Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններուն, Լիբանանի Թեքուանտոյի ֆետերասիոնը հինգշաբթի երեկոյան « Օթել Լը Ռոյալ»ի մէջ գումարեց իր ընդհանուր անդամական ժողովը:
Տոթք. Հապիպ Զարիֆէի գլխաւորած ընթացաւարտ վարչութիւնը ներկայացուց իր գործունէութեան նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնի նոր կազմի ընտրութիւն:
Ի ներկայութիւն երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարոււթեան ներկայացուցիչ Մուհամմէտ Ուէյտաթի, քուէարկութեան մասնակցեցան ընտրելու իրաւունք ունեցող լիբանանեան 47 ակումբներէն 41-ը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ական Գարոլ Չալեան ստացաւ առաւելագոյն՝ 41 քուէները եւ դարձաւ ինը անդամներէ բաղկացած նորակազմ Թեքուանտոյի ֆետերասիոնի վարչութեան անդամ:
Ընդհանուր անդամական ժողովին, այլ հրաւիրեալներու կողքին ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենադպիր Շանթ Օհանեանը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեանը:
Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները Գարոլ Չալեանին: