ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի աղջկանց խումբը մասնակցեցաւ Պլու Սթար խումբին կազմակերպած պասքեթպոլի բարեկամական մրցաշարքին:
Մրցաշարքին մասնակցեցան երրորդ դասակարգի պատկանող վեց խումբեր: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 29 եւ Կիրակի 1 Մարտ 2020-ին, Վերտէօնի մարզադաշտին մէջ, օրական երկու հանդիպում: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս կատարեց չորս մրցում, արձանագրեց չորս յաղթանակ եւ շահեցաւ մրցաշարքին բաժակը:
Առաջին մրցումին մեր աղջիկները՝ 66-29 արդիւնքով յաղթեցին Պասաթինին: Երկրորդ մրցումին՝ 78-45 յաղթեցին Զղորթային: Կիսաւարտականին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս՝ 56-36 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անիպալ Զահլէն: Աւարտական մրցումին՝ 62-30 արդիւնքով յաղթեց Պլու Սթարին:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ոչ միայն շահեցաւ մրցաշարքին բաժակը, այլեւ բոլոր անհատական մրցանակները: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խաղացողներէն Էլիզ Խուրի ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզուհին:
Այս յաղթանակին առիթով կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խումբին մարզիչ Յարութ Գուզուճեանը եւ վարչական պատասխանատու Նայիրի Սուէյտը, իրենց հետեւողական եւ նուիրական աշխատանքին համար:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ