4 Օգոստոս 2020-ը տխուր թուական մը պիտի մնայ Լիբանանի պատմութեան մէջ: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը խլեց մեծ թիւով զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ: Պայթումին հետեւանքով հարիւր հազարաւոր մարդիկ մնացին անօթեւան: Քանդուեցան բնակարաններ, հաստատութիւններ, կառոյցներ, ինքնաշարժներ: Մեծ էր աղէտին պատճառած վնասը:Բարեբախտաբար, լիբանանցիները ինչպէս միշտ, կը մնան՝ լաւատես: Պայթումին յաջորդ օրը իւրաքանչիւր քաղաքացի, հաւաքականութիւն, կառոյց վերսկսաւ աւերուածութեան հետքերը մաքրելու ծանր աշխատանքին: Լիբանանի հասարակութեան օժանդակելու միշտ պատրաստ ՀԲԸՄ- Հայ Եիրտասարդաց Ընկերակցութեան սկաուտական զոյգ շարժումները՝ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան արդէն երրորդ օրն ըլլալով հայաբնակ թաղամասերու մէջ «Dafa» կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, կամաւորապէս կ’աջակցին իրենց հայրենակիցներուն օգնութեան աշխատանքներուն: