ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ յաղթանակով սկսաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի 2018-19 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները:
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, բացման առաջին օրուան մրցումներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները՝ 72-33 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Էներժին: Մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մարզադաշտին մէջ եւ առաջին իսկ պահէն ընթացաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի առաւելութեամբ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզուհիներէն Ճինքա նշանակեց 13 կէտ, (11 ռիպաունտ եւ 13 ասիսթ, 7 սթիլ եւ 5 պլոք):