Տարուան ընթացքին եւ յատկապէս Նոյեմբեր ամսուան մէջ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին փայլուն ելոյթներուն լոյսին տակ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ի երկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ «Գնահատանքի Երեկոյ» մը կազմակերպեց ի պատիւ պարախումբին անդամ-անդամուհիներուն եւ անոր ժրաջան վարչութեան:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի տիկնանց վարչութիւնը:
Միութենական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, «Արին» պարախումբի վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեան, պարախումբի նախկին գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայիանէ Մածունեան իրենց սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեցին Նոյեմբեր ամսուան պարախումբին հրաշալի ելոյթը եւ անհատապէս շնորհաւորեցին պարախումբին անդամ-անդամուհիները, որոնք հաւատքով եւ համոզումով իրենց ժամանակը սիրայօժարօրէն կը տրամադրեն պարախումբին միջոցով ծառայելով հայ մշակոյթին: Անոնք նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին:
Բարեմաղթանքներ ուղղուեցան նաեւ պարախումբի նոր պարուսոյց Անի Կոստանեանին, որուն ներկայութիւնը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները, ինչպէս նաեւ պարախումբին վերելքին սատարող բոլոր անհատներուն եւ կառոյցներուն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ