Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին աւարտեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի գօտիի մրցումները: ՀԵԸ Անդրանիկի կազմը՝ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւող Տինամօ Պէյրութէն եւ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը, արձանագրելով մէկ յաղթանակ, երկու հաւասարութիւն եւ երկու պարտութիւն:
Ախոյեանութեան տիտղոսը շահեցաւ Տինամօ Պէյրութը: Շաալէթ Իսլահ Պէյրութ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Վերջին դիրքը գրաւող Մազրաան, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի Ե. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Տինամօ Պէյրութ եւ Շաալէթ Իսլահ Պէյրութ պիտի մասնակցին Գ. դասակարգ բարձրանալու զտման մրցումներուն: