ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղաքի յաղթանակով աւարտեցին Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. Դասակարգի ախոյեանութեան խմբային հանգրուանի (Ֆայնըլ Էյթ) վերջին մրցումը, երբ՝ 72-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Անիպալ Զահլէն, այս վերջնոյն դաշտին մէջ, Զահլէ: Շնորհիւ յաջորդական յաղթանակներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ հասաւ Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. Դասակարգի ախոյեանութեան Ոսկէ Քառեակ՝ «Ֆայնըլ Ֆոր» հանգրուանը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղաքը, խմբային հանգրուանին կատարեցին վեց մրցում, արձանագրելով վեց յաղթանակ: Նշենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ նախապէս առաջին դիրքի վրայ աւարտած էր Լիբանանի Բ. Դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
«Ֆայնըլ ֆոր»ին ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Աթլասը: Զոյգ խումբերուն միջեւ առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ կը վայելէ «Հոմ Գորթ»ի առաւելութիւն, նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան եւ «Ֆայնըլ Էյթ»ի մրցումներէն ետք միանձնեայ կը գլխաւորէ Բ.դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորումը:
Յաջողութիւն ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիկներուն եւ մարզչական կազմին:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ