ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ
Շաբաթ, Յունուար 9ի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան մշակութային կեդրոնին մէջ, 90 վայրկեան շարունակ կուշտ ու կուռ խնդուքով վայելեցինք անգլիացի կատակերգակ թատերագիր Ռէյ Գունիի «Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ» (Funny Money) կատակերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ Գրիգոր Սաթամեանի եւ խաղարկութեամբ՝ ՀԲԸՄի «Սաթամեան» թատերախումբին:
Ռէյ Գունի անակնկալ, խիստ արագ փոփոխուող եւ ծիծաղաշարժ կացութիւններ արարող հեղինակ է, որուն գործերուն մէջ իրականն ու անիրականը, բնականն ու անբնականը վարպետօրէն իրարու հիւսուած են: Անսպասելի պատահարներ այնպիսի վարպետութեամբ իրարու կը յաջորդեն, որ ամէն վայրկեան ստիպողական հարցերու խառնարանէն բխող ծիծաղելի ու արտակարգ լուծումները անդիմադրելի խնդուք կը պատճառեն հանդիսատեսին:
Անցեալ վեց-եօթը տարիներուն, «Սաթամեան» թատերախումբը հանդէս գալով Գունիի «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» եւ «Հայրս Ո՞վ Է» կատակերգութիւններով՝ մեզի ընծայած էր առիթը ծանօթանալու եւ վայելելու Գունիի անսպառ տաղանդի բազմաբնոյթ արժանիքները, որոնց մէջ պակաս դեր չունի նաեւ բեմադրիչ Սաթամեանի վարպետ ներդրումը: Թէ՛ վերի երկու «փիէս»ները եւ թէ այս մէկը՝ «Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ»ն, կարելի է ըսել, որ սիրողական համարուող «Սաթամեան» թատերախումբի բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի արհեստավարժ հսկողութեան տակ՝ կուշտ ու կուռ խնդուք պատճառեցին: Բեմադրիչ Սաթամեան, հայերէնի թարգմանելով թատերախաղը՝ հաճելի գիւտով մը գործողութեան վայրը փոխադրած է անգլիականէն Փասատինայի հայկական միջավայրը՝ Յակոբ եւ Սիլվա Փափազեաններու բնակարանը, «փիէս»ին տալով հայկական երանգ մը:
ՆԻՒԹԸ
Յակոբ Փափազեան (Ռուբէն Հարմանտայեան), երեկոյեան մեթրոյով տուն վերադարձած ատեն, իր սեւ պայուսակին փոխարէն՝ սխալմամբ կը վերցնէ իր քովը նստած անծանօթին (որ թմրեցուցիչի մաքսանենգ մըն է) սեւ պայուսակը, որուն մէջ 4.5 միլիոն տոլար կանխիկ գումար կայ: Խելք թռցնող գումարին գոյութեան Յակոբ կ՛անդրադառնայ գինետան մը մէջ… Ի տես այս ահագին գումարին՝ Յակոբ նախ չի հաւատար իր աչքերուն: Տակն ու վրայ եղած՝ կը մտնէ արտաքնոց, ինքնակորոյս կը հաշուէ դրամները, առանց անդրադառնալու, որ Փասատինայէն գաղտնի ոստիկան Տեվընփորթ (Վիգէն Պալապանեան) ուշադրութեամբ կը հետեւի իր վիճակին: Թմրեցուցիչի մաքսանենգը, որ իր կարգին վերցուցած էր Յակոբի պայուսակը, որուն մէջ կային անոր ինքնութեան թուղթն ու հասցէն, երբ կը ներկայանայ իր մեծաւորներուն, կը սպաննուի, ապա կը սկսի Յակոբի փնտռտուքը:
Յակոբ ուշ տուն կը հասնի. իր կինը՝ Սիլվան (Արփի Պալապանեան) անհամբեր կը սպասէ իրեն, որովհետեւ այդ գիշեր իր ծննդեան տարեդարձն է եւ քոյրը՝ Անին (Արփի Սամուէլեան) ու իր ամուսին Վիգէնը (Փիթըր Նշան), պիտի միանան իրենց: 4.5 միլիոն տոլար պարունակող պայուսակը պինդ բռնած՝ Յակոբ ուրիշ ծրագիր մը ունի՝ Պարսելոնա (Սպանիա) թռչիլ իր կնոջ՝ Սիլվային հետ, եւ հետքը կորսնցնել։ Սիլվա կը մերժէ եւ կ՛ուզէ, որ դրամը վերադարձուի իր տէրերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ հանգիստ վայելել իրենց տարեդարձի խնճոյքը: Ի զուր, Յակոբ վճռական է իր որոշումին մէջ, ու ծայր կու տայ խիստ ծիծաղելի բանակռիւ մը… Մինչ այդ, կը յայտնուի գաղտնի ոստիկան Տեվընփորթը, որ մեծագումար կաշառքի դիմաց՝ կը լռէ: Կը յայտնուի նաեւ Լոս Անճելըսէն գաղտնի ոստիկան Սլէյթըրը (Արի Լիպարիտեան), զոր հազար խաղերով զբաղուած կը պահէ Յակոբ: Մինչ այդ, ստեղծուող իւրաքանչիւր նոր կացութեան հետ, կը ստեղծուի նաեւ ծիծաղելի լաբիւրինթոս մը:
Հոս կանգ կ՛առնեմ, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք Կիրակի, Յունուար 24ին, Շաբաթ Յունուար 30ին կամ Կիրակի, Յունուար 31ին դիմեն ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի համալիրը (6844 Oakdale Ave., Canoga Park), ուր պիտի ներկայացուի «Դրամը Ինչե՜ր Կ՛ընէ»ն, անձամբ իմանան անոր վախճանը:
Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ դերասանական կազմին աշխոյժ խաղարկութիւնը արժանի է ջերմ գնահատանքի: Ներկայացման ամբողջ ծանրութիւնը սահուն կերպով իր ուսերուն տանող, խաղին ճարտարապետն ու կեդրոնական դէմքը հանդիսացող Ռուբէն Հարմանտայեանէն սկսեալ, մինչեւ Արփի Պալապանեան, Արամ Մուրադեան (թաքսիի վարորդը՝ Համլեթ), Փիթըր Նշան, Արփի Սամուէլեան, Վիգէն Պալապանեան, Արի Լիպարիտեան եւ վերջապէս՝ Ալեքս Խորշիտեան (թմրեցուցիչներու մաքսանենգներուն պետը), հրաշալիօրէն մարմնաւորեցին իրենց դերերը:
Գնահատանքով պէտք է արձանագրել նաեւ թեքնիք անձնակազմի անունները՝ Նարինէ Աւագեան (բեմավար), Մանուկ Սաթամեան (բեմայարդարում), Սերժ Նաւեան եւ Լեւոն Սաթամեան (օգնականներ), Ռաֆֆի Գալամքարեան (երաժշտութիւն եւ լոյս), Նարինէ Աւագեան (յարդարման գունաւորում), Լիւսի Պալապանեան (բեմի առարկաներու պատասխանատու), Էլիսըն Քէշիշեան (զգեստներու պատասխանատու), Թալին Գարակիւլլէեան (յուշարար) եւ Վիգէն Պալապանեան (ներկայացման գրքոյկի կողքի եւ դերասաններու նկարներու պատրաստում):
Գրքոյկին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած է Փասատինայի ՀԲԸՄի կեդրոնի պաշտօնեաներ Շաքէ Թումայեանին, Ազնիւ Սապունճեանին, Մանուկ Սաթամեանին եւ Սերժ Նաւեանին: