Ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու անդամ -անդամուհիներուն, Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, ժամը 9.30-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ՝ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան կատարեց տարեկան Ընդհանուր Համագումարին բացումը: Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, Վիգէն Չերչեան յայտնեց, թէ հաւաքական ուժը եւ միասնականութիւնը եղած են ՀԵԸ-ի հոմանիշները.« Համագործակցութեան ոգիով եւ միասնական ճիգերով պիտի հասնինք մեր նպատակներուն եւ ծրագիրներուն յաջողութեան»–ըսաւ ան, գնահատանքի խօսք ուղղելով վարչութիւններուն եւ խմբապետական կազմերուն մէջ ներգրաւուած անդամ-անդամուհիներուն, պատասխանատուներուն, որոնք դժուար պայմաններու տակ կը շարունակեն միութենական սերունդներ դաստիարակել՝ հայ երիտասարդին տալով ազգային ինքնութիւն: Ան, արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց Համագումարին: Ներկաները մեծ պաստառի վրայ հետաքրքրութեամբ ըմբոշխնեցին հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր ափերու վրայ ՀԲԸՄ-ի ծաւալած ազգաշէն ծառայութիւնները խտացնող տեսաերիզ մը: Խանդավառ այս մթնոլորտին յաջորդեց մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու տեղեկագիրներու ընթերցումը: Հերթաբար խօսք առին ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերը եւ վարչութիւնները ներկայացնող 26 զեկուցաբերներ: Միութենական խղճամտութեամբ պատրաստուած տեղեկագիրները կ’արտացոլացնէին ՀԵԸ-ի անցնող տարուան գործունէութիւնը: Զեկոյցներուն զուգահեռ, ներկաները դիտեցին վարչութիւններուն տարեկան աշխատանքը խտացնող տեսաերիզներ : Խօսք առնողները անխտիր, գնահատեցին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անմիջական հոգատարութեան տակ հաւաքական աշխատանքի ոգին:
Համագումարին երկրորդ բաժնին մէջ վարչութիւնները ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան իրենց ծրագիրները: Անոնք ներկայացան նոր առաջարկներով: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բացատրեց 2016 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄիութեան ծրագիրները ( AGBU Youth Programmes In Armenia ): Այս մասին տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք, յաւելեալ լուսաբանութեան նպատակով բաշխուեցան լրացուցիչ թղթիկներ, աւելի համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցելու նախատեսուած ծրագիրներուն եւ մասնակցութեան պայմաններուն շուրջ: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ տարին յոբելենական ըլլալով, ՀԲԸՄ- հիմնադրութեան՝ 110, ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան՝ 85, ՀԵԸ-ի Սկաուտական Շարժումի հիմնադրութեան՝ 80 , ՀԵԸ-ի համալսարանականներու հիմնադրութեան՝ 75-րդ տարեդարձները, Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի կազմէ յոբելենական մարմին, միջոցառումները պատշաճ եւ արժանավայել կազմակերպելու նպատակով:
Համագումարի աւարտին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ բարձր գնահատեց վարչութիւններուն կատարած աշխատանքը, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: Համագումարը փակուեցաւ ազգային, միութենական ծառայութեան վերանորոգ ուխտով եւ յանձնառութեամբ: