելու միջով (2016)
- Երջանկութեան որոնումները (2016)
- Վախճան, զարթօնք եւ յարութիւն (2016)
- Հրեշտակի մը թեւերը (2019)
Մեծ հիացմունքով զրոյցս կ’աւարտեմ մագիստրական տիտղոսով IT (ծրագրաւորում) մասնագէտ, ինքնատիպ ոճի երգիչ, Ձայնագրման արուեստանոցի մը համասեփականատէր, գրաւոր ու բանաւոր արեւմտահայերէնին տիրապետող, գրող Արմէն Էլչիեանի հետ եւ յաջողութիւն ընդմիշտ մաղթելով: