Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի « Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ, ի ներկայութիւն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին Աքրամ ալ Հալապիի եւ անդամներուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի խումբերու, 23 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն պաշտօնական բացումը:
ՀԵԸ Անդրանիկի 23 տարեկանէն վար տղոց խումբը՝ 74-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութ Գլապը: Մրցումը առաջին վայրկեանէն մինչեւ աւարտը ընթացաւ մեր տղոց տիրապետութեամբ:
ՀԵԸ Անդրանիկ յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Մութահիտի դէմ, Թրիփոլիի մէջ: