Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, Յուլիս ամսուան 9-էն 19-ի միջեւ, Մոն լա Սալի մէջ տեղի ունեցան փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ՀԵԸ Անդրանիկ երկու տարբեր ներկայացուցչական խումբերով մասնակցեցաւ ախոյեանութեան՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան 12 խումբեր:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ կատարած 11 մրցումներէն 9-ը աւարտեց յաղթանակով: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս արձանագրեց 5 յաղթանակ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ գրաւեց ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս՝ 8-րդ:
Ստորեւ ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը
1-Ժընուպ Թուլ
2-Ահլի Սայտա
3-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ
4-Լիբանանեան Բանակ
5-Ղատիր Ճըպշիթ
6-ՀՄԸՄ Պէյրութ
7- Լիուա Սայտա
8- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս
9- Ռիյատի Պէյրութ
10-Մոն լա Սալ
11- Տար էլ Նուր
12- Պարաաեմ Նապաթիյէ
Շնորհիւ արձանագրած փայլուն արդիւնքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ պիտի մասնակցի փինկ փոնկի արաբական ակումբներու ախոյեանութեան:
Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ փինկ փոնկի կազմերուն գլխաւոր մարզիչն է Սահակ Պիտինեանը:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկները, գլխաւոր մարզիչը այս յաջողութիւններուն առիթով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ