Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան չորրորդ փուլի մրցումներուն, Կիրակի, 23 Մայիս 2021-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ՝ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շաալաթ ալ Իսլահը: ՀԵԸ Անդրանիկ չորս մրցումներէ ետք տասը կէտով կը գլխաւորէ ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը: ՀԵԸ Անդրանիկի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Հուփսը:
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկի մարզիկներուն, մարզչական կազմին եւ վարչական պատասխանատուներուն: