Մինչ լիբանանցիներուն մեծ մասը արաբական հաց չի գտներ փուռերէն, սննդամթերքի վաճառատուներէն եւ հանրախանութներէն, նախարարական յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն է քննել եւ լուծումներ գտնել պետական մարզին վրայ Լիբանանի ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքներուն, երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած նախարարական յանձնախումբի նիստին ընթացքին տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնք պիտի գործադրուին մինչեւ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը:
Յետմիջօրէին հրապարակուած այդ որոշումներն են.
Ա) Ընդգծել, որ պետական մարզի պաշտօնեաները ամսական մէկ յաւելեալ աշխատավարձ պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ օրական 95.000 լ. ոսկիի փոխադրածախս, պայմանով որ սակայն շաբաթական դրութեամբ երկու օր աշխատանքի ներկայանան:
Բ) Իր աշխատանքին ներկայացող իւրաքանչիւր պաշտօնեայ օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն համար պիտի ստանայ օրական հատուցում: Այս շրջագիծին մէջ Ե. կարգի պաշտօնեաները օրական 150.000 լ. ոսկի պիտի ստանան, Դ. կարգի պաշտօնեաները` օրական 200.000 լ. ոսկի, Գ. կարգի պաշտօնեաները` օրական 250.000 լ. ոսկի, Բ. կարգի պաշտօնեաները` օրական 300.000 լ. ոսկի, իսկ Ա. կարգի պաշտօնեաները` օրական 350.000 լ. ոսկի:
Այս հատուցումը սակայն պիտի տրուի, պայմանով, որ պաշտօնեաները շաբաթական նուազագոյնը երեք անգամ աշխատանքի ներկայանան:
Գ) Տնօրէններէն ու վարչական պատասխանատուներէն կը պահանջուի Պետական քննչական մարմինին դիմել, եթէ ոեւէ մէկը թերացում արձանագրէ` աշխատանքի ներկայանալու իմաստով: Տնօրէններուն կը թելադրուի նաեւ պաշտօնեան աշխատանքէ հրաժարած նկատել, եթէ ան 15 օրուան բացակայութիւն արձանագրէ:
Դ) Քաղաքապետարաններէն եւ պետական հաստատութիւններէն կը պահանջուի սերտել վերոնշեալ դրութեան հիման վրայ իրենց կատարելիք նիւթական պարտաւորութիւնները եւ զանոնք ֆինանսաւորելու միջոցներ առաջարկել, որպէսզի նախարարական յանձնախումբը իր յառաջիկայ շաբթուան նիստին ընթացքին քննարկէ այդ բոլորը:
Ե) Բանակայիններուն, առողջապահութեան նախարարութեան, պետական պաշտօնեաներու համագործակցականին եւ հատուցման սնտուկներու պաշտօնեաներուն բժշկութեան համար 4 հազար միլիառ լ. ոսկիի գումար մը տրամադրել, ինչպէս նաեւ 200 միլիառ լ. ոսկի տալ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին:
Զ) Լիբանանեան համալսարանին տրամադրել 50 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որպէսզի իր ընթացիկ հարցերը կարգաւորէ, ինչպէս նաեւ ապահովէ դասախօսներուն եւ պաշտօնէութեան իրաւունքները:
Է) Ելեւմուտքի նախարարութեան պարտականութիւն տալ սերտել պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձը եւ աստիճանական յաւելումներ տրամադրել անոնց` նկատի ունենալով երկրին մէջ արձանագրուած սղաճն ու ընկերային եւ տնտեսական կացութեան փոփոխութիւնը:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի նախագահութեամբ ժողով գումարած նախարարական յանձնախումբը համաձայնութիւն յայտնած է ելեւմուտքի նախարարութեան պատրաստած առաջարկին, որուն համաձայն, իր աշխատանքին ներկայացող իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայ օրական 150-350 հազար լ. ոսկի կը ստանայ, պայմանով որ շաբաթական դրութեամբ երեք օր աշխատանքի ներկայանայ, երկուշաբթիէն հինգշաբթիի միջեւ:
Նշենք, որ Պետական մարզի պաշտօնէութեան լիկայի նախագահ Նաուալ Նասըր երէկ առաւօտեան յայտնած էր, որ նախարարական յանձնախումբին կողմէ նախապէս քննարկուած օժանդակութիւնը, որ պիտի տրամադրուի պետական մարզի պաշտօնեաներուն, պարզապէս փոխադրածախսի տարբերութիւն է, «իսկ այն որ կ՛ըսուի, թէ պաշտօնեաներուն 90 առ հարիւրի օժանդակութիւն մը պիտի յատկացուի, շուրջ 150 հազար լ. ոսկի է», ըսաւ ան:
Նասըր յայտնեց, որ եթէ պետական պաշտօնեան շաբաթը երեք օր աշխատանքի պիտի երթայ, ապա իր ամսական աշխատավարձին կողքին այդ օժանդակութիւնը պիտի ստանայ: «Ճիշդ է, որ այդ օժանդակութիւնը իր ներկայութեան համար բաւարար է, սակայն անոր զաւակներուն կրթութեան, իր ընտանիքին ապրուստին, ջուրին, ելեկտրականութեան եւ բժշկութեան մասին ոչ ոք կը մտածէ: Հետեւաբար պաշտօնեային տրուածը լոկ փոխադրածախս է, որ ո՛չ կրթութիւնը, ո՛չ սնունդը եւ ո՛չ ալ դեղորայքը նկատի կ՛ունենայ», հաստատեց Նասըր:
Ան ընդգծեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն բաց գործադուլը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ իրենք հանդիպած են պաշտօնեաներուն հետ եւ անոնց զայրոյթը շօշափած` իրենց նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած անլուրջ մօտեցումին դէմ: «Պաշտօնեան աշխատավարձի կարիք ունի եւ ոչ թէ առանց աշխատավարձի աշխատանքի մը: Մենք կը պայքարինք պաշտօնեաներուն ընտանիքներուն ապրուստին համար: Մենք կը պայքարինք մեր իրաւունքին համար: Մենք եւ լիբանանցիները նոյն նաւուն վրայ կը գտնուինք: Մեր պահանջները ամբողջ պետական մարզին պահանջներն են, բայց եւ այնպէս ուսուցիչները աշխատանքի վերադարձան եւ նախորդ անգամուան նման ընդունեցին մանրուքները, ցաւ ի սիրտ», յայտնեց Նասըր:
Երեկոյեան Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկան յայտարարեց, որ պետական պաշտօնեաները պիտի շարունակեն իրենց բաց գործադուլը` մերժելով նախարարական յանձնախումբին առաջարկները:
Հացի Տագնապը Կը Յամենայ
Միւս կողմէ, հացի տագնապը կը շարունակէ պարտադրել ինքզինք: Հիմնականին մէջ արաբական հացն է, որ կը բացակայի փուռերէն եւ ժողովուրդը կը մատնէ իրարանցումի: Արաբական հացով կշտացող եւ սնանող բազմաթիւ ընտանիքներ ահաւոր պայմաններու մէջ կ՛ապրին, մինչդեռ փուռերու սեփականատէրեր եւ ալրաղացներ կը շարունակեն չարաշահել պետական նպաստ վայելող ալիւրը եւ զայն յատկացնել այլ տեսակի հացերու, անուշեղէնի եւ խմորեղէններու արտադրութեան:
Լիբանանեան փուռերէն մէկուն մէջ երէկ առաւօտեան արաբական սեւ հացի կապը հասաւ 32.000 լ. ոսկիի, կէսօրին հնչեցին լուրեր, թէ արաբական սպիտակ հացի կապը Նապաթիէի մէջ վաճառուած է 40.000 լ. ոսկիի (սեւ շուկայի մէջ), ինչ որ կը նշանակէ, թէ մօտիկ ապագային սովորական արաբական հացի մեծ չափի կապը պիտի արժէ աւելի քան 35-40 հազար լ. ոսկի:
Ալրաղացներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ահմետ Հըթէյթ յայտնեց, որ ներկայիս իրենց դիմագրաւած հիմնական հարցը տնտեսական պատերազմն է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «շղթայազերծուած է» Լիբանանի դէմ 2019-էն սկսեալ: Ան նշեց, որ պատերազմին հիմնական նպատակն է Լիբանանը ծունկի բերել:
Անդրադառնալով հացի, ցորենի եւ ալիւրի մասին պետութեան լուծումներուն` Հըթէյթ ըսաւ, որ անոնք արմատական լուծումներ չեն, այլ` ժամանակաւոր: Ան նկատել տուաւ, որ 10 օր ետք հացի շուկան իր բնականոն վիճակին պիտի վերադառնայ, եւ կարելի պիտի ըլլայ ալիւրին տրամադրուած պետական նպաստը կասեցնել:
Հըթէյթ նախատեսեց, որ մէկ կապ արաբական հացին սակը 35-40 հազար լ. ոսկիի միջեւ տարուբերի` ընդգծելով, որ հիմնական հարցը ներքին լիբանանեան առումով գոյութիւն ունեցող փտածներն են:
Հըթէյթ շեշտեց նաեւ, որ եթէ լիբանանեան պետութեան տրամադրած նպաստը` ալիւրին եւ ցորենին միայն 4 միլիոն լիբանանցիներուն համար ըլլայ, իր նպատակին կը ծառայէ, «սակայն այդ նպաստը կը բաժնուի 6 միլիոնի վրայ` նկատի ունենալով, որ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուած ունինք եւ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներ, բայց եւ այնպէս միջազգային ընտանիքը այս իրականութեան նկատմամբ ոչ մէկ քայլի կը դիմէ, այլ դիտորդի դեր կը կատարէ», հաստատեց ան:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ալիւրի տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ տնտեսութեան նախարարութեան նախագահութեամբ ալիւրը եւ ցորենը արդար կերպով բաշխելու շտապ մը ստեղծուած է, եւ այսօրուան հետեւանքները կը կրենք, որովհետեւ անցեալ ամիս երկրէն ալիւր գողցուած է:
Սալամ ընդգծեց, որ այս շաբաթավերջին 49 հազար թոն ցորեն մուտք պիտի գործէ, ինչ որ պիտի լուծէ փուռերուն դիմաց հերթերու հարցը:
Վառելանիւթի Նոր Հարց
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հովանիին տակ գործող Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց նաւթի նոր սակագինը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը բարձրացաւ 14.000 լ. ոսկիով, այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 605.000 լ. ոսկիի, իսկ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 617.000 լ. ոսկիի:
Նաւթի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ պենզինի սակը ստիպուած եղած են բարձրացնել` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ պենզինի ներածման համար Կեդրոնական դրամատունէն տոլար ապահովելու գործիքակազմը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսինքն` Կեդրոնական դրամատունը պենզինի ներածումին համար սկսած է «Սայրա ֆա»-ի հարթակին վրայ գնուելիք ամերիկեան տոլարին միայն 15 առ հարիւրը տրամադրել, եւ ստիպել, որ նաւթ ներածող ընկերութիւնները տոլարի գումարին 85 առ հարիւրը ազատ շուկայէն ապահովեն:
Վառելանիւթերու ցրուիչներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կատարած այս փոփոխութենէն իրենք տեղեակ չէին` յոյս յայտնելով, որ պենզինի կայարաններուն դիմաց քաղաքացիներուն հերթերը չեն վերադառնար:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ յայտարարուած` Լիբանանին ձրի տրամադրուելիք իրանեան նաւթի առաջարկին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, որ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդը կրնայ ստանձնել այդ օժանդակութիւնը եւ զայն ցրուել պետական վարչութիւններուն` առանց կառավարութեան հաւանութիւնը ստանալու:
Հետեւաբար կարելի կ՛ըլլայ նաեւ լուծել երկրին դիմագրաւած ելեկտրականութեան հարցը, որովհետեւ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդը կրնայ այդ նաւթը փոխանցել ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան, որ իր կարգին կրնայ զայն օգտագործել ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան նպատակով:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է համաձայն գտնուի սէյիտ Հասան Նասրալլայի առաջարկին, ոչ թէ որովհետեւ կը հաւատայ, որ անիկա կրնայ իրականութիւն դառնալ, այլ պարզապէս այն պատճառով, որ լիբանանցի ժողովուրդը ենթակայ չմնայ անհիմն խօսքերու:
Ժահժահ նշեց նաեւ, որ նախորդ անգամ իրանեան նաւթ բերող նաւերը երեք հատ էին, անոնց փոխադրած ամբողջ քանակը վաճառուեցաւ եւ ոչ թէ ձրի տրուեցաւ, բացի կարգ մը բարեսիրական միութիւններէ, որոնց նաւթը յատկացուեցաւ իբրեւ օժանդակութիւն: