Հայաստանի բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս, հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղը հաստատուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու (ՖԻՒՆԻԼ) իտալական զօրանոցին մէջ ծառայող հայ խաղաղապահ ուժերը նշեցին հայկական բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակը:
Հանդիսութեան մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) սկաուտական շարժումը՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղերու միացեալ կազմ մը, ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական 5-րդ ջոկատի հրամանատար հարիւրապետ Կարէն Աթոյեան ողջունեց դեսպան Մկրտչեանը , ապա շնորհաւորեց ներկաները հայկական բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան բարձր գնահատեց ՖԻՒՆԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը, անոր մէջ ծառայող հայկական զօրագունդը, ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան: Ան յատուկ շնորհաւորեց հայկական զօրախումբի անդամները՝ մաղթելով կորով եւ յարատեւութիւն: Դեսպան Մկրտչեան այս առիթով գնահատագիր, շնորհակալագիր եւ պարգեւներ յանձնեց զօրանոցի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուկօ Չելլոյին, հարիւրապետ Կարէն Աթոյեանին, ՖԻՒՆԻԼ-ի, լիբանանեան բանակի եւ հայկական զօրագունդի զօրավարներու,ենթասպաներու եւ յիսնապետներու:
Ապա ընթերցուեցաւ հայկական խաղաղապահ ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Արթուր Սիմոնեանի ողջոյնի խօսքը:
ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժում անդամ-անդամուհիները սկաուտական «ֆուլար»ներ նուիրեցին հայկական զօրագունդի ծառայողներուն:
Հայկական բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին տեսաերիզ մը: Ապա տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ճաշերու հիւրասիրութիւն: Ներկաները երգեցին ազգային երգեր: Մթնոլորտը աւելի խանդավառեց ՀԵԸ-ի սկաուտական կազմը՝ խմբապետութիւն, երէցներ եւ քառաւելներ: Անոնք ներկայացուցին բուրգ-պարը, արժանանալով բոլորին քաջալերանքին եւ գնահատանքին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ