Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԵԸ-ի 32 վարչութիւններու երկու հարիւր յիսունէ աւելի անդամ-անդամուհիներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Ժողովը:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ի մասնաւորի ՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն: Ան նշեց, թէ վարչական ընդհանուր ժողովը անցնող տարուան գործունէութիւնը արժեւորելու առիթ մը ըլլալէ աւելի, ապագայի ծրագիրներ մշակելու,զանոնք նոր վճռակամութեամբ եւ եռանդով շարունակելու ուխտավայր մըն է Միութեան բոլոր միաւորներուն համար: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, մէկ առ մէկ գնահատեց սկաուտական, մարզական, մշակութային, երիտասարդական միաւորներուն աշխատանքը:
Վիգէն Չերչեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ անոր ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանին` ՀԵԸ-ի միջոցառումներուն անմնացորդ նուիրումով օժանդակելու համար: Ան միաժամանակ շնորհակալութեան խօսք յղեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակին:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր տիկին Սիլվա Լիպարիտեան ժողովին փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանի բարեմաղթութիւնները:
Ընդհանուր վարչական ժողովի առաջին բաժնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի վարչութիւնները գրաւոր եւ մեծ պաստառի վրայ տեսաերիզի օգնութեամբ ներկայացուցին անցնող տասներկու ամիսներուն իրենց գործունէութիւնը:
Խօսք առնողները յայտնապէս շեշտեցին իրենց ծրագիրներուն յաջողութեան մէջ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետեւողական ջանքերը:
Կարճ դադարէ եւ յիշատակի խմբանկարէն ետք, Ընդհանուր Վարչական Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, քննարկելուվ 2019 տարեշրջանի համար նախատեսուած ծրագիրները, իրենց մօտաւոր նախահաշիւներով: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում: Առաջարկութիւնները արձանագրուեցան, հետագայի համար, առ ի քննարկում:
Ընդհանուր վարչական ժողովը եզրափակուեցաւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական աշխատանքի կոչով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ