ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ -2020
24-31 Յունուար 2020-ին, Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիա տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի 12-էն 15 տարեկաններու (քատեթ) մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ այդ մարզակարգի Լիբանանի ախոյեանուհի ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհի Թալիա Ազարը:
Թալիա Ազար՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր խմբակի բոլոր եօթ մրցակիցները եւ շահեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան տիտղոսը: Շնորհիւ այս յաջողութեան, Թալիա Ազար պիտի մասնակցի Ասիոյ ախոյեանութեան եզրափակիչ մրցումներուն: