Կարեւո՞ր է միութեան գծիկ դնել այս պարագաներուն.
Ընկերա(-)տնտեսական
Պատմա(-)քաղաքական
Իրանա(-)ազրպեյճանական
Ֆրանսա(-)հայկական
* *
*
- Որքան կը յիշեմ, ըսած էի, որ պէտք չէ:
Ուրեմն ո՛չ, չորսն ալ միութեան գծիկով կը գրուին:
Ինչո՞վ կը յատկանշուին այս բառերը, այս բարդութիւնները:
Ընդհանրապէս մեր բարդ բառերուն արմատներէն առաջինը լրացումը կ’ըլլայ միւսին՝ այսինքն՝ երկրորդին. օրինակ՝
—մեծապատիւ … մեծ պատիւ (ունեցող). մեծ որոշիչ պատիւին
—քարայրաբնակ … քարայրի մէջ բնակող. քարայր տեղի պարագայ բնակ(իլ բայ)ին
—այսօր … այս որոշիչ օրին
—մսակեր … միս կերող (ուտող). միս ուղիղ խնդիր կեր (ուտել) բային:
Այս տիպարին կը հետեւի մեր բառերուն 99 տոկոսը: Այսինքն՝ տասնեակ հազարաւոր բարդութիւններ եւ անշուշտ միութեան գծիկ չեն առներ:
- Արդ, անդին ունինք կցական բարդութիւններու տեսակ մը, ուր անոր բաղադրիչները իրարու հանդէպ լրցացումի եւ լրացեալի յարաբերութիւն չունին, այլ հաւասարազօր են եւ պարզապէս համադասուած են իրարու:
Օրինակ՝ ընկերա-տնտեսական կը նշանակէ ընկերային եւ տնտեսական հաւասարապէս:
Պատմա-քաղաքական կը նշանակէ պատմական եւ քաղաքական հաւասարապէս:
Եւ այսպէս շարունակ. ահա ասոնց բաղադրիչները միութեան գծիկով կը միանան:
Ուրիշ օրինակներ՝
—հիւսիս-արեւելեան , որ կը նշանակէ հիւսիսյին եւ հարաւային (կողմերուն յարող) հաւասարապէս:
—հարաւ-արեւմտեան, այսինքն՝ հարաւային եւ արեւմտեան հաւասարապէս:
—արաբո-հրէական պատերազմը, այսինքն՝ այն պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ արաբներուն եւ հրեաներուն միջեւ:
—յունա-հռոմէական քաղաքակրթութիւն, այսինքն՝ յունական եւ հռոմէական հաւասար ազդեցութեամբ յառաջացած քաղաքակրթութիւն:
—ասորա-բաբելական…
- Թէեւ հազուագիւտ, սակայն կրնայ պատահիլ, որ նոյն բառը յարի ներքին երկու տարբեր կառոյցներու. օրինակ՝
—պարսկահայ …կրնայ նշանակել պարսկական հողի վրայ ապրող հայ եւ ոչ՝ թէ՛ պարսկական, թէ՛ հայկական: Ուրեմն այստեղ պարսկ արմատը որոշիչն է հայ
արմատին: Այս իմաստով՝ ան կը յարի 1-ի մէջ բերուած օրինակներուն:
—պարսկա-հայ սաահմանը անցանք … այն սահմանն է այս, որ կը բաժնէ Պարսկաստանը Հայաստանէն, այլ խօսքով՝ այն սահմանը, որ հաւասարապէս կը պատկանի Պարսկաստանին եւ Հայաստանին, ուրեմն՝ արմատները համադասուած
են:
Նոյն զանազանութիւնը՝ կրնայ ներկայացնել եգիպտահայ ածականը.
—եգիպտահայ գաղութ
—եգիպտա-հայ պատմական յարաբերութիւններ
Նաեւ՝
—յունահռոմէական ըմբշամարտ
—յունա-հռոմէական մշակութային կապեր
* *
*
Շտեմարան խառն օրինակներու
—արեւմտաեւրոպական
Ինչո՞ւ առանց գծիկի. որոհետեւ արեւմտա արմատը որոշիչն է եւրոպ(ական) արմատին, մեկնակէտ ունենալով՝ Արեւմտեան Եւրոպա հասկացութիւնը, ուր առաջին բաղադրիչը որոշիչն է երկրորդին:
—պարսկա-յունական պատերազմ
Գծիկով, քանի արմատները համադասուած են. բառս կ’ակնարկէ այն պատերազմներուն, որոնք տեղի ունեցան 5-րդ դարուն Քա. պարսիկներու եւ յոյներու միջեւ: Յիշել Մարաթոնը:
—ֆրանսահայ գաղութը
Գաղութ, որ հաստատուած է ֆրանսական հողի վրայ. ուրեմն՝ ֆրանս արմատը լրացումն է հայ արմատին. այս օրինակը կը յարի 1-ին:
—ֆրանսա-հայկական յարաբերութիւններ
Կ’ակնարկէ այն յարաբերութիւններուն, որոնք կը վերաբերին ֆրանսացիներուն (կամ Ֆրանսայի) եւ հայերուն (կամ Հայաստանի) հաւասարապէս: Ուրեմն օրինակս կը յարի 2-ին կամ 3-ին:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
=====================