«Մաղթանքս Է, …Համաշխարհայնացած Հայ Ժողովուրդը Ունենայ Համահայկական Բժշկական Կայուն Համակարգ»
Վարեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Բժիշկ Վարդան Թաշճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Վկայուած է ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն եւ դարձած ծանօթ մանկաբոյժ: Երկրին քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա, ուր 1989-ին տիրացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագիրին եւ կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր: Սկիզբէն եւ մօտէն առնչութիւն ունեցողներէն եղած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններուն հետ: Անցեալ ամիս ան մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Բժշկական միջազգային համագումարին, առ այդ, տոքթորին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը.
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Կարելի՞ է, տոքթոր, գաղափար մը տալ բժշկական սոյն համագումարին մասին:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ո՞վ էր կազմակերպողը, ե՞րբ տեղի ունեցաւ եւ քանի՞ օր տեւեց:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Կազմակերպողն էր Կազմկոմիտէն. նախագահը՝ փրոֆ. Արմէն Չարչեան, իսկ համագումարի համանախագահը՝ փրոֆ. Գէորգ Եաղճեան. անդամներն են՝ Սամուէլ Սահակեան, Արմէն Սողոյեան, Արման Բաբլոյեան, Երուանդ Յակոբեան, Ամալիա Գէորգեան, Համբարձում Սիմոնեան, Մկրտիչ Աւագեան, Քրիստինա Քիւրքճեան, Նարեկ Վանեցեան, Սօսէ Յովհաննիսեան, Եւա Մովսիսեան, Շուշան Դաւթեան, Լիանա Սահակեան, Գեղանոյշ Ստեփանեան, Անահիտ Ասրեան, Ալեքսանդր Բազարճեան եւ Արայիկ Բաղրեան. արտասահմանեան անդամներն են՝ Վիգէն Սեփիլեան, Բագրատ Ալեքեան, Համբար Քայայեան, Անի Հայսերճեան, Դանիէլ Ստամպուլեան, Շանթ Շխրտըմեան, Լերի Նաճարեան եւ Թագուհի Մարգարեան:
Համագումարը տեղի ունեցաւ, տեղավայրին եւ կառոյցին յարմարութիւնները նկատի առած, Երեւանի «Մերիըթ Արմինիա» պանդոկին մէջ, երեք օրերու ընթացքին՝ 4-6 Յուլիս 2019:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Քանի՞ հոգի մասնակցեցան:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Ըստ համագումարի նախագահին՝ մասնակցողներուն թիւը եղաւ շուրջ 1150 հոգի, որոնցմէ շուրջ 100-ը զեկուցողներ:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Այս համագումարը լօզունգ մը ունէ՞ր, եթէ այո, ի՞նչ էր այդ լօզունգը:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Համագումարին լօզունգը հետեւեալն էր՝ «Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ միաձուլում՝ ի փառս առողջութեան»:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ինչո՞ւ:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Զօրանալու համար միանանք, կ՛ըսենք, չԷ՞: Շատ ճիշդ է, եւ ես ալ հետեւեալը ըսած եմ անցեալին.
Անմիաբան, մենք իրարու բեռ կ՛ըլլանք,
Ուշ կամ կանուխ, ուրիշներու կեր կ՛ըլլանք,
Միանալով, մենք իրարու տէր կ՛ըլլանք,
Եւ Մասիսի նման կանգուն լեռ կ՛ըլլանք:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Որո՞նք էին համագումարի օրակարգին հարցերը:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Օրակարգի հարցերն էին հետեւեալները՝ «Համաշխարհային առողջապահութիւն», «Ուղեղային կաթուած», «Ախտամերժութիւն» (Immuniology), «Ծինաբանութիւն» (Genetics), «Ուղեղաերակային հիւանդութիւն», «Ռոպոթիք վիրաբուժութիւն», «Հանրային առողջապահութիւն», «Սրտանօթային վիրաբուժութիւն», «Ջղաբանութիւն եւ ջղաբանական վիրաբուժութիւն», «Արիւնաբանութիւն եւ մանուկներու ու պատանիներու առողջապահութիւն», «Ստամոքսաաղիքային եւ ընտանեկան բժշկութիւն», «Բերանի բժշկութիւն», «Որակաւոր առողջապահութիւն», «Մտային առողջապահութիւն», «Վերարտադրողական բժշկութիւն», «Հիւանդապահութիւն», «Վերականգնողական մորթաբանական եւ սննդաբանական բժշկութիւն», «Կենսա-թեքնոլոճիի եւ նոր դեղերու սահմանները», «Բժշկական ղեկավարութիւն», «Օրգանական պատուաստում», «Քաղցկեղաբանութիւն», «Սրտաբանութիւն», «Երիկամաքարերու բժշկութիւն», «HPV-Herpes Pa-piloma Vaccine-ներու մասին համաշխարհային փորձառութիւն», «Հայրենիք-Սփիւռք փոխգործակցութիւն», «Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի բժշկական կազմակերպութիւններու կողմէ դասախօսութիւններ», «Փոխանցիկ հիւանդութիւններ. փտախտ, թոքախտ», «Ներքին հիւանդութիւններ, թոքաբանութիւն, ծերաբանութիւն», «Գեղձաբանութիւն», «Միզաբանութիւն», «Հայաստանի Հանրապետութեան բժշկական ընկերակցութիւններու գործունէութիւնները», «Բժշկական կրթութիւն, առողջապահական օրէնսդրութիւն եւ տնօրինութիւն», «Ոսկրախտ եւ գեղագիտական վիրաբուժութիւն», «Առողջապական ֆինանսաւորում եւ ելեկտրոնային առողջապահութիւն», «Թմրաբանութիւն, ռատիօլոճի եւ ուժգին խնամք», «Քիթ, կոկորդ, ականջ œ աչքի բժշկութիւն, դեղագործութիւն», «Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան զարգացման հեռանկարներ եւ բազմակողմանի վիճաբանութիւն», «Համագումարի գործունէութեան ամփոփում» եւ Փակման արարողութիւն:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Ըստ ձեր տարիներու փորձառութեան, տոքթոր, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը եւ ունի՞ք թելադրութիւններ այս առթիւ:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Ինչպէս կը տեսնէք, բազմաբնոյթ էին արծարծուած նիւթերը այս համագումարին, որուն մէջէն պիտի ուզէի անդրադառնալ յատկապէս երկու ուրախ երեւոյթներու մասին, որոնք ոչ միայն առողջապահական հարցերու, այլ նաեւ համագումարին «միաձուլումի» գաղափարին հետ կը ներդաշնակուէին սերտօրէն: Առաջինը այդ երեւոյթներէն, բացման հանդիսութեան սկիզբին էր. Հայաստանի յարգարժան վարչապետին խօսքէն եւ Ամենայն Հայոց վեհափառին կողմէ առաքուած օրհնագիր-պատգամի ընթերցումէն առաջ, համագումարին նախագահը իր ողջոյնի ելոյթով, ի միջի այլոց ակնարկեց «Փանարմինիըն առողջապահական համակարգ»ի կարեւորութեան: Հասկնալիօրէն, ըսել ուզուածը պարզապէս առողջապահական ոլորտին ծառայող աշխարհացրիւ հայ անդամները ամբողջական մէկ մարմինով համակարգուած տեսնելն է, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ լուծումներ գտնուին սպասուած եւ չսպասուած մարտահրաւէրներուն:
Այսպիսով, ցարդ համագումարէ համագումար անդամներու միացումը, որ պարբերական է, գնայունէ աւելի կը վերածուի մնայունի, այսինքն՝ շարունակական համագործակցութեան եւ ձեռք կը բերուին նոր նուաճումներ զանազան բնագաւառներու մէջ, յատկապէս նոր սերունդին շահաբեր գործեր հայթայթող:
Երկրորդ բարի լուրը համագումարի աւարտին էր, երբ յայտարարուեցաւ հետեւեալը՝ Հայաստանի յաջորդ՝ վեցերորդ բժշկական միջազգային համագումարը տեղի պիտի ունենայ 2023-ին Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր գտնուեցայ Երեւանի համագումարէն ետք եւ Հանրապետական հիւանդանոցին մէջ բոյժքոյրերուն դասախօսութիւն մը տուի առողջապահութեան վերաբերեալ:
Ի միջի այլոց, կը յիշեմ, 2013-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած հայ բժիշկներու 11-րդ համագումարին ընթացքին, բարեբաստիկ հանդիպում մը ունեցած էի Արցախի այդ օրերու առողջապահութեան նախարար բժշկուհի Զոյա Լազարեանի հետ: Այդ առթիւ իրեն ըսած էի, թէ Արցախի մէջ ալ նման համագումար պէտք է ունենանք: «Ինչո՞ւ չէ», պատասխանեց աշխոյժ նախարարուհին:
Ներկայիս, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յարգարժան պատգամաւորուհի Զոյա Լազարեանին զրուցելու բարեբախտ առիթը ստեղծուեցաւ ինծի համար, որպէսզի զինք շնորհաւորեմ եւ իրեն մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ.- Տոքթոր, ունի՞ք վերջին խօսք:
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ.- Մաղթանքս է, որ համաշխարհային գիտութիւն ունեցող եւ համաշխարհայնացած հայ ժողովուրդը ունենայ համահայկական բժշկական կայուն համակարգ: