Լիբանանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական զարգացումները անդամալուծած են երկրին առեւտրական, տնտեսական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլեւայլ գործունէութիւնները:
Մեկնելով այս մտահոգիչ իրավիճակէն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց ՀԵԸ-ի բոլոր սկաուտական շարժումներուն, վարչութիւններուն եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Գրասենեակին միջոցով բարեգործական ծառայութիւններու օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Կոչ կ’ուղղենք Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցիլ լիբանանահայութեան զօրավիգ կենալու մեր ճիգերուն:
Բոլոր ան հայորդիները որոնք կ’ուզեն օգտակար դառնալ, բարեհաճին հեռաձայնել ՀԵԸ-ի գրասենեակ հեռ: 04 523 043 կամ 81 366 074
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ