Լիբանանի մինի ֆութպոլի բաժակի մրցումներուն գծով, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկի կազմը՝ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփայտըրը եւ հասաւ քառորդ աւարտականի փուլը:
ՀԵԸ Անդրանիկի մրցակիցը յաջորդ հանգրուանին պիտի ըլլայ Էմըն էլ Տեխիլիի խումբը: Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2019-ին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկի մինի-ֆութպոլի խումբին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ