ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջկանց կազմը յաղթանակով սկսաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը՝ 67-50 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մըթայլէպը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պըրժ Այնթուրա մարզադաշտին մէջ:
Մրցումը ազդանշանէն մինչեւ աւարտը ընթացաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկներուն տիրապետութեամբ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Ժորժ Տաղերը: Ան գորոնա ժահրով վարակուած ըլլալուն պատճառով, զինք ժամանակաւոր փոխարինած է Ժորժ Աքիքին: Խումբերուն վարչական պատասխանատուն է Թոնի Ճունթոյեանը:
Կ’արժէ նշել, որ ՀԵԸ Անդրանիկ երկու կազմերով կը մասնակցի Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի մրցումներուն՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը կը նկատուի մեր ներկայացուցչական կազմը, իսկ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլը կը ներկայացնէ ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի ակադեմիայի 15-18 տարեկան մարզուհիներու ընտրանին: Այսպիսով անոնք մասնակցելով Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն,փորձառութիւն ձեռք կը բերեն եւ յառաջիկային աւելի փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրեն տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն:
ՀԵԸ Անդրանիկ միակ ակումբն է, որ երկու կազմերով կը մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի մրցումներուն: