Յարգելի հայրենակիցներ,
Ուրախութիւնն ունինք յայտնելու, թէ Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր եւ Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր (կալա), 2018-ին, ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու Պալատին մէջ լիբանանահայութեան պիտի ներկայանայ տարեկան նոր ելոյթով՝ «Բոլոր Անոնց…»:
Պարախումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Գայիանէ Մածունեան:
Տոմսերը ապահովել «Արին» պարախումբի վարչութեան անդամներէն եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Գրասենեակէն, Նաքքաշ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ 04-523043 կամ 81-374074 համարներուն: