Նոր Յառաջ – 7-էն 9 Փետրուարի միջեւ Փարիզի մէջ գումարուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 90-րդ ընդհանուր ժողովը: Միութեան երկամեայ այս հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին բազմաթիւ երկիրներէ մեծ թիւով պատուիրակներ, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ 2016-էն ի վեր ՀԲԸՄ-ի տնօրէններու կեդրոնական խորհուրդի անդամ է:
Հինգշաբթի, 7 Փետրուարի առաւօտեան ՀԲԸՄ-ի՝ մայրաքաղաքիս Գուրսէլ փողոցի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 90-րդ ընդհանուր ժողովին, բացառաբար Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, շրջանային պատուիրակներու, ՀԲԸՄ-ի վարած ծրագրերու (յատկապէս երիտասարդ ուժերու) պատասխանատուներու եւ Միութեան անձնակազմին մասնակցութեամբ: Օրակարգին մաս կը կազմէին մտքերու փոխանակում, ծրագրերու ներկայացում, Միութեան հեռանկարներն ու անոր սպասող ռազմավարական կարեւորութեան փուլերը:
Նոյն օրը երեկոյեան Էյֆէլեան աշխատարակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:
Ուրբաթ, 8 Փետրուարի աշխատանքներուն համար, որոնք պիտի ունենային առաւելաբար խորհրդաժողովի մը բնոյթը, ընտրուած էր փարիզեան « Station F » կեդրոնը: Օրուան քննարկումներու առիւծի բաժինը կ՚իյնար ձեռնարկատիրութեան հարցերուն՝ նորարարութեան եւ խորհրդածութեան բնաբաններով: Նիստերը վարեցին միջազգայնօրէն ծանօթ եւ փորձառու ատենախօսներ:
8 Փետրուարի օրուան կարեւորագոյն հանգամանքներէն մէկն ալ, ինչպէս վերեւ ալ ըսինք՝ մասնակցութիւնն էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, որ դիմաւորուեցաւ յոտնկայս երկար ծափահարութիւններով։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի խօսքէն ետք՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան կուռ ելոյթ մը ունեցաւ, խորհրդածութիւններ ընելով արդի աշխարհի ընթացքին եւ գիտական ու փորձագիտական նորարարութիւններու լոյսին տակ՝ մօտաւոր ապագային հաւանական պատկերին եւ անոր պատրաստ ըլլալու հրամայականին մասին:
Նոյն օրը, երեկոյեան Փարիզի հեղինակաւոր «Վակրամ» սրահին մէջ,– գործակցութեամբ «Ազնաւուր հիմնարկ»-ին,– տեղի ունեցաւ Շառլ Ազնաւուրի թարմ յիշատակին նուիրուած շատ յուզիչ համերգ մը, որ նոյնպէս վայելեց ՀՀ նախագահի ներկայութեան պատիւը: ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն առընթեր այս երեկոյթին ներկայ գտնուեցան ֆրանսահայ համայնքի ընտրանին, Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներէ ծանօթ Հայեր եւ հիւրեր։
Շաբաթ, 9 Փետրուարի եզրափակիչ աշխատանքները տեղի ունեցան մայրաքաղաքի 7-րդ թաղամասի «Սէն-Տոմինիքի պարտէզներ»-ուն մէջ: Այս հաւաքը կը խորհրդանշէր բուն ընդհանուր ժողովը:
Նոյն օրը երեկոյեան, «Փավիյոն Լը Տուայէն»-ի մէջ, նոյնպէս ՀՀ նախագահին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած կալա-ընթրիքով վերջ գտաւ ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովը։