ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Չորեքշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան *ՀԵՀՈՄ( Վարչութեան, որուն կ՛ընկերնային միութեան նախկին հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան եւ ներկայ հոգեւոր խորհրդատուª Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան:
Անդրադառնալով ՀԵՀՈՄ-ի 50-ամեակին, Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց այդ առիթով տեղի ունեցած հանդիսութիւնն ու ճաշկերոյթը, եւ շեշտեց ՀԵՀՈՄ–ը վերակազմակերպելու հրամայականը: Վեհափառը ըսաւ. ՙբնականաբար պայմանները փոխուած են, մտահոգութիւնները տարբեր են, մարտահրաւէրները այլազան են ու բազմազանª համալսարանական ուսանողներուն դիմաց: Այս կացութիւնը կը հրաւիրէ ՀԵՀՈՄ–ը վերարժեւորումի ու վերածրագրումի ենթարկելու իր գործունէութիւնը: Նո՛յնը պէտք է կատարեն մեր բոլոր երիտասարդական միութիւնները՚:
Անդրադառալով Լիբանանի համալսարանները յաճախող Հայ ուսանողներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՄեզի հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, շուրջ երկու հազար եւ թերեւս աւելի Հայ ուսանողներ կը յաճախեն համալսարաններ: Անոնց միայն մէկ երրորդը կապուած է մեր երիտասարդական միութիւններուն. ո|ւր են միւսները, ինչո|ւ հեռու են մեր միութիւններէն: Մեր երիտասարդները պէտք է մասնակից դառնան մեր կեանքին: Դիտողի անտարբեր դերին մէջ պէտք չէ ըլլան՚: Ապա Վեհափառը թելադրեց ՀԵՀՈՄ–ի Վարչութեան յատուկ աշխատանք տանիլ մօտենալու համալսարանական երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք մասնակից դառնան Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, ՙիրենց ստացած գիտութեան կողքին լեցուելու ու կազմաւորուելու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու իտէալներով՚ :