Հարցազրոյց Լիբանանում գործող «Երեբունի- Անկախ Հայկական Լրատու» կայքէջի խմբագիր –սեփականատէր Ահարոն Շխրտըմեանի հետ (Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, հասարակական գործիչ Ահարոն Շխրտըմեանը մէկ տասնամեակից աւելի լիբանանեան «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը վարելուց յետոյ անցեալ Սեպտեմբերին հրաժարական է տուել և ստեղծել «yerepouni-news.com» եռալեզու, ամենօրեայ լրատուական կայքէջը)
–Լիբանանահայ համայնքի ամենասուր խնդիրը ո՞րն է այսօր, որ օր առաջ լուծման կարիք ունի։
–Լիբանան կը նկատուի Սփիւռքահայութեան բազկերակը: Եթէ առողջ են անոր զարկերը, կը նշանակէ սովորական հունի մէջ են սփիւռքահայութեան առջեւ դրուած առաջադրանքները: Լիբանանահայ համայնքին առջեւ ծառացող ամենահիմնական հարցը անոր գոյութեան տագնապն է: Դժբախտաբար այսօրուան լիբանանահայ գաղութը բաւական հեռու է իր երէկէն: Տնտեսական, ընկերային եւ յատկապէս քաղաքական գործօններ կը խանգարեն լիբանանահայութեան առջեւ ցցուած ամենալուրջ եւ հիմնական մարտահրաւէրը՝ որ հայապահպանումն է եւ՝ Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով հայեր հեռացան Լիբանանէն: Մարդուժի այս արտահոսքը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ համայնքին ուժականութեան վրայ: Այս ըսելով, պէտք չէ անտեսել կամ թերագնահատել հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան համար կատարուող երախտաւոր աշխատանքը:Սակայն երկրորդական հարցեր, յատկապէս՝ (ներլիբանանեան) քաղաքական, պատճառ կը դառնան, որ լիբանանահայութիւնը անիմաստ երեւոյթներու մէջ վատնէ իր ներուժը: Լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները խրած են երկրին բեւեռացած քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնք յաճախ կը մոռնան, թէ անհրաժեշտութիւն չունին իրենց ուսերուն վրայ շալկելու այսքան պատասխանատուութիւն: Անոնց գործնական միասնականութենէն միակ շահողը պիտի ըլլայ լիբանանահայութիւնը: Սակայն այդպէս չէ իրականութիւնը: Մեր միասնականութիւնը միաժամանակ աւելի շեշտակի կրնայ դարձնել համայնքին հանդէպ օտարներու յարգանքն ու անոր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Այս ցաւալի թերութիւնները նշելով հանդերձ, կ’ուզեմ ընդգծել, թէ բարեբախտաբար համայնքին մէջ տիրողը միացնող գործօնն է: Հակառակ անոր, որ ազգային մտահոգութիւնները ձեւական բնոյթ ստացած են ոմանց համար, մեր համայնքը յանձնառու է իր առջեւ դրուած հրամայականներուն: Բարեբախտութիւն է, որ համայնքը միասնական պահող գործօնները եւ միասնականութեան հաւատացող ուժերու գերակայութիւնը ամուռ կը պահեն լիբանանահայութիւնը: Լիբանանահայութիւնը հասած է այնպիսի հանգրուան մը, ուր անջատողականութիւնը ազգային ոճիրի համազօր յանցագործութիւն է:
–Որքանո՞վ է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կարողանում հաղորդակից լինել Լիբանանում մեր հայրենակիցների խնդիրներին և նպաստել դրանց լուծմանը։
–Նախ անհրաժեշտ է յստակացնել, թէ ին՞չ պէտք է հասկնալ Սփիւռքի նախարարութիւն կառոյցէն: Շնորհակալ աշխատանք կը կատարուի այնտեղ, բայց յաճախ շփոթ կ՛առաջանայ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն շուրջ: Անհրաժեշտ է յստակացնել Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքային դաշտը: Մենք յաւակնութիւն չունինք թելադրութիւններ կատարելու Սփիւռքի նախարարութեան, որովհետեւ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի այնտեղ: Յաճախ ըսած եմ. Նախարարութիւնը կամ նախարարը շատ լաւ գիտեն հիմնական ցաւերը, սակայն միջոցներու սահմանափակութիւնը անոնց կը ստիպէ կատարել հնարաւոր կարելին…: Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութ իր իւրայատկութիւնը ունի, բաւական դժուար է նաւարկել եւ ընդհանուր յայտարարներ գտնել այս բոլորին մէջ: Գալով Ձեր հարցումին, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդակից կրնա՞յ դառնալ լիբանանահայութեան խնդիրներուն եւ նպաստել անոնց լուծմանը, պիտի նախընտրէի, որ ոչ միայն Սփիւռքի նախարարութիւնը, այլ որեւէ նախարարութիւն խուսափէր միջամուխ դառնալ համայնքներու ներքին առօրեային: Անոնք հաւասար հեռաւորութեամբ դիտէին հարցերը եւ միջամուխ չդառնային համայնքներու ներքին գործերուն: Բարեբախտաբար այսօրուան դրութեամբ գոյութիւն չունին նման մտահոգութիւններ: Այս մեծ բարեբախտութիւն է: Պէտք է ըսել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական ճկուն եւ հետեւողական քաղաքականութիւն կը վարէ այս ուղղութեամբ: Համայնքներու ներքին գործերուն միջամտութիւնը կրնայ առաւել բարդացնել տուեալ համայնքին իրավիճակը: Նախարարութիւնը գնահատելի աշխատանք կը կատարէ սփիւռք-հայրենիք կամուրջներու ամրապնդման ուղղութեամբ: Համաժողովներ, հաւաքներ, երիտասարդական խորհրդաժողովներ, բանակումներ այս բոլորը իսկապէս գնահատելի աշխատանք է, յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդին մօտ հայրենասիրութեան ոգին աւելի զօրացնելու, անոր հայրենիքին կապելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ուղղութեամբ:
–Յատկապէս վերջին չորս տարիների ընթացքում Հայաստան վերադարձող և այստեղ մշտական բնակութիւն հաստատող լիբանանահայերի թիւն աւելացել է, թէ՞ պակասել։
–Այս հարցումին պիտի չուզէի գուշակութիւններով պատասխանել: Հաւատացէք որ Լիբանանի մէջ շատ հայեր կան, որոնք համոզուած են, թէ հայրենիքն է հայուն վերջին հանգրուանը: Սփիւռքը եւ օտարութիւնը չի կրնար հայրենիք դառնալ: Սակայն ըստ երեւոյթին տակաւին չեն հասունցած հայը Հայաստանի մէջ համախմբելու պայմանները: Միւս կողմէ, պէտք է ըլլանք իրապաշտ. Հայրենիքը պէտք չէ շփոթել դրախտի հետ կամ երեւակայել այնպէս, որ նոյնիսկ Աւետեաց Գրքին մէջ կարելի ըլլայ փնտռել նման բարեմասնութիւններ…: Հայրենիքն ալ ի վերջոյ կերտուած է մարդէ ու հողէ: Ես եմ, դուն ես, մենք ենք այս հայրենիքը, մեր թերութիւններով եւ իրականութիւններով: Ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ զանոնք դիմաւորելու: Հայրենի պետականութիւնը վստահ եմ լաւ կը գնահատէ հայրենադարձութեան իմաստն ու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ մեր հայրենի պետականութիւնը քիչ մը աւելի հետեւողական մօտեցում ցուցաբերէ հայրենադարձութեան խնդրին, բաւարար պայմաններ ստեղծէ ներգաղթողներուն, վստահ եմ, հայրենիք մեր վերադառնալէն առաջ, նուազագոյնի պիտի հասնի հայրենիքէն մեկնողներու հոսքը եւ վերադարձողներուն թիւը անպայմանօրէն պիտի գերազանցէ մեկնողները:
–Ինչպէ՞ս էք գնահատում ՀՀ–ում այսօր առկայ ներքաղակական և տնտեսական վիճակը։ Արդեօք այն չի՞ նպաստում արտագաղթի կտրուկ աւելացմանը։
–Պէտք է իրապաշտ ըլլալ մօտեցումներու եւ ակնկալութիւններու, ինչպէս նաեւ թերութիւններ մատնանշելու մէջ: Ինչ խօսք, բաւական լուրջ թերութիւններ գոյութիւն ունին վերանկախ հայրենիքին մէջ: Երկիր որուն իրաւական համակարգը չի գործեր ինքնուրոյն, այդ երկրին քաղաքացին կը մնայ անպաշպան: Իրաւական համակարգն է, որ պիտի երաշխաւորէ քաղաքացիին իրաւունքները: Այս գետնի վրայ բաւական լուրջ աշխատանք կայ կատարելիք Հայաստանի մէջ: Մէկ այլ լուրջ հարց՝ ստուերային տնտեսութեան գոյութիւնն է: Այս տխուր երեւոյթները ոչ միայն կը խանգարեն ներգաղթը, այլեւ՝ կը նպաստեն արտագաղթին, հայաթափման: Եթէ դար մը առաջ թուրքերը մեզ Կարմիր ջարդի ենթարկեցին, այսօր մեր ձեռքով Սպիտակ ջարդի չենթարկենք մեր ժողովուրդը: Հայաստանը մեր հայրենիքն է: Կը կարծեմ, որ կարելի է իրականութեան վերածել հայրենիքի մէջ ապրելու սփիւռքահայութեան երազը: Քիչ մը խրախուսանք, իրաւական ու ընկերային պայմաններու բարելաւում բաւարար է, որ հայը Նիւ Զելանտա գաղթելու փոխարէն նախընտրէ ապրիլ իր հայրենիքին մէջ: Ո՞վ ըսաւ, թէ Սփիւռքի մեր ապրած երկիրներուն մէջ իտէալական ոճով կը գործեն պետական կառոյցները, մեզ մօտ ալ գոյութիւն ունի յափշտակութիւն, կաշառակերութիւն, չարաշահութիւն, ընկերային անարդարութիւն, ուստի խոշորացոյցով չդիտենք հայրենիքի մէջ պատահած իւրաքանչիւր դէպք, բայց այս ըսելով չի նշանակեր, թէ բացթողումներ չկան Հայաստանի մէջ: Այո կան եւ պէտք է պայքարիլ անոնց դէմ:
–Սիրիայում տեղի ունեցող բախումները ի՞նչ ազդեցություն են թողնում լիբանանահայերի վրայ։
–Սուրիոյ հարցը լիբանանահայութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտէ դժբախտաբար: Սուրիան եղած է Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան առաջին օթեւանը: Մեր մեծ մայրերու եւ մեծահայրերու մեծամասնութիւնը սուրիական անապատներու աւազներուն վրայ իրենց զաւակներուն սորվեցուցած են հայերէնի առաջին տառերը: Սուրիան դարձած է Սփիւռքահայ մտաւորականութեան մեկնաղբիւրը: Անցնող դարու մեր քաղաքական, հասարակական, կրօնական դէմքերու մեծամասնութիւնը եկած է Սուրիայէն: Սփիւքահայութիւնը առ հասարակ, իսկ Լիբանանահայութիւնը ի մասնաւորին, չեն կրնար մոռնալ Սուրիոյ շնորհած բարիքները: Բայց դժբախտաբար ոմանք կը մոռնան պատմութիւնը, կը մոռնան իրենց անցեալը: Ուրիշներ ճշմարտութիւնը գիտնալով հանդերձ կը քալեն հոսանքին հետ: Այն ինչ տեղի կ’ունենայ այսօր Սուրիոյ մէջ հեռու է ժողովրդավարական հասարակարգ ստեղծելու իրողութենէն: Արեւմտեան եւ արաբական կարգ մը պետութիւններ բնական հարստութիւններ եւ նաւթի հանքեր յափշտակելու նպատակով կը քանդեն Սուրիան: Կը փորձեն քանդել այդ երկրին ենթակառոյցը, միջհամայնքային կառոյցը: Սուրիոյ տագնապը որքան ալ երկարի, երկխօսութեան ճամբով պիտի լուծուի , ի վերջոյ: Սուրիոյ պարագան չի նմանիր Լիպիոյ կամ Եգիպտոսի կացութեան: Ուստի ճիշդ պիտի չըլլայ անտեղի գրաւներ դնել աջ ու ձախ, կամ աջակցիլ արտաքին միջամտութիւններուն: Լիբանանահայ քաղաքական միտքը Սուրիոյ պարագային ալ բեւեռացած է իր դիրքորոշումներուն մէջ, դժբախտաբար: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ լիբանանահայ կարգ մը հոսանքներ յանդգնութիւնը չունին դիտելու հեռուն: Խրելով ներլիբանանեան ասեկոսէներու մէջ, ոմանք մինչեւ իսկ Սուրիոյ հակամարտութենէն հեռու մնալու խորհուրդ կու տան Հայաստանի նախագահին…: Ասիկա պարզապէս ամօթանք է մեր քաղաքական մտքին, մեր ժողովուրդին համար: Ինքզինք յարգող եւ շրջահայեաց հայը պահ մը պէտք է ինք իր անձին հետ հաշուի նստի, ու հարցնէ, ո՞ւր պիտի հասնի արաբ ժողովուրդի արեամբ, անոր հարստութիւնները յափշտակելու «գարնանային զարթօնք»ի խորագիրին տակ արաբ ժողովուրդին արիւնը թափելու, զայն հարստահարելու այս արշաւը եւ ին՞չ կը պահանջեն Հայաստանի շահերը: Դժբախտաբար ոմանք Պապէն աւելի պապական արտայայտութիւններ սկսած են ունենալ:
–ՀՀ ԱԳ նախարարը, ինչպէս նաև հայաստանեան բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, առիթը բաց չեն թողնում յայտարարելու, որ հայ–թրքական արձանագրությունները նպաստաւոր էին Հայաստանի դիւանագիտութեան համար և մենք դրանից միմիայն շահեցինք, քանի որ աշխարհը տեսաւ, թե իրականում Թուրքիան ով է։ Դուք և այդտեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նոյնպե՞ս են կարծում։
–Այս հարցին շուրջ պէտք է ընդունիք, թէ նախնական շրջանին տարկարծութիւններ ծագեցան հայրենի իշխանութիւններուն հետ: Իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք ազատ է ունենալու իր սեփական տեսակէտը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ: Մենք օրին դէմ արտայայտուեցանք այդ ներկայացումին: Պետականութիւնը չի կրնար մեզի նման մտածել, կամ նուազագոյնը՝ շարժիլ: Այո օրին քննադատեցինք հայրենի իշխանութիւններուն կեցուածքը, սակայն անմիջապէս ողջունեցինք, երբ թուրքը անգամ մը եւս համայն աշխարհին առջեւ ապացուցեց, թէ կը մնայ թուրք եւ պիտի մնայ թուրք…: Մենք համոզուած ենք, որ հայրենի իշխանութիւնները տեղ մըն ալ մեզմէ քիչ մը աւելի գիտակից են, եւ գիտեն թէ ինչպէս պիտի վերաբերին Թուրքիոյ ճամարտակութիւններուն, անոր քարոզչական մեքենային դէմ: Այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը Սփիւռք- հայրենիք դերերու բաշխումն է եւ աշխատանքներու համադրումը: Ի վերջոյ մեր պետակնութիւնն է, որ պիտի հետապնդէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխած հետեւանքներուն պաշտպանութիւնը: Մեր քաղաքական կուսակցութիւնները, եկեղեցին եւ այլ կազմակերպութիւններ, մէկ խօսքով՝ Սփիւռքը իր բոլոր բաղկացուցիչներով կը հաւատան պայքարի միացեալ եւ համադրուած եղանակին: Համոզուած եմ, որ հաւաքական եւ միայն հաւաքական աշխատանքով կրնանք պահպանել Սփիւռքը, կերտել հզօր հայրենիք, պետականութիւն եւ մեր հայրենիքին սահմանները պաշտպանող բանակ:
Հարցազրոյցը վարեց 7օր.am-ի լրագրող Արեգնազ Մանուկեանը