Հանրապետութեան նախագահը իր հետ ունենալով քաղաքական բազմաթիւ հոսանքներ կը շեշտէ երկխօսութեան սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, նախագահ Սըլէյման յայտնապէս շեշտեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը£ Երբ հանրապետութեան նախագահն է համախոհութեան ու միասնականութեան վրայ շեշտը դնողը, կը նշանակէ, թէ խախտումի նախանշաններ գոյութիւն ունին լիբանանեան կառոյցին մէջ£ Հաստատողը նախագահն է:
Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը կու գայ միաժամանակ հաստատելու, թէ հոսանքներու միջեւ օրըստօրէ խորացող անհանդուրժողութիւնը, մագլցող լարուածութիւնը կը սպառնան Լիբանանը այլ երկիրներէ զատորոշող համակեցութեան: Ոչ ոք կրնայ ժխտել այս դառն իրողութիւնը: Լիբանանի խորհրդանիշը հանդիսացողը անոր մասնայատկութիւնը առանձնացնող, զայն շրջանային մնացեալ պետութիւններէն զանազանող իւրայատկութիւնները սկսած են մէկ առ մէկ փուլ գալ, անոր քաղաքական այրերուն միջեւ խորացող այլամերժութեան եւ տարակարծութիւններուն հետեւանքով:
Ճիշդ կամ սխալ, արդար կամ անիրաւ, լիբանանցիները նախ պարտաւոր են յստակացնելու երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերը, ինչպէս նաեւ անոնց հերթականութիւնը:
Նախ սահմանել ինչո՞ւ երկխօսութեան նիստերը: Անպայման, որ անհրաժեշտութեան մը ստիպողութիւն է ան կամ հակառակը, լքել, որ կառավարութիւնը իր ընթացիկ օրակարգերուն վրայ քննարկէ, այսպէս կոչուած հրատապ հարցերը…: Ապա յստակացնել անկէ բխած որոշումներուն բնոյթը£ Ստիպողական բնոյթ պիտի կրեն անոնք թէ՞ պիտի մնան թելադրութիւններու եւ մաղթանքի սահմաններուն մէջ:
Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ ծագած հիմնական երկու օրակերգերը արտաքինէն դիտելով, տեղական բնոյթի տպաւորութիւն կրնան ստեղծել, սակայն անոնք խորապէս կախեալ են արտաքին գործօններու հետ£ Այս, առնուազն հակամարտութեան երկու գլխաւոր բեւեռներուն կարծիքով: Երկու լուրջ հարցերու շուրջ ծագած բանավէճը կþանդամալուծէ երկրին ընկերային, քաղաքական, տնտեսական կեանքը£ Զբօսաշրջութիւնը, ճարտարարուեստը, առեւտրական առօրեան կþապրին տեղատուութիւն: Այս երկու գլխաւոր օրակարգերուն հիմնական զոհը Լիբանանն է ու լիբանանցին, ժողովրդավար որեւէ հասարակարգ երաշխաւորող ընկերային արդարութիւնը£ Ո՞վ կը մտածէ մօտաւորապէս 54 միլիառ տոլարի հասնող Լիբանանի ընդհանուր պարտքերուն մասին£ Ուրտեղէն յառաջացան եւ ո՞վ պիտի վճարէ զանոնք, լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի այսօր Լիբանանը£ Ճիշդ այստեղ անհրաժեշտ է դրսեւորել հաւաքական գիտակցութիւն£ Լիբանանի գոյութիւնն է խնդրոյ առարկան£ Առ ճակատումը եւ փողոցի ընտրանքը ոչինչ կþերաշխաւորեն կողմերուն:
Հանրապետութեան նախագահը նախազգուշացնելով անհաճոյ զարգացումներու հետեւանքներէն, երկխօսութեան սեղանին վրայ կþառաջադրէ տեսնել լուծումները:
Այս առիթով, կþուզենք յստակացնել կարգ մը կեցուածքներ:
Առաջին Խստիւ կը դատապարտենք քաղաքական ոճիրներու մշակոյթը: Ոճիրը, թուլութեան նշան է£ Ոճրագործը պիտի ստանայ իր արդար պատիժը: Ժողովրդավար հասարակարգ մը, ինչ ազգութեան, որ պատկանի ան, պիտի մերժէ անպատիժ ոճիրը£ Ճիշդ այստեղ կը ծագի Միջազգային Ատեանին դերակատարութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը£ Ռաֆիք Հարիրի անձնասպանութիւն չգործեց Սէն ԺորԺ պանդոկին առջեւ£ Ոճրագործները կազմակերպող եւ գործադրող պիտի կրեն իրենց արդար պատիժը£ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն պիտի ջնջուի ոճիրի մշակոյթը: Ոճրագործը հաշուետու պիտի մնայ օրէնքի եւ ատեանի առջեւ: Սկզբունքային այս կեցուածքին մէջ նոյնքան նախանձախնդիր կը մնանք իրաւապահ կառոյցներու անաչառութեան: Իրաւապահ կառոյցներ եւ իրաւական մարզը պէտք չէ մխրճել քաղաքական կեանքին մէջ եւ հակառակը: Քաղաքական դէմքեր, քարոզչական միջոցներ չարաշահումներէ հեռու անհրաժեշտ է որ պահեն իրաւական կառոյցները:
Երկրորդ, ժողովրդավար որեւէ հասարակարգ կամ պետութիւն պարտաւորէ երաշխաւորելու իր անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը, քաղաքացիներու անվտանգութիւնը£ Ժողովրդավար հասարակարգերու մէջ, վերոյիշեալներու պաշտպանութիւնը կը ներկայանան ազգային բանակին եւ ներքին ապահովական կառոյցներով: Փաստօրէն բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերն են քաղաքացիին ու պետականութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորները:
Դժբախտաբար, Լիբանանի պարագային, իրողական գետինը բաւական հեռու է, ժողովրդավար հասարակարգերուն յատուկ արժեչափերէն: Լիբանանը դժբախտաբար պարարտ հող է օտար պետութիւններու ենթակայ ՙապահովական գօտի՚ներով, որոնք յաճախ կ’ոտնակոխեն պետութեան վարկն ու հեղինակութիւնը: Գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքը միշտ ծանր ազդեցութիւն ունեցած է Լիբանանի քաղաքական առօրեային վրայ: Սակայն, այս վտանգաւոր երեւոյթը չի սահմանափակուիր պաղեստինեան զէնքով: Դժբախտաբար, 2000 թուականէն սկսեալ Իսրայէլի դէմ փայլուն յաղթանակներ արձանագրած Դիմադրութեան զէնքը, քաղաքական հաւասարակշռութեան գործօնի վերածուած է ներլիբանանեան բեմին վրայ£ Պետականութիւն ու բանակ ունեցող հասարակարգի համար այս մէկը անընդունելի է: Դիմադրութիւնը իր զէնքը կրնայ օգտագործել արտաքին թշնամիին դէմ, իր քայլերը համադրել գործող իշխանութիւններու հետ, մնալով անոր ցուցմունքներուն եւ ապաւէնին տակ£ Պէյրութի կամ Թրիփոլիի արուարձաններուն մէջ որեւէ դերակատարութիւն չէ վերապահուած Դիմադրութեան£ Հետեւաբար, ան կը կորսնցնէ իր վարկն ու յարգանքը եւ կը վերածուի սովորական թաղային իշխանութեան…: Մենք կը մերժենք քաղաքացիներուն դէմ ուղղուած ապօրէն զէնքը եւ կը մերժենք զէնքի ազդեցութեան տակ քաղաքական պարտադրութիւններ ստիպելու մշակոյթը:
Հանրապետութեան նախագահը իրազեկ ըլլալով տիրող ծանր կացութեան ամէն գնով կը փորձէ քով քովի բերել քաղաքական հոսանքներու ներկայացուցիչները: Ժամանակն է, որ լիբանանացիները ցուցաբերեն հաւաքական գիտակցութեան ոգի եւ գործնապէս մասնակցին երկիրը փրկելու կոչերուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com