Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ Լիբանանի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն, հայ կաթողիկէ համայնքի թեկնածու գնդապետ Ժան Թալուզեանի յաղթանակին, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ:
Ի ներկայութիւն Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի եւ անդամներուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, ՀԲԸՄ-ը եւ ՀԵԸ-ը ներկայացնող տիկնանց, վեթերաններու, ասպետներու, երիտասարդ արհեստավարժներու, կրթական մարզի աշխատակազմերու, մշակութային, մարզական, սկաուտական, համալսարանական մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, հոծ թիւով միութենականներու: Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներէն ետք, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի ծրագիրներու համադրող Արին Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, փոխանցելով նորընտիր երեսփոխան՝ գնդապետ Ժան Թալուզեանը պատուելու ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ընտանիքներուն ցանկութիւնը: Ան նաեւ համապարփակ տողերու մէջ անդրադարձաւ 112-ամեայ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ծառայութիւններուն: Խօսքին յաջորդեց տեսաերիզի վրայ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի գործունէութեան մասին կարճ ժապաւէն մը:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի գործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիար փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի խօսքը: Ան յայտնեց, թէ յանուն ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի բարի գալուստ կը մաղթէ նորընտիր երեսփոխան գնդապետ Ժան Թալուզեանին եւ կը շնորհաւորէ անոր արժանի յաղթանակը:« Հպարտ ենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի տեսլականով եւ որոշումով՝ աջակցելու գնդապետ Ժան Թալուզեանի թեկնածութեան: Ոչ մէկ անհատ, կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն իրաւասու է պաշտպանելու եւ կամ թելադրելու Բարեգործականի շահերը: Ոչ ոք միութեանս Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովէն աւելի նախանձախնդիր է միութեանս շահերը հետապնդելու ուղղութեամբ». դիտել տուաւ Անիթա Լիպիար: Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտրական գրասենեակի բոլոր ծառայողներուն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ Վիգէն Չերչեան վեր առաւ ուսումնական վաղ տարիներէն մինչեւ սպայից վարժարան՝ մարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու պաշտպանութեան վրայ դաստիարակութիւն ստացած Ժան Թալուզեան մարդուն առանձնայատկութիւնները, անոր մէջ արժեւորելով հայրենիքին եւ շրջապատին ծառայելու պատրաստակամութիւնը: « Երեսփոխանական դիրքը միջոց մըն է պարզապէս հանրութեան ծառայելու ձեր հաւատքին եւ համոզումներուն». դիտել տուաւ Վիգէն Չերչեան, աւելցնելով, որ պետական երեսփոխանը, հայ համայնքի եւ համայն լիբանանցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընկերային արդարութեան ձայնը պիտի դառնայ նորընտիր խորհրդարանին մէջ: Ան ողջունեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ մեծ ընտանիքին մէջ պետական երեսփոխան, գնդապետ Ժան Թալուզեանի ներկայութիւնը:
Ապա խօսք առաւ պետական երեսփոխան գնդապետ ժան Թալուզեանը: Ան շեշտեց, թէ փոքր տարիքէն եղած է լիբանանցի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան նախանձախնդիր անձնաւորութիւն, հաւատալով քաղաքացիին ծառայելու միջոցով լիբանանեան հայրենիքին ծառայելու սկզբունքին: Ժան Թալուզեան ընդգծեց, թէ քաղաքացիին իրաւունքները եւ արդարութեան ձայնը սկզբունք ու կարմիր գիծ եղած են իր անձին համար եւ այդ համոզումով պիտի շարունակէ ծառայել համայն Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան: Գնդապետ Ժան Թալուզեան ընդգծեց, թէ լիբանանահայը պարտի աւելի լսելի դարձնել համայնքային անտեսումներու դէմ բողոքը, որովհետեւ բոլոր համայնքներուն նման, ան եւս ունի իրաւունքներ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ղեկավարութեան, բոլոր միութենականներուն եւ համակիրներուն՝ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան սատար կենալու համար, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց ծառայելու համայն Լիբանանահայութեան:
Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեան գնահատանքի յուշանուէրով պատուեց պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեանը:
Ապա, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները պետական երեսփոխան գնդապետ Ժան Թալուզեանի հետ միասնաբար հատեցին օրուան կարկանդակը, որուն յաջորդեց յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ