Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ սկաուտական Շարժումը փառապանծ շաբաթավերջ մը բոլորեց: Արդարեւ, Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ երկու տարբեր վայրերու մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներուն զոյգ խարուկահանդէսները պսակուեցան կազմակերպչական, քարոզչական եւ համազգային փայլուն յաղթանակներով:
Զոյգ խարուկահանդէսները եկան ապացուցելու, թէ լիբանանահայութիւնը յատկապէս եւ Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը՝ ի մասնաւորին, յանձնառու կը մնան հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման առաքելութեան:
Խարուկահանդէսները սկաուտական գիտելիքներու արտայայտութեան, տարուան մը տքնաջան աշխատանքներու արգասիք չէին լոկ, այլ՝ հայրենասիրութեան, Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու ամրապնդման, հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական արժէքներու պահպանութեան, առողջ սերունդներու դաստիարակութեան արտայայտութիւն:
Սովորական արարողութիւններ չէին Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի եւ Հ.Ե.Ը -Անդրանիկ Անթիլիասի խարուկահանդէսները : Հ.Բ.Ը.Մ. -Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան դրօշին տակ, թիթեռներու, արծուիկներու, գայլիկներու, արենոյշներու, սկաուտներու, քառավելներու, երէցներու ելոյթները, արտասանած խօսքերը, ասմունքն ու պարերը, կենդանի ապացոյց են, թէ Հայու Ոգին վառ կը մնայ սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ, պայքարի կորով եւ վստահութիւն ներշնչելով ոչ միայն Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքին, այլեւ՝ համայն հայութեան:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ՝ ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ԵՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՈՒԽՏԸ
Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, հոծ բազմութիւն մը «խուժած» էր Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի Այրունի բանակավայրը: Այնտեղ էին, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, մեծ թիւով հիւրեր, Հ.Ե.Ը-Անթիլիաս Գործադիր Մարմինի, ծնողաց վարչութեան անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, Հ.Ե.Ը-ի զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ: Բանակավայրի մուտքէն արդէն անկարելի էր չտեսնել Սկաուտական Շարժումի պատրաստած կայմը, որուն վրայ կը ծածանէին Հայաստանի, Լիբանանի, Հ.Ե.Ը.-ի ,« Սքութ Տիւ Լիպան»ի եւ «A.E. L»ի դրօշները:
Ուղիղ ժամը եօթին, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ փողերախումբը, գեղարուեստական ղեկավար Կարօ Կէօքէօզեանի գլխաւորութեամբ մուտք գործեց խարուկահանդէսի վայրը: Անոր յաջորդեց Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումի բոլոր միաւորներուն մուտքը: Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Անդրանիկ Անթիլիաս Շարժումի ընդհանուր խմբապետ եղբայր Էտի Թորամանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը – Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայր Վաչէ Աւետիքեանը փոխանցելու օրուան խօսքը: Վաչէ Աւետիքեան մէկ առ մէկ շնորհաւորեց Սկաուտական ընտանիքի բոլոր անդամները: Ան բարձր գնահատեց Ծնողաց Վարչութեան եւ բոլոր այն կամաւորներուն շնորհակալ աշխատանքը, որոնք նպաստեցին բանակումին յաջողութեան: Վաչէ Աւետիքեան շեշտեց, թէ Հ.Ե.Ը.-Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումը պիտի մնայ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան օրրան:
Ապա Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան հայերէն եւ Արաբերէն լեզուներով փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տհուր Շուէյրի եւ Այրունի քաղաքապետութիւններուն՝ բանակավայրը սիրայօժար տրամադրելու առիթով, ինչպէս նաեւ «Սքութ Տիւ Լիպան»ի եւ «A.E.L»ի ղեկավարութեան: Ապա ան շեշտեց հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ուղղութեամբ Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումին երախտաւոր աշխատանքը, ընդգծելով, որ Հ.ԵԸ -Սկաուտական Շարժումը հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման դարբնոց մըն է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Եղբայր Վիգէն Չերչեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումի բոլոր միաւորներուն եւ կոչ ուղղեց հաւաքական կամքով եւ միասնականօրէն շարունակելու միութեան առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները:
Եղբայր Վիգէն Չերչեան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Վարչութեան՝ Հ.Ե.Ը.-ին մատուցած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար:
Իր խօսքի աւարտին, եղբայր Չերչեան յայտարարեց, թէ գնահատելով Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումին աշխատանքը, Տեմիրճեան Կեդրոնի Մենէյճմընթը եւ ի մասնաւորի տիկին Սեդա Տեմիրճեան տասը հազար տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած են Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սկաուտական երկու մասնաճիւղերուն եւ փողերախումբին:
Հանդիսաւոր խօսքերէն ետք,ՀԵԸ-Անդրանիկ Անթիլիասի Ծնողաց վարչութեան անդամները հրաւիրուեցան վարելու խարոյկը: Խարոյկի ճարճատող կրակին զուգահեռ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր՝ պար, արտասանութիւն, «սքեչ»ներ, երգ: Գեղարուսետական յայտագիրի ընթացքին, ներկաները մեծ պաստառի վրայ կը դիտէին համապատասխան խմբակներու գործունէութեան վերաբերեալ դրուագներ:
Այս ուրախ մթնոլորտին տակ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Օրուան վերջաւորութեան Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Անթիլիաս Սկաուտական Շարժումի բոլոր անդամները «Հրաժեշտի Երգ»ով աւարտած յայտարարեցին խարուկահանդէսի երեկոն, յառաջիկայ տարի հանդիպելու մաղթանքով:
The Campfire ceremony of the AGBU-AYA Antranik-Antelias Scouts Movement was held on Saturday August 29, 2015 in the Airoun Campsite at 7:00 PM.
More than 300 members of the AYA Antelias Scouts Movement including the Scouts leadership, butterflies, brownies, cubs, boy and girl scouts, caravelles and rovers enthusiastically prepared the Campfire ceremony program which was the closing event of the 2014-2015 summer camp. Dances, songs, poetry and sketches were presented by the various units of the Antelias Scouts Movement.
The Campfire Ceremony was attended by the AYA Central Committee chairman and members, AYA Antranik-Antelias Executive Committee chairman and members, the various AYA committee members and a large number of parents and friends.
The participant scout groups who marched towards the campfire place were headed by the AYA Marching Band conducted by Garo Geukgeuzian who performed the Lebanese, Armenian, AGBU and AYA anthems. The attendees were welcomed by the Antranik-Antelias Scouts Movement group leader Eddy Toramanian. Then, Antranik-Antelias Executive Chairman and Central Committee member Vatche Avedikian congratulated the Antelias Scouts Movement for its achievements and hard work during the 2014-2015 scouts season.
This was followed by the speech of the AYA Central Committee Chairman Vicken Tchertchian who expressed his gratitude to the contributors in the success of this camping. He also stressed on the importance of the preservation of the Armenian identity and values.
Finally, the ceremony was closed by the scouts’ traditional farewell song.
More photos will be uploaded soon.