Յարգարան ներկայացուցիչներ ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբի
Յարգելի Տնօրէններ
Սիրելի ծնողներ եւ հիւրեր
«Մանուկներն ենք մենք հայ ազգի անոր լոյսն ապագայի»:Այս խօսքերը քիչ ետք պիտի լսէք մեր փոքրիկներուն երգերու ընդմէջէն:Այո իրենք են մեր լոյսն ու յոյսը եւ ինչու չէ մեր ապագայ ղեկավարները եւ առաջնորդները:
Այս է հայ դպրոցի առաքելութիւնը,հայ մանուկները դաստիարակել այս ուղղութեամբ եւ անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ ամուր քանդակել ազգասիրութիւն,հայրենասիրութիւն մեր ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը,սակայն այս բոլորին կողքին դաստիարակել ըլլալու իրենց ծննդավայրին պարկեշտ եւ օրինակելի քաղաքացիները:
2015թուականը ունեցաւ տարբեր բնոյթ եւ իմաստ,որովհետեւ ինչպէս բոլորիս ծանօթ է այս տարի մենք ազգովին շղեցինք մեր ազգին դէմ պատրաստուած եւ անգութօրէն իրագործուած աղէտին 100 ամեակը:Բայց այսօր մենք կը գոյատեւենք կանքուն ենք եւ պիտի մնանք եւ աշխարհին ապացուցենք թէ հայը ամենէն դժուար պարագաներուն դէմ հանդիման նոյնիսկ ունի ապրելու եւ պայգարելու կամք, ձգտում եւ կարողութիւն:
Մեր այսօրուան հանդէսը մենք կը ցօնենք եղեռնի անմեղ ցոհերուն յիշատակին:Թող այս բեմէն մեր փոքրիկներուն շուրթերէն արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք,երգ արտասանութիւն եւ նոյնիսկ պար ծաղկեփունջ ըլլայ անոնց անմառ յիշատակին:
Կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին սիրելի ծնողներ,որովհետեւ ձեր զաւակները առաջնորդելով հայկական վարժարան դուք ալ ձեր մասնակցութինը բերած կ՛ըլլաք մեր ազգային պայքարին եւ արդար պահանջատիրութեան:
Մեր բոլորին նշանաբանը ըլլայ «թող աշխարհն իմանայ հայը միշտ կայ ու կը մնայ»: