ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երիտասարդութեանս հետաքրքիր եւ պահանջկոտ ակնարկներովս սորված էի, որ իր անկախութենէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ամբողջ ցանկին մէջէն պատմաբանները երեւան հանած էին երկու նախագահներու անուն, որոնք ոչ միայն ունեցած էին միեւնոյն ճակատագիրը, այլ նաեւ` իրենց պաշտօնին եւ կեանքին հետ առնչուող զանազան նոյնանման մանրամասնութիւններ եւ երեւոյթներ:
Այդ երկու նախագահներն էին. Աբրահամ Լինքըլնը եւ Ճոն Քենետին: Աւելի յստակ` Աբրահամ Լինքըլն եւ Ճի. Էֆ. Քենետի: Նմանութի՞ւն, թէ՞ ոչ… Միտքս պարզեմ.
– Երկուքն ալ, եղած էին քաղաքացիական իրաւունքներու բուռն պաշտպան:
– Լինքըլն նախագահ ընտրուած էր 1860-ին, իսկ Քենետի անկէ հարիւր տարի ետք` 1960-ին:
– Երկու նախագահներն ալ սպաննուեցան ուրբաթ օրով եւ իրենց կիներու ներկայութեան:
– Երկուքն ալ իրենց գլուխէն ստացած էին մահացու փամփուշտը:
– Երկուքին ալ յաջորդներուն մականունները Ճոնսըն էր: Լինքըլնի յաջորդը` Անտրու Ճոնսըն (13 գիր), ծնած` 1808-ին, իսկ Քենետիի յաջորդը` Լինտըն Ճոնսըն (13 գիր), ծնած` 1908-ին:
– Յիշեալ երկուքն ալ եղած էին հարաւի նահանգներէն, Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ եւ ծերակուտական:
– Լինքըլնը սպաննողն էր Ճոն Ուիլքս Պութ (15 գիր), ծնած` 1839-ին, իսկ Քենետիին` Հարվի Օսուալտ (15 գիր), ծնած հարիւր տարի ետք` 1939-ին:
– Նախագահ Լինքըլնի քարտուղարը եղած էր Քենետի անունով պաշտօնեայ մը, որ իրեն թելադրած էր այդ գիշեր թատրոն չերթալ: Իսկ նախագահ Քենետիի քարտուղարը եղած էր Լինքըլն անունով պաշտօնեայ մը, որ իրեն թելադրած էր Տալաս քաղաքը (Թեքսաս) չերթալ:
– Երկուքին ալ պարագային, դէպքերը վազած էին իրենց ճակատագրի ետեւէն:
Այսպէս,
– Լինքըլնի ոճրագործը իր ոճիրը գործած էր թատրոնին մէջ, եւ ապա անկէ դուրս գալով, պահուըտած` շտեմարանի մը մէջ: Իսկ Քենետիի ոճրագործը ոճիրը գործած էր շտեմարանի մը մէջ եւ ապա դուրս գալով, պահուըտած` թատրոնի մը մէջ:
– Այս երկու ոճրագործներն ալ սպաննուեցան դատարան յանձնուելէ առաջ:
– Երկու նախագահներու փոխնախագահները, որոնք, ըստ սահմանադրութեան, նախագահ դարձած էին, իրենց շրջանը աւարտելէ ետք, յաջորդող ընտրութիւններուն նախագահական թեկնածու չեղան:
***
Իսկ հիմա… թէեւ օրին ամբողջ աշխարհը այս ոճրագործներուն գլխուն աղմկալից անէծքներ թափած էր, ու թէեւ ներքին եւ համաշխարհային անօրինակ տագնապներ ստեղծուած էին, բայց հարցերը` իբրեւ անլուծելի ու զարմանալի, նոյնը մնացած էին:
Արդեօ՞ք այս պատահածը պարզ զուգադիպութիւն էր, թէ՞ ոչ «պատմութիւնը ինքզինք կրկնած էր»: Չեմ գիտեր:
Բայց իրականութիւն է, որ երկու տարաբախտ նախագահներն ալ պատմութեան անցան եւ սակայն անցեալ չդարձան: Անոնք ամէն առիթներով միշտ յիշուեցան ու տակաւին կը յիշուին ու կը յիշատակուին:
Իմ կարգիս, համեստօրէն ըսեմ, որ շատ լաւ տպաւորութիւն մը ունեցած եմ այս երկուքին հանդէպ: Ինծի համար երկուքն ալ իրենց առաքելութեան յատուկ եւ հայրենասէր ղեկավարներ եղած էին: Իրաւունքի եւ հաւատքի պաշտպաններ: Չեմ փորձեր այս տողերով աշխարհը համոզել: Բայց երկու նախագահներուն կեանքի պատմութեան «նմանութիւնները», հետաքրքրական եւ զարմանալի գտնելով, յաճախ ինքզինքիս հարց տուած եմ, թէ իրապէ՞ս զուգադիպութիւն էին, թէ՞ ոչ պատմութեան կրկնութիւն: Դարձեալ չեմ գիտեր… դո՛ւք ճշդեցէ՛ք: Անկեղծօրէն պատմաբան մը չեմ եւ ոչ ալ նման «բաներ» վերլուծող: Միայն կը սիրեմ ականջ դնել պատմական տուեալներուն եւ հոնկէ հասնող արձագանգներուն` անոնցմէ սորվելու եւ դասեր քաղելու եւ վերցնելու: Էականը, նշանակալիցն ու կարեւորը: Տեսակ մը ինքնածին զգացողութիւն: Ես ինծի` տեսակ մը միտքերու ընթացք: Ու միշտ եզրակացուցած եմ` թող պատմութեան դատարանը ի՛նք ճշդէ, որոշէ եւ տնօրինէ:
Իսկ մենք` հայերս… Արդեօ՞ք տեղեակ ենք, որ չենք կարենար պատմութեան դէպքերը սրբել եւ զանոնք ժամանակէն զատել: Մինչեւ հիմա, այսքան ծանր հարուածներէ ետք, արդեօ՞ք կրցած ենք հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» վարկածը:
Մեր ժողովուրդը խաղաղասէր, ստեղծագործ եւ սակայն վշտահար ժողովուրդ մը եղած է, եւ իր պատմութեան հարուածները միշտ անխնայ եղած են: Նորութիւններ չեն: Օտարները փորձած են միշտ «խառնել» մեր պատմութեան էջերը: Հակառակ այս իրականութիւններուն` այնպէս կ՛երեւի, որ տակաւին ասոնցմէ «բան մըն ալ չենք սորված»: Ու միւս կողմէ, արդեօ՞ք գիտենք, թէ ի՛նչ ըսել է «պատմութիւն» եւ զայն հասկնալու համար` ժամանակին հետ «քալելը»: Դարձեալ դուք ձեզի հարց տուէք: Որովհետեւ այնպէս կ՛երեւի, որ այս ընթացքով տեղ մը ծուռ բան մը կայ հայ կեանքին մէջ: Գիտենք, որ պղտորած է մեր կեանքի հոսքը: Անհրապոյր օրեր զիրար սկսած են յաջորդել: Տխրութիւն կայ ամէն «բանի» մէջ: Եւ ո՞վ է մեղաւորը, եթէ նման բաներ մենք չենք տեսներ:
Իսկ եթէ իրապէս այս բոլորէն լաւատեղեակ ենք, ուրեմն մինչեւ հիմա ականջ պէտք էր որ դնէինք մեր պատմութեան եւ կեանքի թաքուն ձայներուն: Հին գաղափարները երբեմն պատգամի ձեւեր կ՛առնեն, ըսած են մեր մեծերը: Եւ ճիշդ են: Աշխարհը, ուր կ՛ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը: Այսքան պարզ է: Եւ այդ ճակատագիրը նախասահմանուած չէ: Անոր մէջ ուղղութիւնները շատ են, իսկ նպատակները` բազմազան, եւ ընտրութիւնը կախում ունի մե՛ր կամքէն: Ուրեմն կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին:
Պատմութիւնը հասկնալու ու անկէ օրինակներ վերցնելու եւ կամ օրինակուելու համար նախ պէտք է պատմութեան մէջ մնանք: Իսկ այս մէկուն համար էական է, որ ունենանք կամք: Ըլլալու կամք: Մնալու կամք: Յարատեւելու կամք: Կերտելու կամք: Ստեղծագործելու կամք: Մեր շուրջը տիրող իրավիճակին մէջ լոյսը վառելու կամք: Այլ խօսքով` «փոխելու», «փոխուելու», «նորոգելու» եւ «նորոգուելու» կամք:
Այս բոլորը, որովհետեւ մենք, իբրեւ հայեր, կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը` նոր ճանապարհներ տանող ծրագրումներով, նոր ժամանակներու նոր հայութեամբ:
Աւելի՛ն`. հրամայական է, որ մենք մեզի վերադառնանք` մեր հետեւողական աշխատանքով, ազատութիւնը կրած մեր հոգիներուն մէջ ու ազգային պայքարի ճամբով յարատեւելու ծրագրումով, չընկճուելու ու կանգուն եւ հզօր մնալու միակամ պատրաստակամութեամբ:
Ժամանակը արագացած է, եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է, ամէն անգամ կրկնած ենք: Զգաստանանք: Ահա այս իրականութիւնն է, որ պէտք է ապրի բոլորիս հոգիներուն մէջ: Որովհետեւ տեսնուած է, որ պատմութիւնը միշտ ինքզինք կրկնած է: Ա՛լ ժամանակն է, որ սկսինք անկէ դասեր քաղել…
Ի սէր Աստուծոյ, գոնէ քի՛չ մը սորվինք…