Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ՝ Յակոբ Ճըղլեան, Հայկ Եսայեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Անթիլիասի մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի մատուռին առջեւ: Արարողութեան մասնակցեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական կազմը ներկայացնող անդամ-անդամուհիներ:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներ, ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքարանի ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, Աշրեֆիյէ , ուր յանուն պատիրարքարանին տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան փոխանցեց օրուան պատգամը:
Նոյն պահուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ Յակոբ Քըղլեան եւ Հայկ Եսայեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներու ընկերակցուեամբ ծաղկեպսակ զետեղեցին Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:
Զահլէի մէջ, ՀԵԸ-ի Զահլէի տեղական վարչութեան ատենապետ Ժորժ Տէյրմենճեան, պատոիրակուեան մը գլխաւորութեամբ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ: