Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ Լիբանան), համագործակցեցաւ Գերմանիոյ Ցեղասպանագիտութեան Հետազօտական Կեդրոնին հետ՝ Լեփսիւս Հաուս Պոտսթամ, Արցախի մասին դասախօսական շարքով մը:
Առաջինքննարկումը կը վերաբերէր հակամարտութեան պատմութեան եւ թէ ինչպէս անցեալի յիշողութիւնը խորապէս ազդած է ներկայի իրականութեան վրայ:
Համաշխարհայնօրէն մասնակցութեամբ եղած քննարկումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, բաժնուած երկու մասերու, Միչիկընի Համալսարանէն Դոկտ. Մելանի Դանիէլեանի ղեկավարութեամբ:
ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Վարիչ- Տնօրէնուհի Օրդ. Արին Ղազարեան եւ Լեփսիւս Հաուսի Փոխ-Տնօրէն Դոկտ. Ռօյ Նօք ողջունեցին դասախօսները ու ներկայացուցին օրուան նախաձեռնութիւնը:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Միչիկըն Համալսարանի Պատմութեան եւ Քաղաքագիտութեան դասախօս Դոկտ. Ռօլանտ Սիւնին: Ան անդրադարձաւ Հայ-Ատրպէյճանական հակամարտութիւններու պատմութեան՝ սկսելով Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջա-
նէն: Ան հաստատեց որ Խորհրդային Միութեան անկումով է որ 1990– ական թուականներու հակամարտութիւնները վերածուեցան բռնութեան ու լայնածաւալ պատերազմի:
«Ղարաբաղեան վերջին պատերազմը, Խորհրդային Միութեան անհանգիստ պատմութեան վերջին զոհն է՝ անոր փլուզումին եւ ազգային քաղաքականութեան հետեւանքներուն, այն իմաստով որ այդ շարունակական լուծման մաս կը կազմէ Խորհրդային Միութիւնը» վիճեց Դոկտ. Սիւնին:
« Պատմութեան բեռը» ծանրաբեռնուած է երկու ազգերուն վրայ, քանի որ Հայերը եւ Ատրպէյճանցիները մաս կը կազմեն «Աւելի լայն Կովկասեան քաղաքականութեան մը»: Բացի այս բոլորէն, Հայերու եւ Ատրպէյճանցիներու հակամարտութիւնը կ՛արտացոլէ միջազգային իրաւունքին երկու մրցակցային սկզբունքները՝ ազգային ինքնորոշման տարածքային ամբողջականութեան միջեւ եղող հակասութիւնը:
Ազգային ինքնորոշման սկզբունքը կը նախընտրէ Հայերը, իսկ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Ատրպէյճանցիները:
Երկրորդ բանախօսը՝ Դոկտ. Տէյվիտ Լյուփոլտ, Leibniz-Zentrum Moderner Orient-ի յետ- Դոկտորական գիտաշխատողն էր: Ան քննարկեց երկու ժողովուրդներու հակամարտութեան յիշողութեան քաղաքականութիւնը եւ այն, թէ ինչպէս երկու կողմերու ցաւալի յիշողութիւնները կ՛ազդեն իրնց ներկային վրայ, միայն ընկալելու հարցով:
«Ղարաբաղեան Պատերազմին՝ երկու կողմերն ալ կը շրջանակէին երկու տարբեր յստակ ժամանակացոյցով մը: Աւելի ճիշդը ըսելու՝ Հայերն ու Ատրպէյճանցիները պատերազմի դաշտին վրայ կը կռուէին միմիանց հետ: Հայերը կը կռուէին հարիւր տարի առաջուայ ուրուականներուն հետ, իսկ Ատրպէյճանցիները դէմ հանդիման էին 1990-ական թուականներու ուրուականներուն հետ» շարունակեց Դոկտ. Լյուփոլտ:
Ան նշեց յիշողութեան քաղաքականութեան չորս ոլորտները՝ պատմել, լռեցնել, քարտէսագրել եւ վերանուանել: Ան աւելցուց որ ներկան անցեալի միջոցով պատմելը միշտ ընտրովի է եւ կառուցուած պատմական-քաղաքական փաստերը լռեցնելու եւ ճնշելու անոնց վրայ:
Սահմաններու քարտէսագրումը՝ գիւղերու, լեռներու եւ գետերու վերանուանումը նաեւ յիշողութեան քաղաքականութեան երեւոյթներէն են, որոնք յաղթական կողմին հնարաւորութիւններ կու տան ձեւաւորելու եւ իրենց պատմութեան հետքերը փոխելու:
Քննարկումէն ետք, հարց-պատասխանի ժամանակ տրամադրուեցաւ դիտողներուն: