Նոր տարուան սեմին, գոհունակութեամբ կը վերագնահատենք անցնող տասներկու ամիսներու յատկանշական իրադարձութիւնները, որոնք նշանակալի զարգացումներով դրսեւորուեցան մեր ազգային կեանքէն ներս, համաշխարհային համակրանքի արժանացնելով հայութիւնը, իւրայատուկ դիրք ապահովելով հայ ժողովուրդին՝ արդի ժամանակագրութեան էջերուն մէջ: Անցնող տարեշրջանին, պատահեցան անկիւնադարձային դէպքեր եւ ձեւաւորուեցան ռազմավարական ուղղութիւններ ու յարաբերութիւններ, որոնք տակաւին տարի մը առաջ իսկ նախատեսելի չէին մեզի համար:
Հայրենի ժողովուրդին կողմէ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անցնող ամսուան ընթացքին կատարուած համաժողովրդային ընտրութիւններով, օրինականօրէն ամրագրեց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած շարժումին կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ապահովումը:
Ուղենշային այս իրագործումը, սփիւռքահայութիւնը կը դնէր լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ հանդիման, Նոր Հայաստանի ձգտումներու իրականցումին ուղղութեամբ իր դերի եւ պարտաւորութիւններու ստանձնումը պատուով կատարելու հրամայականով: Այդ դերի ըմբռնումը կ’արտայայտուէր անցնող տարիներուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ որդեգրուած «համաշխարհային հայ»ու տիպարի հասկացողութեամբ եւ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի առաջադրած «Փոքր ժողովուրդ աշխարհածաւալ ազգութիւն» լոզունգով: Իր կազմակերպչական կառոյցին ընդլայնումով եւ ժամանակակից կարիքներու ընդառաջ նոր կողմնորոշումներով, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պատրաստ է եւ յանձնառու, արդիւնաւոր նախաձեռնութիւններով դիմագրաւելու այդ հրամայականը:
Առ այդ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան առաջին իսկ օրերուն, Միութիւնը նորանշանակ կառավարութեան տարբեր նախարարութիւններուն հետ անհատական մակարդակի վրայ սերտ համագործակցութեամբ եւ աշխատանքային հանդիպումներով, իր մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը երկրի ընկերային տնտեսական զարգացման ուղղուած ծրագրումի եւ քաղաքացիական կառոյցներու ամրապնդման գործընթացին մասնակից դարձնելու ճիգերուն:
Աշխարհի տարածքին Հ.Բ.Ը.Մ.ի տարբեր կառոյցներուն եւ շրջանակներուն շարունակուող ծրագիրներու օգտակար եւ աշխոյժ գործունէութիւններուն կողքին, կ’արժէ նշել անցնող տարեշրջանին իրականացած շարք մը ընդհանրական կարեւոր նախաձեռնութիւններ:
Ընդարձակելով Ուաշինկթըն Տի Սի-ի մէջ Սմիթսոնիըն Ինստիտուտ-ին հետ իր առկայ գործակցութեան ծիրը, Միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կայացած ժողովրդային Կեանքի Փառատօն-ին: Փառատօնին ընձեռած իր հովանաւորութեան առընթեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը Հայաստանի Զբօսա-շրջիկութեան Գործադիր Մարմինին հետ համախորհուրդ, կազմակերպեց եւ հիւրընկալեց ծանօթացումի յատուկ հանդիպումներ այդ մարզի մասնագէտներու հետ, Ուաշինկթըն Տի Սիի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթոնի մէջ:
Նիւ Եորքի Արուեստի Մէթրոփոլիթըն Թանգարանի «Armenia!» խորագրով աննախընթաց ցուցահանդէսը, թանգարանի բազմահազար այցելուներուն եւ արուեստի աշխարհին ծանօթացուց հայկական Միջնադարեան Արուեստին իւրայատուկ բնոյթը եւ անոր դերը, հին աշխարհի մշակոյթներու կազմաւորման հոլովոյթին մէջ: Այդ առիթով, որպէս ցուցահանդէսի գլխաւոր հովանաւորողներէն մին, Հ.Բ.Ը.Մ.ը թանգարանի տարածքէն ներս կազմակերպեց շարք մը յարակից յայտագիրներ, ինչպէս՝ մանուկներու յատուկ գործունէութիւններ, կատարո-ղական ելոյթներ եւ Ս. Ծննդեան համոյթ: Իր համացանցային հարցազրոյցներու շարքին մէջ, յատուկ յայտագրով մը Միութիւնը հանրութեան ներկայացուց ցուցահանդէսի կազմակեր-պիչները: Հայկական արուեստին եւ յայտագրի կազմակերպչական աշխատանքերուն վերա-բերեալ անոնց ելոյթը տեղադրուեցաւ նաեւ թանգարանի կայքէջին վրայ:
Միութեան Շրջանակներուն կողմէ իրականացուած յատկանշական նախաձեռնութիւններէն էին՝ Լոնտոնի Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազմակերպած նուիրահաւաքի հաւաքոյթը ի նպաստ համագործակ-ցաբար գործող Թումո-Հ.Բ.Ը.Մ. կեդրոններուն, իբր պատուոյ հիւր՝ ոտնագնդակի աշխարհահռչակ աստղ Հէնրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ: «Պրիւքսէլի մէջ Երաժշտական Շաբաթավերջ» յայտագիրը, կազմակերպուած էր երաժշտական արուեստի երիտասարդ աստղերու մասնակցութեամբ, նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայորդեայց Տուներ»ուն: Իսկ Նիւ Ինկլէնտ-ի Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի տօնախմբութեան առիթով, աւելի քան երկու միլիոն ամերիկեան տոլարի հանգանակութիւն մը իրականացուց, շնորհիւ յատկապէս Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի վեթերաններու առատաձեռն մասնակցութեան: Երիտասարդ Արհեստա-վարժներու խմբակցութիւնները շարունակեցին իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը, պաշտօնապէս ընդարրձակելով իրենց ցանցը Ասիոյ մէջ, Հարաւային Քորէայի մէջ ստեղծուած նոր խմբակցութեամբ:
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ, յատկանշական երկու ծրագիրներ կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեցին 2018-ի ընթացքին. Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կանանց Նախաձեռնութիւներու Զօրակցական շարժումը եւ Կամուրջ Քաղաքացիական Համայնքային Կազմակերպութիւններու ծրագիրը, Եւրոպական Խորհուրդին հետ համագործակցութեամբ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ իրագործուող այս զոյգ ծրագիրները, գլխաւորաբար կ’իրականացուին սփիւռքի աջակցութեամբ, ապահովելով խորհրդատուներու, յատուկ ոլորտներու մասնագէտներու եւ դեսպաններու մասնակցութիւնը: Առաւել, Հայաստանի, Գանատայի եւ Ֆրանսայի մեր գործող խումբերը, Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած Ֆրանքօֆօնիի Համագումար-ի ընթացքին, օգտուելով այդ առթիւ հայաստան համախմբուած ֆրանսախօս աշխարհի պետական ղեկավարներու եւ պատգամաւորներու ներկայութենէն, միասնաբար աշխատեցան նոր կապեր եւ գործակցական յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ:
Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ պատմական յիշատակելի իրադարձութիւններով: Ֆրանսայի ժողովուրդին կողքին, համայն աշխարհը սգաց կատարողական արուեստի համաշխարհային ամենափայլուն աստղերէն Շարլ Ազնաւուրի կորուստը: Միութեան պաշտօնաթերթին հետ կատարած վերջին հարցազրոյցին իր յայտարարութիւնը, թէ պիտի երգէ մինչեւ իր վերջին շունչը, մարգարէական կը հնչէ այսօր:
Նշեցինք յաղթանակներու եւ կորուստներու դարադարձեր եւ տարեդարձներ: Սարդարա-պատի Ճակատամարտի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակներէն, մինչեւ Արցախի Ազատագրական Շարժումի եւ Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեակները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանացան յարգանքի խոհական դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ առիթ հանդիսացան հանրութիւնը իրազեկող ծրագիրներու մշակումին: Յատկապէս Արցախի տնտեսական կայուն զարգացման ի նպաստ, հիմնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Արցախի Ֆոնտը:
Ինչպէս միշտ, մենք բարձր կը գնահատենք մեր շրջանակներուն, անդամակցութեան եւ անձնակազմերուն հաւատաւոր, աշխոյժ եւ նուիրեալ աշխատանքը, որուն միջոցաւ կարելի դարձան անցնող տարեշրջանի փայլուն նախաձեռնութիւնները: Մենք երախտապարտ ենք նաեւ մեր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց առատաձեռն աջակցութեան միջոցաւ կ’իրականանան մեր ազգօգուտ կարեւոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը եւ մեր դէմ ցցուող յարափոփոխ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը:
Կրնամ վստահութեամբ հաստատել, թէ 2018-ը երկար պիտի յիշուի, հայութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար որպէս նշանակելի տարի, յատկապէս համաշխարհային քաղաքացիութեան ժամանակակից մեր նոր իրականութեան լոյսին տակ: 2019-ը կը դիմաւորենք Հայաստանի եւ Արցախի համար բարձր ակնկալութիւններով եւ յոյսերով, ապահովցնելով մեր բարերաները եւ անդամակցութիւնը, թէ կը շարունակենք հաստատ մնալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր մեր Ընդհանուր Միութեան յանձնառութեան մէջ:
Այդ ոգիով, ձեր բոլորին կը փոխանցենք խաղաղ, բարեբեր եւ օրհնաբեր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները:
Պերճ Սեդրակեան
Նախագահ