Տարի մը եւս բոլորեց Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանը, 26 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներու հունձքով, որ եկաւ աւելնալու այն բազմահարիւր աւարտականներուն վրայ, որոնք «դափնեպսակը» հանդիսացան այս տարեշրջանին, իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արժանաւոր սերունդ:
Իրաւունք ունին Միութեան ղեկավարութիւնը, տնօրէնութիւնը, կրթական մշակներն ու ծնողները, հպարտանալու այս հունձքով, որովհետեւ9 դպրոցական թէ պետական մակարդակներու վրայ, ազգային թէ հայեցի դաստիարակութեամբ, անիկա բարձր պահեց վարժարանին վարկը, նոր բարենիշ մը եւս ապահովելով, որպէս հայ աշակերտի, տիպար քաղաքացիի եւ ամրակուռ հայրենասէրի ջերմ հնոց:
Վստահաբար, այս ցուցանիշներն ու առաքինութիւններն էին, որոնք94 Յուլիս2015ին, Տեմիրճեան Կեդրոնէն ներս, իմաստաւորեցին վարժարանի վկայականներու բաշխման հանդէսին էութիւնը, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին:
Հրաւիրեալներու շարքին էին9 Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ու կրթական Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ ատենադպրուհի Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, ՀԵԸի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, միութենական մարմիններու, մասնաճիւղերու ու շարժումներու պատասխանատուներու, յարգարժան հիւրերու, ծնողներու ու հարազատներու, ինչպէս նաեւ բարեկամներու մեծ թիւի մը, որոնք
եկած էին վայելելու հոգեցունց եւ ոգեւորող ընթացաւարտութեան այս պահը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նորահաս սերունդի ուսումնաւարտները, հանդիսասրահ մուտք գործեցին, առաջնորդութեամբ վաստակաւոր աւագ ուսուցիչ Պրն. Աւետիս Չաքմաքեանի, շրջանաւարտութեան յատուկ նուագակցութեան եղանակով:
Լիբանանի, Հայաստանի ու ՀԲԸՄիութեան քայլերգներու յոտընկայս ունկրդութենէն ետք, Պրն. Աւետիս Չաքմաքեան պաշտօնապէս բացումը կատարեց հանդիսութեան, բեմ հրաւիրելով տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանը, ներկայացնելու9 կրթական խօսքը:
Պրն. Վասիլեան, համապարփակ մանրամասնութեամբ, թուարկումներով ու բացատրութիւններով, լուսարձակի տակ առաւ վարժարանին այն նուաճումներն ու իրագործումները, յաջողութիւններն ու մասնակցութիւնները, որոնք արձանագրուած են ընթացիկ տարեշրջանին, թէ՛ ներդպրոցական, թէ՛ արտադպրոցական, նաեւ9 դասարանային, ատենամարզանքային, ընկերային, համայնքային ու գաղութային մարզերէն ներս, միշտ արձանագրելով ուշագրաւ վարկանիշներ:
Պրն. Տնօրէնը անխառն հպարտութեամբ յայտարարեց այն բացառիկ յաջողութիւնները, որոնք արձանագրուած են պետական քննութեանց մէջ («Պըրվէի»9 20ի վրայ 19ը, «Պաքալորէա»919ի վրայ 18), որոնք ընդունուեցան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններով (խօսքը9 առանձին):
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու ու մրցանակներու բաշխումը, ձեռամբ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանի, Պետական Երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի ու տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեանի, խանդավառիչ մթնոլորտը աւելի ջերմացնելով, որովհետեւ, ամէն ոք յուզուած էր, զգացուած, բայց, շատ աւելի9 երջանկացած ու հպարտացած, միանգամայն:
Այնուհետեւ, հետեւեալները, յանուն շրջանաւարտներուն, հանդէս եկան ուղերձներով.
. Հուրի Ժամկոչեան9 Հայերէն
. Գարին Սիմոնեան9 Արաբերէն
. Արին Տագէսեան9 Անգլերէն
. Արաքս Չերչեան9 երախտագիտութեան խօսք (բոլորն ալ առանձին տեսնել)
Ուղերձախօսները, իրենց աշակերտական զգացումները յայտնեցին, երախտիքները փոխանցեցին, մտորումները բարձրաձայնեցին եւ շնորհակալիքները շեշտեցին, հանդէպ իրենց դպրոցը, ուսուցիչները, տնօրէնները, ծնողները եւ Միութեան պատասխանատուները, անկեղծ ու բուխ արտայայտութիւններով, որոնք մեծապէս գնահատուեցան հանդիսականներուն կողմէ:
Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց հայ Ենք»էն հատուածի մը ընթերցումը, Հայերէն, Արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, եւ կատարողութեամբ շրջանաւարտներ Վիվիան Ատուրեանի, Արենի Գասպարեանի, Կարօ Անթոսեանի, Վանա Մինասեանի եւ Եղիկ Աւետիքեանի, անհունապէս տպաւորեց ներկաները, անգամ մը եւս ցոյց տալով հայ նոր սերունդին վճռակամութիւնը, հաւատարիմ մնալու իր արմատներուն եւ ակունքներուն:
«Հուսկ Բանք»ը վստահուած էր9 Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ9 Պրն. Շանթ Չինչինեանի, որ միութենական ընտանիքի զաւակ եւ երկու տարի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի տնօրէն ըլլալով, իր խօսքը ուղղեց աւարտականներուն, ծնողներուն, եւ ընդհանրապէս ներկաներուն, կարեւորեց վկայականներու բաշխման տուչութեան այս հանդէսը, ընդգծեց շրջանաւարտներուն վերապահուած դերին կարեւորութիւնը, ազգային-քաղաքացիական պատկանելիութեան մասին խորհրդածութիւններ կատարելով, ապա, անդրադառնալով Միութեան տալու առաքելութեան, զոր պէտք է հատուցել9աւելիով վերադարձնելով առնուածը, ի սպաս անոր շարունակականութեան ու հայ ժողովուրդին ծառայութեան:
Ամենէն տպաւորիչ պահը, որ ամբողջ սրահը մագնիսացուց եւ հասարակութիւնը հմայեց9 «Հաւաքական Ուխտ»ն էր, երբ անիկա արտասանուեցաւ շրջանաւարտներու կողմէ,հետեւելով Եղիկ Աւետիքեանի հաղորդական բամբ ձայնին եւ վանկարկութեան, ցոյց տալով այն ոգին եւ յանձնառութիւնը, որոնք ճիտին պարտքն են անոնց, ինչ որ բոլորին մօտ ամրացուց այն հաւատքը, որ հերթափոհի սերունդը գիտակից է իր դերին եւ իրմէ ակնկալուած պարտտականութեանց: (տեսնել կողքին):
Հաւաքական Ուխտ
Մենք9 Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի 2014-2015 տարեշրջանի աւարտականներս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած հունձքը, այսու, միաձայնութեամբ կ0ուխտենք.
Հաւատարիմ Մնալ9
– Մեր ազգութեան եւ ինքնութեան սրբութիւններուն
– Մեր լեզուի ու մշակոյթի պահպանումին
– Մեր Միութեան աւանդներուն ու վարժարանիս ջամբած հայեցի դաստիարակութեան
– Մեր Հայկական Պահանջատիրութեան «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» պատգամին:
Մասնակցիլ
– Մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման գործին
– Մեր ընկերային ու համայնքային գործունէութիւններու ու ծրագիրներու իրականացման
Եւ երախտապարտ ըլլալ9
Մեր ծննդավայր9 Լիբանանեան Հայրենիքի հիւրընկալութեան եւ յանձառու9 մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւներուն:
Ամէն ոք անհաբեր էր իր աշակերտ-աշակերտուհիին, զաւակ-շրջանաւարտին, հարազատ-բարեկամին շնորհաւորելու եւ ողջագուրելու, իսկական շրջանաւարտային-խրախճանքային մթնոլորտ մը ստեղծելով, պատշաճ հիւրասիրութեան մը ընդմէջէն:
Հ.Բ.Ը.Մ.
ԴԱՐՈՒՀԻ-ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ
2014-2015 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԸՆԿԵՐԱ- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ (SOCIO-ECONOMICS)
- ԱՆԹՈՍԵԱՆ ԿԱՐՕ 7. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ ՆԱՆՈՐ
- ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ ՄԱՐԻԱ 8. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԱՐԵՆԻ
- ԱԶԷԶԵԱՆ ՆՈՒՊԱՐ 9. ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՎԱՆԱ
- ՊԱԼԹԱՐԵԱՆ ՆԱՆԱՐ 10. ՇԱՆՆԱՔԵԱՆ ԳԱՐՕԼ
- ՃԻՊԵԱՆ ԼԱՐԱ 11. ՍԻՍԼԵԱՆ ԼԱՐԱ
- ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՌՈԼԱՆՏ
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ (GENERAL SCIENCES)
- ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ ԵՂԻԿ 4. ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԳԱՐԻՆ***
- ՏԱՔԷՍԵԱՆ ԱՐԻՆ * 5. ԵՐԵՄԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ
- ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ ՀՈՒՐԻ *
ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ (LIFE SCIENCES)
- ԱՏԱԼԵԱՆ ԿԱՐԷՆ 3. ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՉԷ
- ՊԱՔԱԼՊԱՇԵԱՆ ԱՐԷՆ 4. ԹՕՍՈՒՆԵԱՆ ՄԻՐԷՅ
11ՐԴ ԱՐՈՒԵՍՍԻՑ ԲԱԺԻՆ
- ԱՏՈՒՐԵԱՆ ՎԻՎԻԱՆ 4. ՔՐՏԱՆԵԱՆ ՆԱԹԱԼԻ
- ՏԷՐ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱԶՆԻՒ 5. ԳՈԻՏՈՒԶԵԱՆ ՔՐԻՍԹՈՖԸՐ
- ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՔՐԻՍԹԻՆ 6. ՉԵՐՉԵԱՆ ԱՐԱՔՍ*
*** Գերազանց
* Պատուոյ Յիշատակութիւն
Հ.Բ.Ը. Միութեան Վարժարաններու
Տեղեկատուական Գրասենեակ