ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սկսաւ կառուցուիլ Լաչինի միջանցքի այլընտրանքային ճամբուն կամուրջը՝ Հաքարի գետին վրայ: Լուրը կը հաղորդէ «Երկիր»ը:
9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը յատուկ կէտ կը բովանդակէ 3 տարուան ընթացքին, Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային ճամբու կառուցման: Յայտարարութեան 6րդ կէտը կ՛ըսէ. «Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար, յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքին նոր ճամբու կառուցման նախագիծ մը, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի՝ այդ ճամբան պաշտպանելու համար:
«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան եւ բեռնատար միջոցներու երկու ուղղութիւններով երթեւեկի ապահովութիւնը»: