Հ.Ե.Ը.-ի «Աբգարը տուփին մէջ» ներկայացման առթիւ մտերմիկ հարցազրոյց մը ունեցանք թատրերգութեան հեղինակ եւ բեմադրիչ տիար Վաչէ Ատրունիին հետ, զոր հարազատութեամբ կը ներկայացնենք հալէպահայ (եւ ոչ միայն հալէպահայ) հանդիսատեսին:
Հ.Պարոն Ատրունի, որքան կը յիշենք այս ներկայացումը Ձեր չորրորդ աշխատանքն է «Ադամեան»ին հետ: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այս թատերախումբին մասին:
Պ. Ուրախալի է, որ «Ադամեան»ը կայացած թատերախումբ է, ունի տարիներու փորձառութիւն եւ տքնանքով շահուած անգնահատելի վաստակ եւ ինքնուրոյն դիմագիծ:
«Ադամեան»ը սիրողական խումբ է: Սիրողական բառը իր մէջ կ՝ընդգրկէ ՍԷՐ բառը. Ադամեանցիները՝ ինծի ծանօթ հիներն ու նորերը, նուիրեալ անձեր են, որոնք առանց վարձատրութեան կը հետեւին արուեստի այս տեսակին։ Բարձր կը գնահատեմ զիրենք, իրենց աշխատանքը:
Հ. Ծանօ՞թ էք հալէպահայ թատերական կեանքին. Ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:
Պ. Հալէպ չեմ ապրիր, բայց մօտիկէն կը հետեւիմ հալէպահայ թատերական կեանքին: Նախ ըսեմ, որ թատրոնը կեանքէն պատկերներ կ՝արտացոլէ բայց միշտ կեանքէն մէկ քայլ առաջ պէտք է ըլլայ, անոր համար թատրոնը ուսուցողական պատկերներ կու տայ։
Հալէպի պահպանողական քաղաք է, անոր կեանքը հագեցած է աւանդոյթներով ուստի հալէպահայը իր մօտեցումներուն մէջ շատ վերապահ է, որ կ՝ազդէ թատրոնին վրայ եւ թատրոնը պէտք եղած յանդգնութեամբ առաջ չ’երթար։
Գրականութիւնը, թատերական գրականութիւնը եւս երեք նիւթերու կ՝անդրադառնայ, որոնք Հալէպի մէջ բացակայ են, հոս արգիլուած են այդ երեք նիւթերը. Այս իրականութիւնը կը կաշկանդէ մեր թատերական գործընթացը՝ նախ որպէս գրական թատրերգութիւն ապա որպէս բեմադրութիւն-ներկայացում։ Այդ բացակաները, որոնք մեր մշակոյթի հիմքն են, հետեւեալ երեքն են. ա-քաղաքականութիւնը, բ-հոգեւոր կեանքը եւ գ-Սեռային յարաբերութիւնները:
Հալէպը այդ յանդգնութիւնը կամ համարձակութիւնը չունեցաւ հանդիսատեսին ներկայացնելու այս բոլորը։
Հ. Ի՞նչ կ’ըսէք Հալէպահայ հանդիսատեսին մասին։
Պ-Կը սիրեմ հալէպահայ հանդիսատեսը, շատ կը սիրեմ, որովհետեւ ան կը սիրէ թատրոնը: Սփիւռքի տարածքին վրայ միակ գաղութն է որ կիշէէն տոմս կը ծախուի որը կարեւոր հասկացողութիւն է , կիշէն աշխատունակ է եւ կը նշանակէ ժողովուրդը ինքնակամ դէպի թատրոն կը ներկայանայ։
Հալէպեան հանդիսատեսը թերթեր , ռատիօ չունի որ արտայայտուի։ Պահուած ներքին աշխարհ մը ունի ան, գնահատելու իւրայատուկ ձեւ մը ունի իր ձանձրանալու եւ լուրջ հետեւելու, ճիշտ գնահատելու եւ կեղծիքը բացայայտելու հետաքրքրական ձեւեր ունի։ Սրահէն դէպի բեմ խօսող ալիքներ կան. դերասանը կը զգայ այդ ալիքները: Հալէպահայ հանդիսատեսը շատ անմիջական է։
Հ. Ձեր ներկայացումը ունի «Աբգարը տուփին մէջ» անունը:Ո՞վ է Աբգարը։
Պ.Աբգարի պատմութիւն կենցաղաին թատրերգութիւն մըն է։ Հայկական զաւեշտ, թիւրիւմացութիւններու կատակերգութիւն է, դաստիարակչական խնդիր չունի։ Սոյն թատրոնով Հայ ընտանիքի առօրեային մէջ կը մտնես։ Հանդիսատեսին առանց մտածել տալու, բեմէն զինք զուարճացնող պատկեր մը կը ներկայացնես ։
Կենցաղային զաւեշտ է։
Հ.Վաչէ Ատրունի գրողը եւ Վաչէ Ատրունի բեմադրիչը նոյն անձնաւորութիւնն են: որպէս գրող եւ որպէս բեմադրիչ Վաչէ?
Պ-Շատ կը սիրեմ գրել, գրականութիւնը իմ ամբողջ աշխարհս է: Բեմադրութիւնը մասնագիտութիւնս է, կը բեմադրեմ ապրուստս հոգալու համար: Շատ կը գրեմ, քիչ կը բեմադրեմ։ Աւելցնեմ Չեխովի նմանակով՝ Գրականութիւնը կինս է, բեմադրութիւնը սիրուհիս… Գրականութիւնը մնայուն արժէքներ ունի, թատրոնի անցողական է։
Հ. Բեմադրիչ Վաչէն ինչպէ՞ս կը վերաբերի գրող Վաչէին:
Պ. Շատ գէշ: Բեմադրիչը կը շարունակէ գրողի գործը: Բեմադրիչը տողեր կը պակսեցնէ, կ’աւելցնէ, կը փոխէ, յաճախ գրող Վաչէն կը դժգոհի բեմադրիչ Վաչէէն, բայց լուռ կը մնայ, չէ՞ որ գրողը կը հասկնայ բեմադրիչին վիճակը, գիտէ որ բեմադրութեան արուեստը նաւարկութեան կը նմանի՝ նաւը ապահով ափ հասցնել, ներկայացման պարագային՝ հանդիսատեսին սիրտը շահիլ:
Հ-Այլ ըսելիք մը ունի՞ք հալէպահայութեան:
Պ- Ես նեղուած եմ հալէպահաերէն: հաւանաբար Հալէպը միակ գաղութն է, որն հնարաւորութիւն ունի մանկական մնայուն թատերախումբ ունենալ: Այսպիսի թատերախումբը հալէպահայ մնայուն թատերական կեանք կ’ապահովէ, մնայուն հանդիսատես կ’ապահովէ… միւս կողմէ շեշտեմ նաեւ այն, որ ամէն մէկ անհատի մէջ մարդ մը կայ, ինքնուորոյնութիւն ունեցող մարդ մը, այս ինքնուրոյնութիւնը կայ նաեւ մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն մէջ: Պէտք է փնտռել այդ մարդը։ Թատրոնը կը գտնէ, կը գտնէ այդ մարդը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Վաչէ Ատրունիին, «Ադամեան» թատերախումբին եւ իրենց ՏՈՒՓԻ ՄԷՋԻ ԱԲԳԱՐին: