ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, 22 Մարտէն սկսեալ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ, անգլիացի թատերագիր Մայքըլ Գունիի «Ակամայ Ստախօսը» կատակերգութիւնը, թարգմանութեամբ եւ բեմադրութեամբ՝ Յարութ Գնդունիի։
Թատերախաղին մէջ դերեր վերցուցած են ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի փորձառու եւ նոր դերասան-դերասանուհիներ՝ Յարութ Թորոսեանը, Յարութ Մանուկեանը, Եղիկ Աւետիքեանը, Հուրի Պապահէքեանը, Դանիէլ Քէօրօղլեանը, Վիգէն Քէօշկէրեանը, Ցոլին Գարճիգեանը, Արմէն Մաճառեանը, Կարինէ Ներսէսեանը և Մարիանա Մկրտիչեանը։
Յիշեցնենք, թէ ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը հիմնուած է 1959-ին։ 2019-ը տարին կը նշանաւորուի թատերախումբի հիմնադրութեան 60-ամեակով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ