Փայլուն եւ Արդիւնաւէտ տարեշրջանը, յիշատակելի խարուկահանդէսով մը փակելէ ետք, Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումը, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի շրջափակին մէջ, մեծ թիւով միութենականներու, ծնողներու եւ բարեկամներու ներկայութեան, որոնց մէջ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի տարբեր միաւորներու վարչութիւններ, SDL-ի եւ AEL-ի ներկայացուցիչներ հանդիսաւորապէս կատարեց նոր տարեշրջանի բացումը:
Հանդիսութեան նախորդեց սկաուտական խմբակային փոխանցումներու արարողութիւնը:
Թիթեռներէն՝ գայլիկական եւ արծուիկական խումբերը։
Գարլա Թոփուշեան,Սինթիա Գրիգորեան,Լիլիանա Մուրատեան,Տիվա Վահրատեան,Լիլա Մարաշլեան,Մարիանա Փանոսեան,Մապէլ Արմաղանեան,Կալիա Գույումճեան,Գէլի Գասապեան,Լէա Աւետիքեան,Քրիս Էլմայեան,Սեւակ Քէչէճեան,Էմանուէլ Թորոսեան,Յակոբ Պէյուքեան,Սեւիօ Թաուք,Ալեքս Տեկիրմենճեան,Պետրոս Ալթիպաքեան,Ծիրոն Մահտէսեան,Կարէն Գապաքեան,Ճոն Գուզունճեան,Նազօ Տէր Դաւիթեան,Բետրօ Թորքոմեան,Սիմոն Տոքմաքճեան:
Արծուիկներէն արենուշական խումբերը.
Քոյր Գալին Ճերդիտեան,Քոյր Սելին Ալթիպարմագեան,Քոյր Էլէնա Գրիգորեան, Քոյր Կրէյս Տիշաքճեան, Քոյր Ճիւլի Մախուլ, Քոյր Լիլա Չուխատարեան, Քոյր Մելանի Տէովլեթեան, Քոյր Մելոտի Սուէյտի, Նարէ Թաշճեան, Քոյր Սերլի Ճումճեան:
Արենուշներէն՝քառավելական խումբը։
Քոյր Նարինէ Էլմայեան, Քոյր Նաթալի Տարաքճեան, Քոյր Նանոր Կարապէտեան, Քոյր Լոռի Փօլաճեան, Քոյր Սելին Մատաղճեան, Քոյր Տէսիլ Մսրլեան, Քոյր Նաթալի Շէմեմեան, Քոյր Գարին Ճանիկեան, Քոյր Անայիս Տէօրտիւլեան, Քոյր Սելին Քէսմէեան, Քոյր Կարին Պաղսարեան, Քոյր Քրիսթինա Նալպանտեան, Քոյր Գարլա Փելթէքեան:
Գայլիկներէն՝ սկաուտական խումբերը:
Եղբայր Յակոբ Յովհաննէսեան,Եղբայր Սեւակ Փելթէքեան ,Եղբայր Մարիօ Պօյաճեան, Եղբայր Սերժ Ճումճեան, Եղբայր Սերճ Թաշճեան, Եղբայր Վահէ Պասմաճեան, Եղբայր Մանուէլ Դաւիթեան, Եղբայր Քրիս Գրիգոր, Եղբայր Փաուլօ Նալպանտեան, Եղբայր Սարգիս Նաճարեան,
Սկաուտներէն երէցական շարքերը։
Եղբայր Տէյվիտ Քէշիշեան, Եղբայր Վաչէ Չըլտըրեան, Եղբայր Ժան Յակոբեան, Եղբայր Հրակ Ներսէսեան, Եղբայր Զոհրապ Աբրահամեան, Եղբայր Ճիանի Ասատուրեան, Եղբայր Քրիս Աւետիքեան, Եղբայր Ռոյ Կէօքճեան, Եղբայր Էնտրու Գուզեան, Եղբայր Սագօ Միթիլեան:
Սկաուտական խմբակային փոխանցումները աւարտելէ ետք, մեկնարկեց 2019-2020 տարեշրջանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին գլխաւորութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԵԸ-ի եւ ՀԵԸ-ի փողերախումբի դրօշները բարձրացուցած դաշտ մուտք գործեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական շարժումի խումբերը, իրենց խմբապետներուն եւ փոխխմբապետներուն առաջնորդութեամբ:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Արեւ Սէֆէրեան (Արենուշներու փոխխմբապետուհի) բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի փոխատենապետուհի քոյր Մայտա Քիւրեճեան յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի աշխատանքներուն: AEL- ի քոմիսէր ժեներալ քոյր Փերուզ Թիւթիւնճեան բացատրեց տարուան աշխատանքներուն խորհուրդը եւ ընթացքը:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան արժեւորելէ ետք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի գործունէութիւնը, յայտնեց, թէ պիտի կեդրոնանայ երկու կէտերու վրայ.«Ի զուր չէ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հեռատես ղեկավարները ընտրած են Միութիւնը Զօրութիւն է կարգախօսը: Այո’, որովհետեւ հաւաքական աշխատանքին մէջ պահուած է յաջողութիւններու, յարատեւութեան եւ ապագային հասնելու գաղտնիքը: Հաւաքական աշխատանքով եւ միասնականութեան ոգիով է, որ պիտի յաղթահարէք ձեր դժուարութիւնները եւ հասնիք ձեր նպատակներուն:
Երկրորդ կէտը որ կը փափաքիմ շեշտել, ՀԲԸՄ-ը հիմնադրութեան առաջին պահէն մինչեւ օրս, ազգային, կրթական, մշակութային, տնտեսական, մարդասիրական բազմատեսակ գործունէութիւն կը ծաւալէ ոչ միայն Սփիւռքի մէջ այլեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի: ՀԲԸՄ-ը, ինչպէս ՀԵԸ-ը մնայուն ներկայութիւն դարձած են հայ ազգային կեանքին մէջ:
Մենք այս Մեծ Միութեան երիտասարդական բաժնի ժառանգորդներս, լաւապէս պարտինք իւրացնել ՀԲԸՄ- ի ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը: Ձեր սկաուտական հաւաքներուն, բանակումներուն եւ ակումբային միջոցառումներուն ընթացքին, ձեր սկաուտական յայտագիրներուն կողքին ծանրացէք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան նուաճումներուն վրայ, ծանօթացէք անոնց ազգային, հայրենական ծառայութիւններուն, կազմակերպչական գործունէութիւններուն, որպէսզի նորահաս սերունդը դաստիարակուի եւ զինուի մեր անմահ հիմնադիրներուն գաղափարախօսութեամբ». Իր խօսքը աւարտելով ողջոյնի ջերմ խօսքեր ուղղեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղի Գործադիր Մարմինի ատենապետին եւ անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի ընդհանուր խմբապետին եւ խմբապետական կազմի բոլոր անդամներուն, թիթեռներուն, արծուիկներուն, գայլիկներուն, սկաուտներուն, արենուշներուն, քառավելներուն, երէցներուն, սկաուտական ծնողական վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր միութենականներուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ եղբայր Եղիկ Աւետիքեան յայտնեց .« Այս տարի քանի մը քայլ առջեւ երթալով, մեր աշխատանքներուն թիրախը պիտի ըլլայ՝ միասնաբար, մէկ տանիքի տակ, աւելի գեղեցկացնել, կազմակերպել մեր տունը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս այս տարուան աշխատանքներուն բնաբանը ընտրած է « Միասին կառուցենք մեր տունը»: Այս կարգախօսը պիտի ըլլայ բոլորիս ուղեցոյցը, բոլոր անդամ-անդամուհիները ակումբը պիտի զգան իրենց հարազատ տունը՝ քոյրերու եւ եղբայրներու անմիջական հոգատարութեան տակ:
Սիրելի ծնողներ ձեր հարազատ տունն է այս ակումբը: Ծնողք, զաւակ, միութիւն եւ ակումբ մէկ ամբողջականութիւն եւ հաւաքականութիւն կը կազմենք միասին:
Իմ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խմբապետական կազմին անունով՝ Մենք Պատրաստ ենք Ծառայելու Մեր Լաւագոյնը ». ըսաւ ան:
SDL-ի Լեռնալիբանանի թիւ 2 գօտիի քոմիսէր Ռամզի Ռէյէս փոխանցեց SDL-ի խօսքը: Երէցական փոխխմբապետ Սեւակ Հաճեքեան արաբերէնով փոխանցեց մասնաճիւղին խօսքը:
Ապա տեղի ունեցան խմբապետական փոխանցումները.
Եղբայր Վիգէն Չերչեան, եղբայր Գրիգոր Քէշիշեան, AEL-ի ժեներալ քոմիսէր Փերուզ Թիւթիւնճեան, SDL-ի քոմիսէրներ Զիատ Շաքեր եւ Ռամզի Ռէյէս, քոյր Մայտա Քիւրեճեան եւ քոյր Թալին Ինքնատիոսեան հրաւիրուեցան ընդունելու փոխանցումները։
Ընդհանուր Փոխխմբապետութեան պաշտօնը ստանձնեց եղբայր Սերժ Գոճապապեանը:
Ընդհանուր Փոխխմբապետութեան եւ ընդհանուր խումբի հաշուապահութեան պաշտօնը ստանձնեց քոյր Լէա Ինքնատոսեանը։
Եղբայր Մանուէլ Տաքէսեան ստանձնեց սկաուտական խումբի խմբապետութեան պաշտօնը։
Արենուշական խումբի խմբապետութեան պաշտօնը ստանձնեց քոյր Կասիա Պօյաճեանը։
Գայլիկական խումբի աքելլայի պաշտօնը ստանձնեց քոյր Գարինա Թոքաճեանը։
Արծուիկական խումբի խմբապետութեան պաշտօնը ստանձնեց քոյր Հերա Մազլումեանը։
Փոխխմբապետական փոխանցումներ.
Կարպիս Սերչեան՝ երէցական փոխխմբապետ:
Քոյր Լիանա Մելգոնեան՝ քառավելներու փոխխմբապետուհի:
Եղբ․ Ռաֆֆի Ճերճեան եւ եղբ․ Քրիս Պօյաճեան՝ սկաուտական փոխխմբապետ :
Արենուշական փոխխմբապետ քոյր Քէյթ Կարապետեան:
Քոյր Մարիպէլ Մուրատեան՝ գայլիկական փոխխմբապետ:
Քոյր Գարին Տիշչէքէնեան՝ արծուիկական փոխխմբապետ:
Իսկ խումբերու օգնական կը նշանակուեցան
Քոյրեր Նաթալի Տարաքճեան եւ Նարին Էլմայան՝ թիթեռական խումբին,
Քոյրեր Նանոր Կարապետեան եւ Սելին Քէսմէյան՝ արենուշական խումբին
եղբայր Զոհրապ Աբրահամեան՝ սկաուտական խումբին
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի 2019 թուականի ամառնային բանակումին իւրաքանչիւր խումբ ունեցաւ իր տիպար անդամը։ Անոնք տարեկան մեծ բանակումին ընթացքին ցուցաբերած էին սկաուտական բարձր ոգի եւ օրինակելի կեցուածք։
Երէցներէն՝ Ալեքս Ազարէն
Քարավելներէն՝ Սարին Շիմշիրեան
Սկաուտներէն՝ Մարգօ Նալպանտեան
Արենուշներէն՝ Լէա Աւագեան
Գայլիկներէն՝ Արթիւր Ապաճեան
Արծուիկներէն՝ Թամի Արսլանեան
Թիթեռներէն՝ Կարէն Գապագեան
Հանդիսութեան աւարտին Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեան պահպանիչով օրհենց ՀԵԸ անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական նոր տարեշրջանը:
Ապա ներկաները վայելեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտակն ծնողաց վարչութեան պատրաստած հիւրասիրութիւնը:
Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն: