Երէկ` երեքշաբթի, 26 օգոստոսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց պատմութեան վերաբերող հարցերու շուրջ հարցազրոյց մը` Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով կրթական ծրագիրներուն մէջ ընդհանրապէս պատմութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` դոկտ. Սանճեան նշեց, որ քաղաքացիի կերտման ծրագիրին մէջ պատմութիւնը իր յատուկ տեղը ունի, սակայն գոյութիւն ունի այն հարցը, թէ պատմութիւն ըսելով ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ. անոր նպատակը լաւ քաղաքացի մը ստեղծե՞լն է, թէ՞ հմտութիւններ պատրաստելը, սկզբնաղբիւրներ կարդալու կարողութեամբ օժտելը` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին պայքարը այս երկուքին միջեւ է եւ անոնց միջեւ միջին եզր մը գտնելուն մէջ կը կայանայ:
Ան նշեց, որ սփիւռքի մէջ պատմութեան դասընթացքները երեք տեսակի են` Հայոց պատմութիւնը, հիւրընկալ երկրին պատմութիւնը եւ միջազգային` Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ պատմութիւնը, եւ անոնց միջեւ համակարգում չկայ: Իսկ դասաւանդողները պատմաբաններ չեն, այլ` հայերէնի ուսուցիչներ:
Անդրադառնալով Հայոց պատմութեան դասագիրքերու արդիականացման հարցին` դոկտ. Սանճեան ընդգծեց, որ օգտագործուող դասագիրքերը շուրջ 60 տարի առաջ պատրաստուած են, իսկ անցնող 60 տարուան ընթացքին պատմութեան հասկացողութեան հարցը փոխուած է: Հայոց պատմութիւնը պէտք է աւելին նկատի ունենալ քան իբրեւ հայութեան նկատմամբ հպարտութիւն առթող ազդակ: Պատմութիւնը նաեւ աշակերտը պէտք է կոփէ` իբրեւ քաղաքացի, մարդ եւ անհատ: Պատմութիւնը պէտք է առիթ մը ըլլայ հարստացնելու աշակերտին բառապաշարը, եւ պատմութեան դասագիրքին մէջ օգտագործուած բառերը պէտք է աշակերտին հասկնալի ըլլան:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: