Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարյանն ու Լոնտոնի Արսենալը հասած են ամբողջական համաձայնութեան եւ շուտով պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Մանչեսթըր Եունայթըտէն Հենրիկի փոխացումը:
Շաբաթ, 20 Յունուարին, Մխիթարեանի իտալացի գործակալ Մինօ Ռայոլան Արսենալի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է փոխանցման հետ կապուած վերջին մանրամասնութիւնները եւ կը սպասուի, որ հայ ֆութպոլիստը բժշկական քննութեան ենթարկուի եւ միանայ լոնտոնեան ակումբին: