Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ՝ 71-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ալ Շիրաա ալ Պուարը: Շնորհիւ այս յաղթանակին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ հասաւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ Ֆոր» հանգրուանին, միաժամանակ ապահովեց յառաջիկայ տարեշրջանին Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելու ուղեգիր:
Յատկանշական է, որ ՀԵԸ Անդրանիկ յառաջիկայ մարզական տարեշրջանին, երկու տարբեր կազմերով պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ:
Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի մարզիկներուն, մարզչական կազմին, պատասխանատուներուն եւ համակիրներուն:
AGBU –AYA Antranik Sin el Fil reached the Final Four stage of the Lebanese men’s 3rd division basketball championship, after beating Al Shiraa al Bouar by a score of 71-62. Our boys also won an automatic promotion to the second division.
It’s interesting to know, that in the coming season, AYA Antranik shall participate with two different teams in the Lebanese second division championship, AYA Antranik Beirut and AYA Antranik Sin el Fil. A unique achievement.
Well Done Boys!